MAP

2025.02.20 La missione del cardinale Czerny in Libano

Լիբանան․ Վերապատրաստել ապագայ «որոշում կայացողներ»

Կարդինալ Միքայէլ Չեռնին՝ 19էն 23 Փետրուար Լիբանան հովուական այցելութեան երկրորդ օրը, մասնակցեցաւ Լիբանանի Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու 57րդ Լիագումար Ժողովի փակման նիստին եւ հանդիպեցաւ տեղական բարեսիրական կազմակերպութիւններուն հետ։ Այդ այցելութեան ծիրէն ներս՝ Վատիկան Նիուզի լրագրող Սալվաթորէ Չերնուցիոն, հարցազրոյց վարած է Մարոնի համայնքի Պատրիարք` Կարդինալ Ռայիին հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Միքայէլ Չեռնին՝ 19էն 23 Փետրուար Լիբանան կատարած հովուական այցելութեան երկրորդ օրը մասնակցեցաւ Լիբանանի Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու 57րդ Լիագումար Ժողովի փակման նիստին եւ հանդիպեցաւ տեղական բարեսիրական կազմակերպութիւններուն հետ։

Հանդիպումները եւ վկայութիւնները վեր հանեցին Լիբանանի սոցիալ տնտեսական մարտահրաւէրներուն առնչուող վճռորոշ հարցեր․ Սուրիացի փախստականներու հանգոյցը, պատերազմը, որ դատարկեց հարաւի գիւղերը եւ նոր սպիներ յառաջացուց, Պէյրութի նաւահանգստի մէջ տեղի ունեցած պայթիւնը, որ աւերեց մայրաքաղաքէն մաս մը, աղքատներուն, փախստականներուն եւ հակամարտութիւններու զոհերուն օգնութեան մարտահրաւէրը, որտեղ մարդասիրական նախաձեռնութիւնները եւ զօրակցութիւնը կը բախուին օտարերկրեայ դրամային միջոցներու արգելափակման կամ Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութեան սկզբունքներուն հակասող գաղափարական օրակարգ ունեցող կազմակերպութիւններու առաջարկներուն:

Փախստականներու հանգոյցը

Մտահոգիչ է ի մասնաւորի փախստականներու արտակարգ իրավիճակը Երկրի մը մէջ որտեղ ընդհանուր 7 միլիոն բնակչութեան շուրջ 1,5 միլիոնը՝ սուրիացի եւ 500,000ը՝ պաղեստինցի փախստականներ են: Այդ առումով Կրօնական Առաջնորդները Կարդինալ Չեռնիին ներկայացուցին իրենց մտահոգութիւնները՝ մեծ վրդովմունք արտայայտելով առ այն, որ Լիբանանի մէջ աղքատացման եւ ինքնութեան դատարկման գործընթաց կ’ընթանայ եւ որ իրենց ձայնը լսելի չէ միջազգային հանրութեան եւ կաթողիկէ աշխարհի համար: Ըստ անոնց՝ Սուրիոյ մէջ ստեղծուած «նոր իրավիճակը» կարող է դիւրացնել փախստականներուն վերադարձը։

Սուրիոյ Եկեղեցւոյ հետ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը

Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը իրավիճակի բարդութիւնը ընդունելով՝ իր հերթին ընդգծեց, որ Լիբանանը հասած է անտանելի սահմանագիծի։ Ան հաստատեց ապա, որ փախստականներու կառավարման պատասխանատուութիւնը պետութեան իրաւասութեան ներքոյ է եւ շեշտեց, որ այդ ճգնաժամին արձագանքելու մէջ Եկեղեցւոյ պատասխանատուութիւնը անհրաժեշտ պայման է՝ յատկապէս պետական​​համարժէք աջակցութեան բացակայութեան պարագային:

Ասկէ մեկնելով՝ Ծիրանաւորը նկատել տուաւ Սուրիոյ Եկեղեցւոյ հետ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ ըրաւ զարգացնել տեղական նախագծեր՝ հիմնուած համայնքներու յատուկ կարիքներուն վրայ՝ խթանելով փորձի փոխանակումը տարբեր թեմերու միջեւ:

Վերապատրաստել ապագայ «որոշում կայացողներ»

Լիբանանի մէջ ներկայ բարեգործական կազմակերպութիւնները՝ Կարդինալ Չեռնիի հետ հանդիպման ժամանակ, ներկայացուցին իրենց մարդասիրական նախաձեռնութիւնները եւ անոնց հետ կապուած դժուարութիւնները՝ սննդի բաշխումէն մինչեւ հոգեբանական օգնութիւն: Հիմնական մտահոգութիւնները կը վերաբերէին միջազգային օգնութեան նուազմանը եւ աղքատութեան խորացմանը։ Այդ մէկը հաստատող ակնյայտ ցուցիչ է այն, որ օգնութիւն բաշխողները սկսած են վերածուիլ օգնութիւն ստացողներու:

Ծիրանաւորի յորդորը եղաւ վերապատրաստել ապագայ «որոշում կայացողներ»՝ մտածելով կառավարման, հաղորդակցութեան եւ հեղինակութեան մասին՝ ընդգծելով միաժամանակ համագործակցութեան եւ երկխօսութեան միջոցաւ յոյս առաջացնելու կարեւորութիւնը՝ Լիբանանի ներկայ եւ ապագայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու նպատակով:

Մարոնի Պատրիարքին հետ հարցազրոյցը

Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզի լրագրող Սալվաթորէ Չերնուցիոն, որ Կարդինալ Չեռնիի կողմէ գլխաւորած պատուիրակութեան հետ Լիբանան մեկնած էր, հարցազրոյց վարած է Մարոնի համայնքի Պատրիարք` Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռային հետ, ուր նոյնպէս արծարծուեցան վերոնշեալ խնդիրները։

Պատրիարքը, ընդգծելով սուրիացի փախստականներու վերադարձի հարցը, ինչը «մեծ տնտեսական եւ քաղաքական բեռ է», առանց այդ ալ «հրաշքով ապրող» Լիբանանի համար, կարեւոր համարեց Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը։

Կարդինալ Ռային վերահաստատեց նաեւ խաղաղութեան կարեւորութիւնը եւ լաւատեսութիւն յայտնելով աւելի լաւ ապագայի վերաբերեալ՝ նշեց, որ չնայած դժուարութիւններուն, հնարաւոր է պատկերացնել խաղաղ Մերձաւոր Արեւելք։

Ի վերջոյ, Ան յատուկէն հաւաստիացուց Ֆրանչիսկոս Պապի արագ ապաքինման համար իր եւ ողջ Մարոնի համայնքի մշտական աղօթքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2025, 11:00