«Երախաներու համար արհեստական բանականութեան սպառնալիքներն ու հնարաւորութիւնները» Վատիկանի մէջ գիտաժողով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 20 Մարտ 2025-ին Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ ««Երախաներու համար արհեստական բանականութեան սպառնալիքներն ու հնարաւորութիւնները. երեխաներու պաշտպանութեան ընդհանուր պարտաւորութիւնը» բնաբանով տեղի ունենալիք գիտաժողովին որ կազմակերպուածէ Քահանայապետական Գիտութեան Ակադեմիայի, Մանկութեան համաշխարհային հիմնադրամի եւ Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարանի մարդաբանութեան ինստիտուտի կողմէ եւ որ նուիրուած է ինչպէս կը բացայայտէ նոյնինքն տիտղոսը` արհեստական բանականութեան սպառնալիքներուն ու հերաւորութիւններուն մանուկներուն համար, նպատակ ունենալով ամրապնդել բարոյական օրէնսդրութիւնը մանուկներուն երաշխաւորելու համար անվտանգութիւն, գաղտնիութիւն եւ արժանապատւութիւն։
Ներկայացումին առիթով ելոյթ ունեցող Կարդինալ Թուրքսոնը եւ այլ մասնագէտներ ընդգծեցին միջազգային կարգաւորման և արուեստագիտական ընկերութիւններու հետ շարունակական երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:
Շեշտը դրուեցաւ միասնական յանձնառումի մը անհրաժեշտութեան վրայ` պաշտպանելու համար մանուկները, «առցանց» ի վտանգներէն, ինչպիսիք են գաղտնիութեան խախտումները, անոնց ճաշակի կողմնորոշումը, ինչպէս նաև խթանելու արուեստագիտութեան ստեղծագործական և բարոյական օգտագործումը։
Այս ծիրէն ներս խիստ կարեւոր համարուեցաւ միջազգային համագործակցութիւնը, ինչպէս զոր օրինակ Միացեալ Նահանգներ Եւրոպական միութիւն համագործակցութիւնը, բացայայտելու եւ հակազդելու համար չարաշահումներուն։
Այս ուղղութեամբ Մանկութեան համաշխարհային հիմնադրամն ընդգծեց առցանց բռնութեան վերաբերեալ մտահոգիչ տուեալները, բայց նաև հաստատեց, որ արուեստգիտութիւնը կարող է դառնալ լուծման մաս, եթէ ան արդարեւ օգտագործուի ուղիղ կերպով։
Նշենք որ վերոնշեալ ներկայացումին ելոյթ ունեցան` Կարդինալ Փիթըր Թուրքսոն` Գիտութիւններու և Հասարակական Գիտութիւններու Քահանայապետական ակադեմիաներու կանցլեր, Փրոֆ. Ժոաքիմ վոն Պրաուն` Գիտութիւններու Քահանայապետական Ակադեմիայի նախագահ, Փրոֆ Հանս Զոլլնէր` Գրիգորեան Քահանայապետական համալսարանի մարդաբանութեան ինստիտուտի տնօրէն, եւ Տիկ Փաուլա Կիյէ տը Մոնթու, World Childhood Foundation ի ընդհանուր քարտուար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ