MAP

2025.03.27 Il cardinale Parolin alla plenaria della Comece a Nemi (foto © Comece)

Եւրոպան պէտք է հոգ տանի ողջ մարդկութեան բարօրութեան. Կարդինալ Փարոլին

Սուրբ Աթոռի Պէտքարտուղարի ելոյթը իտալական Նեմի քաղաքին մէջ ԵՄ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Յանձնաժողովի լիագումար ժողովի բացման: Արծարծուած հարցերը վերաբերեցան՝ Եւրոպայի մէջ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններուն, պաշտպանութեան նոր կարիքներուն, ուքրանացի ժողովրդի հետ զօրակցութեան, գաղթականներու եւ կրօնական ազատութեան:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Եւրոպան որպէս ամբողջութիւն, պէտք է առ աւելիով գիտակից ըլլայ աշխարհի մէջ իր դերի եւ պարտականութիւններուն՝ «առանց տրուելու պաշտպանական եւ զուտ վերազինման տրամաբանութեան, որ ահազանգ է փակումներու եւ նոր հակամարտութիւններու մասին»։ Եւ «Եւրոպայի բարօրութեան մասին» մտածելը մեզ չ’ազատեր ողջ մարդկութեան բարիքի մասին մտածելէն։ Հետեւաբար, «մրցունակութեան եւ պաշտպանութեան» առաջնահերթութիւններուն հետամուտ ըլլալը, որոնք Եւրայանձնաժողովը դրած է իր առջեւ, «չպէտք է անտեսէ բարոյական պարտաւորութիւնները, որ են մարդասիրական օգնութիւնը եւ ամէնէ աղքատ երկիրներու զարգացումը, մարդու իրաւունքներու յարգանքը եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը»: Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը այս գաղափարները շեշտեց Նեմիի մէջ մինչեւ մարտի 28-ը ընթացող Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Յանձնաժողովի (COMECE) լիագումար ժողովի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ:

Համաշխարհային կարգի ճգնաժամը

Վատիկանի բարձրաստիճան պաշտօնեան շօշափեց նաեւ Եւրոպայի մէջ Եկեղեցւոյ առաքելութեան համար արդիական բազմաթիւ հարցեր։ Ան ի մասնաւորի անդրադարձաւ Եւրոպական միութեան եւ COMECE-ի աշխատանքին՝ յատուկ կերպով շեշտելով Եւրոպական մայրցամաքի քաղաքական դերը՝ նաեւ ամերիկեան նոր վարչակազմի արտաքին քաղաքականութեան լոյսի ներքոյ, որ կասկածի տակ կ'առնէ «1945էն ի վեր զարգացած եւ բոլորի կողմէ ամուր եւ յարատեւ համարուող ատլանտեան յարաբերութիւնները»։ Եւրոպան, որմէ Ֆրանչիսկոս Պապը խնդրած է երթալ եղբայրութեան ճանապարհով համաճարակէն ետք, այսօր, ըստ Պետքարտուղարի, յայտնուած է համաշխարհային ճգնաժամի առջեւ։

Արդար եւ յարատեւ խաղաղութիւն Ուքրանիոյ մէջ

Ռուսաստանի կողմէ Ուքրանիա յարձակման առնչութեամբ՝ Պետքարտուղարը կրկնեց Սուրբ Աթոռի եւ COMECEի խնդրանքը՝ «բանակցիլ արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան, միջազգային իրաւունքը յարգելու եւ ներխուժած երկրի վերականգնման համար ընդհանուր ջանքերու հասնելու նպատակով»։ Ծիրանաւորը յորդորեց «անարդար յարձակման ենթարկուած ուքրանացի ժողովրդի կողքին կանգնելու» եւ խնդրեց «պատերազմող կողմերուն եւ ողջ միջազգային հանրութեան` աշխատիլ արագ եւ արդար լուծման ուղղութեամբ»։

Եպիսկոպոսները պէտք է երկխօսին եւրոպական կառոյցներու հիմնարկութիւններու հետ

Յղում կատարելով 2024ի Յունիսին եւրոպական ընտրութիւններէն ետք ի յայտ եկած քաղաքական փոփոխութիւններուն, Կարդինալ Փարոլինը հրաւիրեց եպիսկոպոսներուն բաց եւ անկեղծ երկխօսութիւն պահպանել բոլոր քաղաքական ուժերու հետ։ Չպէտք է ձախողիլ «կեանքը պաշտպանելու մեր յանձնառութեան մէջ»՝ գիտակցելով այն «արժէքները, որոնք նպաստած են եւրոպական համայնքներուն կեանք տալուն», ընդգծեց Ան, եւ այս ուղղութեամբ եպիսկոպոսներուն կոչ ըրաւ դրսեւորել «նախաձեռնութիւններ՝ ի նպաստ իրազեկութեան բարձրացման եւ քաղաքականութեամբ զբաղուող քրիստոնեաներուն ուսման»:

Գաղթականներ․ զօրակցութիւն եւ յարգանք մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ

Գաղթականութեան նիւթին անդրադառնալով՝ Պետքարտուղարը յիշեցուց Ֆրանչիսկոս Պապի վարդապետութիւնը առ այն, որ․ «մեր պարտականութիւնն է ողջունել, ուղեկցիլ եւ ընդելուզել» այն անձերուն, որոնք «աւելի լաւ ապագայ կը փնտռեն իրենց եւ իրենց ընտանիքներու համար»։ COMECEի խնդիրն է երկխօսիլ հաստատութիւններուն հետ, որպէսզի «երբեք չմոռնանք գաղթականները դիտել որպէս անձեր՝ սեփական պատմութիւններով, ողբերգութիւններով եւ ակնկալիքներով, եւ ոչ թէ պարզապէս թիւեր»:

Սինոդը ու «եւրոպական վրանը»

Ծիրանաւորը խօսեցաւ ապա եկեղեցական երկու իրադարձութիւններու մասին, որոնք շեշտեց Ան՝ «յատուկ կերպով կարեւոր են Եւրոպայի մէջ ձեր առաքելութեան համար»։

Առաջինը Սիւնհոդոսականութեան համար Սինոդն է, որ Հոկտեմբեր 2024ին ընդունեց վերջնական փաստաթուղթ անցնելով ցամաքամասային փուլերու միջով։ Այդ առումով Ան՝ մէջբերելով Փետրուար 2023ին Եւրոպական մայրցամաքային վեհաժողովին արտասանած բառերը. «Ընդլայնէ՛ քո վրանիդ տարածքը», նկատել տուաւ, որ «Եկեղեցին կարող է իր նպաստը ունենալ «եւրոպական վրանի» տարածքը ընդլայնելու գործին մէջ՝ սատարելով ԵՄ անդամակցութեան նոր թեկնածուներու ընդելուզմանը՝ համապատասխան ընթացակարգերը անցնելէն ետք։

Յոյսի Յոբելեանը

Կարդինալ Փարոլինի կողմէ յիշատակած երկրորդ իրադարձութիւնը, Յոյսի Յոբելեանն էր. «Աշխարհը և Եւրոպան պէտք է նորէն բացուին յոյսի առջեւ», յարեց Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարը եւ եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերով․ Յոյսի եւ ողջ Եւրոպայի իրական աղբիւրը Իր Եկեղեցւոյ մէջ ապրող Յիսուս Քրիստոսն է, «եւ Եկեղեցին պարտաւոր է այս ուրախ աւետումը կրկին առաջարկել նաեւ մեր այս հին մայրցամաքին, որ շատ առումներով կորած կը թուայ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2025, 08:00