Վարդարանի աղօթք Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ` Սրբազան Պապին առողջութեան համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար վարդարանի ջերմերանդական աղօթք մասնակցութեամբ Հռոմի մէջ բնակող ծիրանաւորներուն ու Հռոմի թեմի եւ Քուրիայի համագործակցիներուն։
Երկուշաբթի, 24 փետրուարին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց որ «Այսօր երեկոյեան Հռոմի մէջ բնակող բոլոր կարդինալները եւ Հռոմի թեմի եւ Քուրիայի բոլոր անդամները համապատասխանելով Աստուծոյ ժողովուրդի զգացումներուն պիտի Հաւաքուին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ երեկոյեան ժամը ինին, Սուրբ Վարդարանի աղօթքը արտասանելու համար, Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար»։ «Այսօրուան վարդարանի աղօթքը պիտի նախագահէ Սուրբ Աթոռի Պետքարտուաղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Աղօթքը պիտի սփռուի ուղիղ եթերով Վատիկանի լրատուամիջոցներու միջոցաւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ