MAP

Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնադիս Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնադիս  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ողորմութեան յոբելեան. Յոյսի եւ ապաշխարութեան ուղեւորութիւն

Կարդինալ Անճէլօ Տէ Տոնաթիսի դասխօսութիւնը հոգեւոր ուղեւորութեան մը մասին՝ ողորմութեան յոբելեանի կապակցութեամբ։ Ծիրանաւորը իր խօսքը կեդրոնացնելով երեք կարեւոր դիմագիծերուն վրայ՝ Հարուստ մարդը, Էմմաւուսի առաքեալները եւ Մարիամ մագդաղենացին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Անճէլօ Տէ Տոնաթիս, վերջերս Տամասոյի Սան Լորենցօ դահլիճէն ներս Քրիստոնէական վարդապետութեան մասին կատարած դասախօսութեան մը ընթացքին խօսեցաւ հոգեւոր ուղեւորութեան մը մասին՝ ողորմութեան յոբելեանի կապակցութեամբ, իր խօսքը կեդրոնացնելով երեք կարեւոր դիմագիծերուն վրայ. Հարուստ մարդը, Էմմաւուսի առաքեալները եւ Մարիամ մագդաղենացին։

Հարուստ Մարդը. հնազանդութեան կոչ

Կարդինալ Տէ Տոնադիսի զրոյցը սկսաւ հարուստ մարդուն Յիսուսին ուղղած հարցումով, «ի՞ նչ պիտի ընեմ յաւիտենական կեանք ունենալու համար»։ Այս կապակցութեամբ ծիրանաւորը անդրադրձաւ հաւատքը նուազեցնելու վտանգին՝ կատարելիք շարք մը գործողութիւններէն, ինչպէս ուխտագնացութիւնները, բարի խոստովանութիւնները, առանց հասկնալու Յիսուսի հրաւէրին աւելի խոր իմաստը։ Կարդինալ Տէ Տոնաթիս յարեց,  նպատակը ոչ թէ արժանիքներ կուտակելն է այլ կեանքի մէջ մտնելն է, Հօր անսահման ողորմութեան մէջ։ Ճշմարիտ դարձը կը պահանջէ, ոչ միայն բան մը ընել այլ հնազանդիլ ճանչնալով Աստուծոյ՝ իր շնորհքի մէջ ընդունելու փափաքը։

Էմմաւուսի աշակերտները. Յոյսի ուղեւորութիւն։

Կարդինալ Տէ Տոնադիս ապա խօսեցաւ էմմաւուսի առաքեալներուն մասին՝ յոյսի խորհրդանիշը տխրութեան մէջ։ Ան նախազգուշացուց յոբելեանը վերանորոգումի պահ մը ապրելու վտանգէն եւ ոչ թէ որպէս մշտական ուղի դէպք խոր եւ յարատեւ յոյս։ Յոյսը չի հիմնուիր անմիջական լուծումներուն վրայ, այլ մեր կեանքի մէջ Քրիստոսի ներկայութեան վստահութեան վրայ, նոյնիսկ դժուարութեան պահերուն, ըսաւ ծիրանաւորը աւելցնելով որ ապաշխարութիւնը պէտք չէ դիտուած ըլլայ որպէս հարցերու լուծում, այլ որպէս ուղի մը , որ կ՝ողջունէ կեանքը իր բոլոր մարտահրաւէրներով, գիտակցելով որ Յարութեան յոյսը կը լուսաւորէ նաեւ խաւար պահերը։

Մարիամ Մագդաղենացին. Հաշտուած սիրտ։

Մարիամ Մագդաղենացիին տիպարը կը ներկայացնէ ապաշխարութեան թեման։ Կարդինալ Տէ Տոնադիս հրաւիրեց յոբելեանին բերել հաշտուած սիրտ, որ կարող է երախտագիտութեամբ վեր ընթերցել մեր սեփական պատմութիւնը, նաեւ անյաջողութիւններու դէպքերու մէջ։ Այնուհետեւ ապաշխարութիւնը կը դառնայ դրախտի փորձարարութիւն մը, ուր մարդը իրականութիւն կ՝ապրի իր հայեացքը սեւեռելով դէպի երկինք, ճանչնալով փրկութեան հետքերը առօրեայի մէջ։ Քրիստոսի հետ այս հանդիպումը ապրելու նախապատրաստուիլը կը ներառէ խոր մտորում ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն ճանչնալու Քրիստոսի դէմքը մեր կեանքին մէջ։

Կարդինալ Տէ Տոնադիս դասախօսութիւնը աւարտեց հրաւրիելով ապրելու ողորմութեան յոբելեանը ոչ թէ որէպս պարտականութիւններու շարք մը, այլ որպէս Աստուծոյ հետ խոր յարաբերութիւններու մէջ մտնելու հնարաւորութիւնը։ Ողորմութիւնը մեկնակէտ է, յոյսը ուղեւորութիւն է եւ ապաշխարութիւնը Հօր սիրտին մօտեցնող փորձառութիւն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/03/2025, 12:44