Առաքելական Ողորմաբաշխի առողջապահական նախաձեռնութիւնը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Կիրակի օրը՝ 23 Մարտին ժամը 9էն 12ը Առաքելական Ողորմաբաշխ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեվսքիի կողմէ ձեռնարկած առողջապահական նախաձեռնութեան ծիրէն ներս տարբեր մասնագէտներէ կազմուած բժշկական անձնակազմ մը՝ մաշկաբաններ, ակնաբոյժներ, ատամնաբոյժներ, վարակաբաններ եւայլն, այցելած է քաղաքական ապաստան հայցողներու «Selam Palace» անունը կրող թաղամաս, որ կը գտնուի Հռոմի հարաւ արեւելեան հատուածի մէջ։
Վատիկան Քաղաքի Կառավարչատան երկու շտապ օգնութեան մեքենաներ, բժշկական մասնագէտներու խումբ մը երեք ժամ լիակատար կերպով ի սպաս դրուեցաւ՝ շուրջ 500 անձերու, որոնք շատ յաճախ իրենք զիրենք կը զրկեն բժշկական այցելութիւններէն եւ առողջական ստուգումներէն:
Հարիւրաւոր փախստականներ եւ ապաստան հայցողներ
Առաջին անգամը չէ, որ Քահանայապետի Ողորմաբաշխը իր գործընկերներու հետ «Selam Palace» կ’երթայ՝ պարենային օգնութիւն եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ բաժնելու անոնց, որոնք կ’ապրին անապահով պայմաններու մէջ։ 2006էն սկսեալ, այդ շէնքը զբաղեցուեցաւ փախստականներով ուր այս տարիներու ընթացքին հարիւրաւոր փախստականներ եւ քաղաքական ապաստան հայցողներ տեսած է:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ