MAP

2025.02.24 Mercoledì delle Ceneri - Quaresima (Mirek Krajewski)

Լատինաց մօտ մոխրոց չորեքշաբթի օրուայ արարողութիւնը կը գլխաւորէ Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը

Կարդինալ Տէ Տոնաթիսը պիտի փոխարինէ Ֆրանչիսկոս Պապը որ ինչպէս գիտենք, անցեալ 14 Փետրուարէն ի վեր կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետական ծիսակատարութեան գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է որ. «Քառասնորդացի սկիզբի առաջին օրը, յառաջիկայ հինգ մարտին, տեղի պիտի ունենայ արարողութիւն, որ պիտի նախագահէ Աւագ Վերապահեալ եւ Քահանայապետի պատուիրակ` Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսը։

Արարողութիւնը սկիզբ պիտի առնէ ժամը 16.30, Ավենթինօ շրջանի Սուրբ Անսելմոս եկեղեցիէն մեկնած թափորով մը, որուն պիտի մասնակցին Կարդինալները, Արքեպիսկոպոսներ ու Եպիսկոպոսներ, Սուրբ Անսելմոսի Պենետիկտեան Վանականները, Սանթա Սապինա վանքի Տոմինիքեան հայրերը ու հաւատացեալներ։

Թափօրը վերջ պիտի գտնէ Սանթա Սապինա Պազիլիքայի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Պատարագը եւ մոխրոց օրհնութիւնն ու արարողութիւնը։

Նշենք` որ Կարդինալ Տէ Տոնաթիսը պիտի փոխարինէ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ինչպէս գիտենք, անցեալ 14 Փետրուարէն ի վեր կը գտնուի Ճեմելլի հիւանդանոց։ Վ

Վերոնշեալ աւանդական «մոխրոցի» արարողութեամբ Լատին Եկեղեցւոյ մէջ սկիզբ կ՛առնէ մեծ պահքի շրջանը, որ կը տեւէ 40 օրեր՝ նման Յիսուսին անապատին մէջ ապրած 40 օրերուն, նախ քան այս երկրի վրայ իր առաքելութիւնը սկսիլը։

''Aventino'' շրջանի մէջ գտնուող, ''Սանթա Սապինա'' անուամբ Տաճարը կառուցած է Ե. դարուն եւ այնտեղ է որ կը հասնի ''ապաշխարութեան'' թափօրը  որ սկիզբ կ՛առնէ Ավենթինօ շրջանի Սանդ Անսելմօ եկեղեցիէն։

Լատին Եկեղեցւոյ համար Մեծ Պահքի տեւողութիւնը 40 օր է։ Այս շրջանը հաստատուած է, որպէս պատրաստութիւն Քրիստոսի չարչարանքի, խաչելութեան, մահուան ու փառաւոր Յարութեան տօնակատարութիւններուն։

Մեծ Պահքի ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմածութեան գործերով։ Հարկաւոր է այս առիթով նշել` որ Հայերուս մօր մոխրոց օրը կը կատարուի Բուն Բարեկենդանին յաջորդող երկուշաբթի օրը, որ այս տարի կը զուգադիպի երեք մարտին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2025, 12:00