MAP

2025.03.19 Cupola San Pietro Notte

Սուրբ Պետրոսի տաճարի գմբէթը իր լոյսերը կը մարէ «Երկրի ժամ»ին առիթով

«Երկրի ժամը» առանց սահմանի ձեռնարկ մըն է, որ կը միացնէ մոլորակի համայն մարդիկը, միասին դիմագրաւելու համար կլիմայական մարտահրաւէրը և վերականգնելու բնութեան նկատմամբ իրաւունքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այս տարի եւս շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան համաշխարհային կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ նշուող «երկրի ժամը» միջազգային միջոցառումին առիթով, Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի գմբէթը իր լոյսերը կը մարէ «մէկ ժամ տեւողութեամբ շաբաթ 21 Մարտի երեկոյեան ժամը 8,30էն 9,30

Գովեալ Ըլլաս իր շրջաբերականին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը նշած է` որ բնապահպանական հարցը պէտք է հիմնուած ըլլայ բարոյականութեան եւ ընկերային արդարութեան վրայ, ու այն ինչ` որ կը պատահի երկիր մոլորակին «մեր հասարակաց տան», աննախադէպ մարտահրաւէր մըն է, որ կը վերաբերի մեր պատասխանատուութեան, միւսներու ու ապագայ սերունդներուն նկատմամբ։

«Երկրի ժամը» առանց սահմանի ձեռնարկ մըն  է, որ կը միացնէ մոլորակի համայն մարդիկը, միասին դիմագրաւելու համար կլիմայական մարտահրաւէրը և վերականգնելու բնութեան նկատմամբ իրաւունքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2025, 07:05