Սուրբ Աթոռը եւ Խաղաղութեան համար յանձնառութիւնը. կրօնի դերը աշխարհաքաղաքական երկխօսութեան մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ ամուր յանձնառութիւն դրսեւորել ազգերու միջեւ խաղաղութեան, արդարութեան եւ համերաշխութեան համար», քաջալերական այս խօսքերով արտայայտուեցաւ Վատիկանի Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերպ. Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր վերջերս Հունգարիա կատարած այցելութեան ժամանակ։
Ի տես աշխարհի մէջ բռնկուած բազմաթիւ հակամարտութիւններո, ինչպէս Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ պատերազմը, Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ լարուածութիւնները, գերապայծառ Կալլակեր ընդգծեց կրօններուն կարեւոր դերը ժամանակակից աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներու մէջ։
Հունգարիոյ դեսպաններուն տարեկան ընդհանուր ժողովին ընթացքին, արք Կալլակեր նշեց, որ խաղաղութիւնը ըստ Կաթողիկէ տեսլականին, ոչ միայն քաղաքական անհրաժեշտութիւն է, կամ ալ պատերազմի պակասութիւն, այլ բարոյական պարտականութիւն է եւ աստուածային կամքին արտացոլում, ըսաւ Վատիկանի դիւանագէտը շեշտելով որ խաղաղութիւնը՝ դիտուած որպէս Աստուծոյ կամքը կ՝իրականանայ մարդկային համագործակցութեան եւ աստուածային շնորհքի միջոցաւ , որ կ՝ենթադրէ անհատներու, հասարակութիւններուն եւ ազգերու միջեւ խոր հաշտութիւն։
Արք. Կալլակեր իր ելոյթին մէջ ընդգծեց միջ կրօնական երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը մատնանշելով, որ ճշմարտութեան, արդարութեան, եղբայրսիրութեան եւ ազատութեան արժէքները համընդհանուր են եւ կը հնչեն բոլոր կրօնական աւանդութիւններուն մէջ։ Սա միջ կրօնական երկխօսութիւնը կը դարձնէ բարոյական եւ պատմական արմատները ունեցող հակամարտութիւններու լուծման կարեւոր միջոց։ Արք Կալլակեր մէջբերեց Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը իսլամական հաստատութիւններուն հետ եւ Ֆրանչիսկոս Պապին անձնական նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը՝ խաղաղութեան նպաստելու համար, ինչպէս ցոյց կու տայ 2019ին, մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթը։
Վատիկանի արտաքին յարաբերութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար ապա նկատել տուաւ, որ թէեւ կրօնը երբեմն օգտագործուած է բռնութիւնը արդարացնելու համար, կրօնապետերը կարող են փոխարէնը ծառայել, որպէս հաշտութեան եւ միասնութեան գործակալները յաղթահարելով քաղաքական բաժանումները եւ երկխօսութիւն վարել ընդհանուր մարդկային արժէքներուն շուրջ։
Ի վերջոյ արքեպիսկոպոսը ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հունգարիոյ պատմութեան վրայ, ներշնչուած Սուրբ Ստեփանոսի թագաւորի տեսլականով՝ զոր կերտեց սահմանադրութիւնը հիմնուած արդարութեան եւ միասնութեան սկզբունքներուն վրայ։ Սա ցոյց կու տայ, որ խաղաղութեան կերտումը պարզապէս վերացական չէ, այլ շօշափելի իրականութիւն՝ հիմնուած մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան եւ կեանքի նկատմամբ յարգանքի վրայ«, նշեց Արքեպիսկոպոսը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ