Բարի վերադարձ տուն
Անտրէա Թորնիելլի
«38 օրեր անցան այն 14 Փետրուարէն երբ Ֆրանչիսկոս Պապը թողած էր Վատիկանը ու խնամուելու համար մտած Ճեմելլի բազմաբուժարան։ Բարդ շաբաթներ 88 տարեկան հիւանդի մը համար, որ թիրախ դարձած էր երկկողմանի թոքաբորբի». Այս տեղերը կը կարդանք Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան խմբագրական կազմի ընդհանուր տնօրէն` Տիար Անտրէա Թորնիելլի հրատարակած խմբագրականին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին հիւանդանոցէն դուրս գալու եւ Վատիկան վերադառնալու առիթով։
«Բժշկական տեղեկագիրերը չի թաքցուցին իրավիճակին ծանրութիւնը, Քահանայապետին ունեցած մահացու տագնապները եւ բուժարանայաին համապատկերի բարդութիւնը։ Անցած օրերը սակայն եղան նախ եւ առաջ օրեր` որոնց ընկերացաւ Քահանայապետի առողջութեան համար աղօթքներու գետ մը…Սրբազան Պապին համար աղօթեցին ոչ միայն կաթողիկէները, ոչ միայն քրիստոնեաները այլ նաեւ այլ կրօններու պատկան այրեր եւ կիներ…եւ ահա այս աղօթքի մէջ գտնուող ժողովուրդին համար է, որ մտածուեցաւ այսօրուան Նորին Սրբութեան հակիրճ ողջոյնը հիւանդանոցէն», կը գրէ միշտ Թորնիելլի խմբագրականին մէջ, ակնարկելով Նորին Սրբութեան կիրակի\ 23 Մարտի կէսօրին հիւանդանոցի մէկ պատշգամէն յայտնուելուն նախ քան Վատիկան վերադառնալը։
«Հռոմի եպիսկոպոսին հետ միասին մենք ալ ապրեցանք այս երկար օրերը, սպասեցինք, աղօթեցինք, յուզմունքով լեցուեցանք երբ 6 մարտին Ան ուզեց հասանելի դարձնել իր տկար ձայնը բոլորին, շնորհակալութիւն յայտնելու համար Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ աղօթարար հաւատացեալներուն ու անոնց` որոնք աշխարհի տարբեր վայրերէն կապուած էին ու միացած այդ աղօթքին։ Կիրակի 16 Մարտի երեկոյեան մխիթարուեցանք երբ առաջին անգամ ըլլալով տեսանք Քահանայապետին պատկերը, մինչ կ՛աղօթեր Ճեմելլի հիւանդանոցի մատրան մէջ» կ՛աւելցնէ Թորնիելլին ապա կ՛ ակնարկէ Նորին Սրբութեան հիւանդանոցին մէջ ապրած օրերուն, ուր Ան «մեզի յիշեցուց թէ կեանքի ամէն մէկ ակնթարթ պէտք է ապրուի արժանավայել կերպով, ու թէ այդ կեանքը կարող է մեզմէ պահանջուիլ որեւէ մէկ պահուն։ Քահանայապետը մեզի յիշեցուց` որ տառապանքն ու տկարութիւնը կարող են դառնալ առիթներ` աւետարանական վկայութեան, հռչակելու համար Աստուած մը, որ Մարդացաւ ու կը տառապի մեր հետ…»
«Շնորհակալ ենք Անոր, որ հիւանդանոցէն մեզի ըսաւ, թէ իր այդ սենեակէն պատերազմը կը թուայ միշտ աւելի անհեթեթ։ Որ մեզի ըսաւ, թէ պէտք է զինաթափ ընենք երկիրը եւ ոչ թէ զայն վերազինեք, զինանոցները լեցնելով մահուան նոր գործիքներով, շնորհակալ ենք Անոր` որ աղօթեց եւ իր տառապանքները նուիրեց խաղաղութեան համար, որ այսօր կը գտնուի սպառնալիքի տակ։ Բարի վերադարձ տուն Սրբազան Հայր», կը գրէ Անտրէա Թորնիելլի եզրափակելով խմբագրականը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ