Սարկաւագներու Յոբելեանը 21էն 23 Փետրուարին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այս օրերուն` 21էն 23 Փետրուարին, կ՛իրականանայ Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն ընթացքին նախատեսուած Մեծ Ձեռնարկներէն չորրորդը, որ նուիրուած է Սարկաւագներուն, որուն առիթով Հռոմ կը ժամանեն հարիւր երկիրներէ աւելի քան վեց հազար ուխտաւորներ եւ որոնց մեծամասնութիւնը կազմուած է մնայուն սարկաւագներէ իրենց ընտանեկան պարագաներուն հետ։
Անոնցմէ 23ն ապա Սարկաւագական կարգը պիտի ստանան Կիրակի 23 Փետրուարին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ առաւօտեան ժամը ինին նախատեսուած յոբելենական ուխտագնացութեան եզրափակիչ պատարագի ընթացքին, որ Ֆրանչիսկոս Պապին տնօրինութեամբ, պիտի գլխաւորէ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան Համավերտաեսուչը Գերապ. Ռինօ Ֆիզիքելլան։ Անոնցմէ երկուքը Պրազիլէն եկած են, վեցը, Քոլոմպիայէն, մէկը Ֆրանսայէն, երեքը Իտալիայէն, երեքը Մեքսիքոյէն, երկուքը Լեհաստանէն, երեքը Սպանիայէն ապա այլ երեքը Միացեալ Նահանգներէն։
Սարկաւագներու Յոբելեանին առիթով Ուրբաթ օր յետմիջօրէին նախատեսուած են աղօթքի պահեր, ապա «Յոյսի շօշափելի նշաններ սարկաւագական առաքելութեան մէջ» բնաբանով հանդիպում մը` որուն առիթով սարկաւագները պիտի կիսեն իրենց փորձառութիւնները Հռոմի տարբեր Եկեղեցիներուն մէջ։
Շաբաթ 22 Փետրուարին, ժամը 9էն 14, տեղի պիտի ունենայ դէպի Սուրբ Պետրոս տաճարի Սուրբ Դուռ ուխտագնացութիւնը, ինչպէս նաեւ Կղերի Վերատեսչութեան կազմակերպութեամբ «Սարկաւագները սինոդալ և միսիոներական եկեղեցւոյ մէջ. ըլլալ յոյսի վկաներ» վերտառութեամբ միջազգային հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Auditorium Conciliazione» սրահին մէջ, որուն երեկոյեան պիտի յաջորդէ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ աղօթքի հսկում մը։
Ուխտագնացութիւնը ինչպէս նշեցինք պիտի աւարտի Կիրակի առաւօտեան` Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ մատուցուած պատարագով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ