MAP

Կազա, պատերազմ Կազա, պատերազմ  (REUTERS)

Գերպ Կալլակեր. Կազան պէտք է մնայ Պաղեստինցիներուն տունը»

«Ամերիկա» ամսաթերթին հետ Վատիկանի Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու յարաբերութիւններուն քարտուղարը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի դիրքորոշումը երկու պետութիւններուն լուծման համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Ամերիկա» ամսաթերթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին, Վատիկանի Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու յարաբերութիւններու քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի դիրքորոշումը Իսրայէլեան – Պաղեստինեան հարցին վերաբերեալ՝ ընդգծելով որ Կազան Պաղեստինցիներուն տունն է , որոնք կը փափաքին մնալ եւ վերականգնել իրենց կեանքը՝ չնայած աւերածութիւններուն։

Գերպ Կալլակեր քննադատեց Պաղեստինցիներուն այլուր վերաբնակեցնելու առաջարկը, ընդգծելով որ արժանապատուութիւն եւ իրաւունք ունեցող մարդիկ են։ Սուրբ Աթոռը կը շարունակէ աջակցիլ երկու պետութիւններուն լուծման համար, դիրքորոշում մը որ պահպանուած է 2023 թուականի հոկտեմբերին 7ին, սկսած հակամարտութիւններուն ժամանակ։

Գերպ Կալլակեց նախազգուշացուց որ Իսրայէլի կողմէ Արեւմտեան ափի բռնկածումը կը դժուարացնէ այդ լուծման իրականացումը, ապա ընդգծեց զինադադարի ամբողջական դադրեցման, բոլոր պատանդներուն ազատ արձակման եւ խաղաղ բնակիչներուն պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը՝ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի նկատմամբ յարգանքով։

Գերպ Կալլակեր շեշտեց, որ Պաղեստինի հարցը կեդրոնական է Մերձաւոր Արեւելքի բազմաթիւ խնդիրներուն համար։Գերպ Կալլակեր բացատրեց որ Ֆրանչիսկոս Պապը կը ձգտի կապ պահելու երկու կողներուն հետ կանոնաւոր հեռախօսազրոյց կատարելով Կազային Կաթողիկէ համայնքին հետ եւ պահպանելով յարաբերութիւնները պատանդներուն ընտանիքներուն հետ, ցոյց տալով որ« Ինք հովիւ է բոլորին համար։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2025, 10:30