Իր դիւրաբեկութեան մէջ Սրբազան Պապը տակաւին կը ծառայէ Եկեղեցւոյ ու մարդկութեան. Կալլակէր
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Խմբերգային աղօթք Ֆրանչիսկոս Պապին համար, որ այս մարդկային դիւրաբեկութեան պահուն կը շարունակէ ծառայել, թէեւ տարբեր ձեւով, Եկեղեցւոյ ու մարդկութեան։ Այս եղաւ Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար` Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի միտքը` զոր արձագանգեց Յիսուսեան միաբանութեան պատկան` Հռոմի «Ճեզու» այսինքն Յիսուսի Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Սուրբ Զոհի ընթացքին։
Պատարագը մատուցուած էր Ֆրանչիսկոս Պապի առողջութեան համար մասնակցութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն։
Քահանայապետին երախտապարտութիւնը
Գերապ. Կալլակէր յայտնեց` որ Սրբազան Պապը երախտապարտ է մօտիկութեան եւ աղօթքներուն համար, որոնք կը բարձրանան Երկինք, յատկապէս այս վերջին ժամանակներու ընթացքին, իր տիեզերական առաքելութեան ու առողջութեան վերականգնումին համար։
Քրիստոնեաները կոչուած են տարածելու սիրոյ, արդարութեան ու խաղաղութեան արժէքները
Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը քարոզը կեդրոնացուց աստուածային սիրոյ վրայ։ Սէր` որ յաճախ կը բախուի մեր թշուառութեան, մեր մեղքերուն ու կը դառնայ ողորմութիւն։ Սէր` որ կը տանի դէպի ճշգրիտ ճանապարհ, որ այս քառասնորդաց շրջանի ընթացքին պէտք է խորացնել, ու ձգտիլ հոգեւոր վերածնունդի մը, որ կը բանայ յոյսի, ազատութեան ու խաղաղութեան նոր հորիզոններ... նշեց ի միջի այլոց Վատիկանի ներկայացուցիչը։
Այս մէկը կը նշմարենք նաեւ այս օրերուն երբ չարին սպառնալիքը միշտ աւելիով ակնյայտ է եւ կը թուայ, որ խաւարը կը գերակշռէ լոյսին վրայ, ինչպէս կը պատահի Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Լիբանանի, Մինամարի, Սուտանի, Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրապետութեան ու պատերազմէ յօշոտուած այլ վայրերուն մէջ, դիտել տուաւ Գերապ. Կալլակէրը ակնարկելով նաեւ «մահուան մշակոյթը» ողջագուրող անձերուն, որոնք աշխարհը կը դարձնեն ցեղի, քաղաքակրթութեան, մշակութային ու կրօնական բախումներու թատերաբեմ, եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց` որ «քրիստոնեաները կոչուած են տարածելու սիրոյ, արդարութեան ու խաղաղութեան արժէքները»։
Մարդկային թշուառ շահերէն եւ հասարակաց բարիքին ծառայող դիւանագիտութիւն
«Մեր այս օրերուն որքան պէտքը ունինք, դիւանագիտութեան մը, որ անջատուած ըլլայ մարդկային թշուառ շահերէն, որպէսզի կարելի ըլլայ ազատօրէն գործել յանուն ընդհանուր բարօրութեան, համագործակցելով միասին՝ ապահովելու արդարութեան և խաղաղութեան բոլոր գերագոյն բարիքները», նկատել տուաւ պատարագիչը յղում կատարելով Ֆրանչիսկոս Պապի «հանդիպումի տրամաբանութեան» կոչերուն, ուր մարդիկը մտահոգուած ըլլան ծառայելու ոչ թէ անձնական այլ հասարակաց բարիքին։
Ունդրել խղճին ձայնը
Ան յիշեցուց նաեւ թէ կարիքը կայ «գերագոյն լոյսի» մը, որ մեզ առաջնորդէ ընտրանքներուն մէջ եւ օգնէ զանոնք յառաջ տանելու եւ այդ լոյսը կարելի է գտնել ճիշտ աղօթքին մէջ, որ կազմուած է նաեւ լռութենէ, «ուր կարելի է սորվիլ ունկնդրել խղճին ձայնը, որ կամայական դատողութիւն մը չէ, այլ ձայնը Տիրոջ, որ կը հնչէ մտքի և սրտի ներքին սրբարանին մէջ»:
Արդարեւ անոնք` որոնք պայքարեցան մարդկային արժանապատուութեան համար, պայքարեցան բռնապետութիւններու, բռնակալութեան և անարդարութեան դէմ, նոյնիսկ եթէ միշտ ալ չէին կիսէր քրիստոնէական հաւատքը կամ կրօնական հաւատքը, այդ մէկը ըրին յանուն խղճի՝ անոր մէջ ճանաչելով այն բարձր ձայնը, որ ցոյց կու տայ ճշգրիտ ճանապարհը, եղաւ Գերապայծառ Կալլակէրի արտայայտած այլ մտքերէն մին, որ քարոզի աւարտին հրաւիրեց քառասնորդացի այս շրջանին` լռութիւն պահել ու մտնել խղճի ներքին սրբավայր, մենք մեզ յանձնելով Լռութեան Սուրբ Կոյսին, որուն նաեւ յանձնել Սրբազան Պապին առողջութիւնը ու աշխարհիս խաղաղութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ