MAP

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին  (ANSA)

Կարդինալ Փարոլին անհրաժեշտ է ընդհանուր եւ վերահսկուող զինաթափում. արդար եւ մշտական խաղաղութիւն Ուքրանիոյ մէջ

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, «Ռամատանի եւ Իֆթարի սեղան» ձեռնարկի բացումին կրկնեց գործընթաց սկսելու կարեւորութեան մասին, որ վերջ կը դնէ Արեւելեան Եւորպայի մէջ պատերազմը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, երկուշաբթի, 17 մարտին ներկայ գտնուեցաւ Հռոմի մէջ կայացած «Ռամատանի եւ Իֆթարի սեղան» միջոցառումին բացումին, կազմակերպութեամբ Սուրբ Աթոռի մօտ Մարոքի դեսպանատան կողմէ։ Միջոցառումի ընթացքին Վատիկանի Պետական քարտուղարը ստացաւ «Երկխօսութեան թաքնուած դէմքեր» վերտառութեամբ մրցանակը՝ ձեռամբ Սուրբ Աթոռի մօտ Մարոքի դեսպանին։
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին ծիրանաւոր անդրադարձաւ կարգ մը թեմաներուն ինչպէս զինաթափումը, Ուքրանիոյ պատերազմը եւ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջապահական պայմանները։

Վերահսկուող զինաթափում

Զինաթափումի նիւթին շուրջ Կարդինալ Փարոլին յիշեցուց, որ Սուրբ Աթոռը առաջին համաշխարհային պատերազմէն ի վեր զինաթափումի վերաբերեալ յստակ քաղաքականութիւն վարած է. Պէտք է միջազգային մակարդակի վրայ պնդել որ համընդհանուր եւ վերահսկուող զինաթափում ըլլայ» ըսաւ ծիրանաւորը աւելցնելով, որ այսօր կարելի չէ գոհ ըլլայ այն ուղղութիւնէն, ուր կ՝ընթանան իրադարձութիւնները։

Ռուսիա եւ Ուքրանիա, թող վերջ գտնէ պատերազմը

Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ զինադադարի հնարաւորութեան վերաբերեալ, Կարդինալ Փարոլին մաղթեց որ « չդրուին երկխօսութեան մեկնարկը խոչընդոտող նախապայմաններ։ Թող այս գործընթացը սկսի, հաշուի առնելով որ Ուքրանիոյ կողմէ բարի տրամադրութիւն կայ, թող միւս կողմէն նոյնիսկ պատրաստակամութիւն ըլլայ՝ սկսելու համար հրադադարը, որ պէտք է տեւէ 30 օր։

Պապին առողջութիւնը

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն Ֆրանչիսկոս Պապին առողջական վիճակի մասին, կարդինալ Փարոլին կրկնեց ըսելով, որ բժշկական տեղեկագիրը յստակ կ՝ըսեն, թէ ինչ պայմաններու մէջ կը գտնուի քահանայապետը։ «Ես Պապին հետ տեսնուեցայ մէկ շաբաթ առաջ, յետոյ հնարաւորութիւն չ՝ունեցայ դարձեալ իր հետ հանդիպելու։ Ես քահանայպետին աւելի լաւ տեսայ, քան առաջն անգամը։ Բայս սա միայն արտաքին գնահատական է, մնացածին համար պէտք է հաւատարիմ մնանք այն ինչ որ կ՝ըսեն բժիշկները, ըսաւ Կարդինալ Փարոլին աւելցնելով « Հանդիպումներու ժամանակ մենք Պապին կը ներկայացնենք այն հարցերն ու խնդիրները որոնք լուծումին կարիք ունին, եւ Քահանայապետը իր խորհուրդները կու տայ։

Ի վերջոյ, այն հարցումին, թէ արդեօք խօսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին հնարաւոր հրաժարականի մասին կարդինալ Փարոլինը պատասխանեց հաստատելով «Բացարձակապէս ոչ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2025, 12:58