Վատիկանի մէջ Հոգեւոր Կրթութիւն. Յաւերժական կեանքի հասանելիութիւնը կախում ունի առանց հաշուարկներու ապրած սէրէն ․ Հայր Ռոպերթօ Փազոլինին
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Երեկ՝ 9 Մարտին Քառասնորդացի առաջին կիրակի օրը, սկիզբ առաւ Հռոմի Քուրիայի Հոգեւոր Կրթութեան շաբաթը, որուն այս տարուան նիւթն է՝ «Յաւերժական կեանքի յոյսը» եւ որուն շուրջ ամէն օր իր մտածականները պիտի ներկայացնէ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը` Հայր Ռոպերթօ Փազոլինին։
Առաջին մտածականին առիթով Հայր Փազոլինին առաջին հերթին իր միտքը ուղղեց դէպի Ֆրանչիսկոս Պապը, որ արդեն երեք շաբաթէ ի վեր, բուժում կը ստանայ Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցէն ներս, եւ նշեց, որ «Անոր բացակայութիւնը մեզ համար խօսք է: Անոր վկայութիւնը կը միանայ այն բոլոր մարդոց վկայութիւններուն, որոնք լռութեան մէջ կ’ապրին տառապանքի առեղծուածը եւ պատերազմներու ու բռնութիւններուն չարիքը»։
Կիրակի օրուայ մտածականը՝ յաւիտենական կեանքի գեղեցկութիւնը
Քահանայապետական Տան Քարոզիչի կողմէ առաջարկած մտածականը 9 Մարտին վերաբերեցաւ յաւիտենական կեանքի գեղեցկութեան, որ այսօր կ’անտեսուի, ըսաւ ան, քանզի կատարելութեան տենչով կը տառապինք, «սակայն Աւետարանը մեզի կը սորվեցնէ, որ իսկական «անկատարութիւնը» ոչ թէ դիւրաբեկութեան արդիւնք է, այլ՝ սիրոյ բացակայութեա»:
Քարոզիչը անդրադառնալով յաւերժական կեանքի եւ մահուան իմաստի վերաբերեալ քրիստոնէական հաւատքին՝ նշեց, որ յաւիտենական կեանքը ոչ միայն ապագայի խոստում է, այլ հարթութիւն մըն է, որ կը սկսի ներկայէն՝ Քրիստոսի հետ հաղորդակցելու եւ սիրոյ միջոցաւ: Ըստ անոր՝ փրկութիւնը չի սահմանափակուիր Քրիստոսի մասին գիտելիքներ ունենալու մէջ, այլ կը տարածուի բոլոր անոնց վրայ, որոնք անկեղծօրէն Աստուած կը փնտռեն եւ կ’ապրին իրենց խիղճին համաձայն:
Մարդկային ճակատագրի երեք հնարաւորութիւնները՝ դրախտ, դժոխք, քաւարան, մեզ կը հրաւիրեն խորհելու սիրոյ եւ աստուածային շնորհքի էութեան մասին նշեց ի միջի այլոց Հայր Փազոլինին յորդորելով յաղթահարելու վախը եւ ապրելու սիրով։ Մահէն պէտք չէ երկիւղիլ, այլ դիտել զայն որպէս աստուածային սիրոյ յայտնութեան եւ գիտակցման պահ:
Այսօրեայ մտածականը՝ յաւիտենական կեանքը կախում ունի ուրիշներու նկատմամբ սէրէն
Իսկ այսօր՝ 10 Մարտին Հայր Փազոլինիի կողմէ առաջարկած մտածականը ի մասնաւորի վերաբերեցաւ յաւերժական կեանքի հասանելիութեան, որ, ինչպէս նշեց ան, կախում ունի առանց հաշուարկներու ապրուած սէրէն։
Աստուծոյ Արքայութիւն մուտք գործելու չափանիշը, ըստ Հայր Փազոլինիի, բարոյական դրսեւորումէն չէ կախուած, այլ ուրիշներու նկատմամբ սէրէն։ «Վերջին դատաստանի իրական անակնկալը այն բացայայտումը պիտի ըլլայ, որ Աստուած մեզ իր զաւակները ճանչնալէն զատ ոչ մէկ այլ ակնկալիք ունէր մեզմէ» շեշտեց իր խօսքին մէջ Քահանայապետական Տան Քարոզիչը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ