MAP

Ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Պետրոս տաճար Ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Պետրոս տաճար  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Արուեստագէտներու եւ Մշակոյթի Աշխարհի Յոբելեանը` 15էն 18 Փետրուար

Դժբախտաբար Ֆրանչիսկոս Պապը, առողջապահական հարցերու պատճառաւ` որոնք զինք ստիպեցին հիւանդանոց մտնել պիտի չի կարողանայ մասնակցիլ Արուեստագէտներու եւ Մշակոյթի Աշխարհի Յոբելեանին որուն ծիրէն ներս նախատեսուած էր, բայ չեղեալ յայտարարուեցաւ, անոր այցելութիւնը Հռոմի շարժանկարներ նկարահանող և արտադրող «Cinecittà» հիմնարկութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր աթթարեան - Վատիկան

Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ տարուան առիթով, 15էն 18 Փետրուարին տեղի կ՛ունենայ Արուեստագէտներու եւ Մշակոյթի Աշխարհի Յոբելեանը, որուն ծիրէն ներս նախատեսուած են տարբեր նախաձեռնութիւններ, որոնց շարքին նաեւ Սուրբ Պատարագ` որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` 16 Փետրուարին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ նախագահութեամբ Կրթութեան եւ մշակոյթի վերատեսչութեան վերատեսուչ` Կարդինալ Խօսէ Թոլենթինօ տէ Մէնտոնսայի։

Շաբաթ՝ 15 Փետրուարին, Վատիկանի Թանգարաններու համագործակցութեամբ կազմակերպուած է «Sharing Hope։ Orizzonti per il Patrimonio Culturale – Կիսել Յոյսը՝ հորիզոններ յանուն մշակութային ժառանգութեան» միջազգային հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի հեղինակաւոր գեղարուեստական​​ եւ թանգարանային հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ միասնաբար ուսումնասիրելու կրօնական եւ գեղարուեստական​​ժառանգութեան արժեւորման եւ փոխանցման նոր լեզուները եւ ռազմավարութիւնները:

Միեւնոյն օրը երեկոյեան ժամը 6ին, նախատեսուած է Քոնչիլիացիոնէ 5 ցուցահանդէսին բացումը, համանուն փողոցի վրայ, ուր ամբողջ տարուայ ընթացքին մէկը միւսին պիտի յաջորդեն միջազգային արուեստագէտներու կողմէ Յոյսի նիւթին վերաբերեալ ժամանակակից արուեստի տարբեր նախագծեր։

Արուեստագէտներու եւ Մշակոյթի Աշխարհի Յոբելեանին առիթով նախատեսուած է ապա բացառիկ Սպիտակ գիշեր` որուն ընթացքին Սուրբ Պետրոս տաճարի դռները բաց պիտի մնան այցելուներուն համար` երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ։

Դժբախտաբար Ֆրանչիսկոս Պապը, առողջապահական հարցերու պատճառաւ` որոնք զինք ստիպեցին հիւանդանոց մտնել պիտի չի կարողանայ մասնակցիլ Արուեստագէտներու եւ Մշակոյթի Աշխարհի Յոբելեանին, որուն ծիրէն ներս նախատեսուած էր, բայց չեղեալ յայտարարուեցաւ, Անոր այցելութիւնը Հռոմի շարժանկարներ նկարահանող և արտադրող «Cinecittà» հիմնարկութեան

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/02/2025, 09:59