MAP

Giubileo, in un mese gi� 1 milione di pellegrini in Porta Santa

Զինեալ ուժերու, ոստիկանութեան և անվտանգութեան մարմիններու Յոբելեան

Կիրակի` 9 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 10,30 նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահած Սուրբ պատարագ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, տրուած ըլլալով որ վերոնշեալ Յոբելեանին կը մասնակցին աւելի քան երեսուն հազար անհատներ, որոնք ժամանած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ ու տարբեր ցամաքամասերէ։ Անոնց շարքին են նաեւ Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդի ու Վատիկանի ոստիկանութեան անդամներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 8 եւ Կիրակի 9 Փետրուարին Յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարուան ծիրէն ներս պիտի կատարուի Զինեալ ուժերու, ոստիկանութեան և անվտանգութեան մարմիններու Յոբելեանը. որուն հրաւիրուած են մասնակցիլ, իրենց ընտանեկան պարագաներով. բոլոր անոնք որոնք կը պատկանին զինուորական և ոստիկանական զօրքերու, քաղաքային ոստիկանութեան, անվտանգութեան մարմիններու, երբեմնի զինուորներ, տարբեր ռազմական միաւորումներու եւ ռազմական ակադեմիաներու, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներ և զինուորական մատրանապետներ:

Շաբաթ` 8 Փետրուարին առաւօտեան ժամը ութէն մինչեւ կէսօրէն ետք ժամը հինգին նախատեսուած է ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի Սուրբ Դուռ, ապա կէսօրէն ետք ժամը երեքէն հինգ, բարի գալուստի արարողութիւն` Հռոմի «Փիացցա տէլ Փոփոլօ» հրապարակին վրայ, ուր նախատեսուած է նաեւ զինուորական խումբերու համերգ։ Իսկ Կիրակի` 9 Փետրուարի առաւօտեան ժամը 10,30 նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահած Սուրբ պատարագ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ, տրուած ըլլալով որ վերոնշեալ Յոբելեանին կը մասնակցին աւելի քան երեսուն հազար անհատներ, որոնք ժամանած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ ու տարբեր ցամաքամասերէ։ Անոնց շարքին են նաեւ Վատիկանի Զուիցերական պահակագունդի ու Վատիկանի ոստիկանութեան անդամները։

Մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար ուխտաւոր

Վերոնշեալ Յոբելենական ձեռնարկը ներկայացնելու ժամանակ Յոբելեանի Կազմակերպութեան պատասխանատու Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համավերատեսուչ Գերապ.  Ռինօ Ֆիզիքելլան տեղեկացուց, որ մինչեւ օրս Սուրբ Դուռէն անցած են գրեթէ մէկ միլիոն երեք հարիւր ուխտաւոր, սակայն, աւելցուց Ան, թիւերը չեն` որ յոբելեանի յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը կը սահմանեն ու թէ պէտք է միշտ ի միտ ունենալ Յոբելեանը յայտարարող Քահանայապետին հրովարտակը, որուն մէջ բացայայտուած են Յոբելենական տարւոյն նպատակները։

Իր ելոյթին մէջ Գերապ. Ֆիզիքելլան ի միջի այլոց նշած էր նաեւ թէ շաբաթավերջին կատարուած այս զինուորական աշխարհի ուխտագնացութիւնը Յոբելենական տարուան մեծ ձեռնարկներուն երկրորդը կը հանդիսանայ, հաղորդակցութեան աշխարհին նուիրուած Յոբելեանէն ետքը։

Ան ի միջի այլոց ընդգծեց թէ «խաղաղութիւնը միայն յայտարարութիւն մը չէ այլ կը պահանջէ գործնական եւ արդիւնաւէտ արարքներ» եւ այս Յոբելենական ձեռնարկը կոչ մըն է խաղաղութեան որ միայն պատերազմի բացակայութիւն մը չէ, ոչ ալ իրարու հակառակ ուժերու հաւասարակշռութիւնը, այլ արդարութեան գործ մը որ կը նախատեսէ «ազգերու ու անոնց արժանապատւութեան յարգանքը ինչպէս նաեւ մարդկային եղբայրութեան կիրառումը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2025, 11:18