MAP

UKRAINE-RUSSIA-CONFLICT-WAR-ANNIVERSARY

Բաւ են պատերազմները, տակաւին ուշ չէ վերականգնել ԵԱՀԿի արդիականութիւնը. Գերապայծառ Կալլակեր

Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ կապերու Քարտուղարը լսատեսողական կապի միջոցաւ ելոյթ ունեցաւ Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ Մշտական Խորհուրդի 1509-րդ ժողովի ժամանակ․ Պատերազմը կանխելու ձախողումը մասամբ կ’արտացոլայ մասնակից պետութիւններու անբաւարար կամքը։ Բայց տակաւին ուշ չէ վերականգնել կազմակերպութեան արդիականութիւնը՝ որպէս բաց եւ ազնիւ երկխօսութեան արդիւնաւէտ բազմակողմ հանդիպում։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Ուքրանիա Ռուսաստանի լայնածաւալ ներխուժման երրորդ տարեդարձի առթիւ, Սուրբ Աթոռը «հաստատակամ եւ հրատապ» կոչ կ’ուղղէ բոլոր ներգրաւուած կողմերուն». վերջ տալ հակամարտութեան, որ այս երեք տարիներու ընթացքին «չափազանց տառապանք պատճառած է Երկրին՝ յառաջացնելով բազմաթիւ զոհեր եւ աւերածութիւններ»:

Սուրբ Աթոռի պատգամն ու մտահոգութիւնը արտայայտեց Վատիկանի Պետութիւններու եւ Միջազգային Կազմակերպութիւններու հետ կապերու Քարտուղար Արքեպիսկոպոս Փոլ Ռիչարտ Կալլակերը՝ Վիեննայի մէջ ընթացող Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) 1509րդ հանդիպմանը լսատեսողական կապով իր ելոյթի ընթացքին։

Յանձնառութիւն մանուկներու եւ բանտարկեալներու նկատմամբ

Գերապայծառ Կալլակերը վերահաստատեց Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը՝ նպաստելու մանուկներու հայրենադարձութեան եւ, միեւնոյն ատեն, խրախուսեց բանտարկեալներու, յատկապէս ծանր վիրաւորուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձանց, ազատ արձակումը՝ ընդգծելով, որ «պատերազմը հսկայական ողբերգութիւն է» եւ կրկնելով Ֆրանչիսկոս Պապի յաճախ արտասանած խօսքերը. «Եկէք չմոռնանք. պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է, միշտ»:

ԵԱՀԿ ն առանցքային՝ արդար եւ տեւական լուծման համար

Սուրբ Աթոռի կոչն է ԵԱՀԿ ին որպէսզի՝ որպէս «միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած արդար եւ տեւական լուծման ձգտող առանցքային հիմնարկ, ներգրաւէ հակամարտող բոլոր կողմերը», նշեց ապա Վատիկանի պաշտօնեան։ Կազմակերպութիւնը ըստ անոր «ձախողած» է, նախ՝ «պատերազմի բռնկումը կանխելու» եւ այնուհետեւ «Ուքրանիոյ հակամարտութեան դիւանագիտական ​​լուծումը դիւրացնելու» ծիրէն ներս, որ, «մասամբ կ’արտացոլայ մասնակից պետութիւններու ոչ բաւարար քաղաքական կամքը»։ Սակայն «երբեք ուշ չէ վերականգնել Կազմակերպութեան արդիականութիւնը՝ որպէս բաց եւ ազնիւ երկխօսութեան իսկապէս արդիւնաւէտ բազմակողմ հանդիպում, որ անփոխարինելի հիմք մըն է դէպի խաղաղութիւն տանող ցանկացած կենսունակ ճանապարհի», յարեց Արքեպիսկոպոսը:

Վերականգնել «Հելսինքեան ոգին»

Ասկէ մեկնելով ան կարեւորեց 1975 թուականի Հելսինքեան եզրափակիչ արարքը, որ նշանաւորեց սառը պատերազմին աւարտը եւ որ կը մարմնաւորէ զայն ստորագրած բոլոր երեսունհինգ պետութիւններու կողմէ կիսուած գաղափարը, որ է՝ «խաղաղութիւնը ոչ միայն պատերազմի բացակայութիւնն է կամ ուժերու հաւասարակշռութեան պահպանումը, այլ՝ նախ եւ առաջ արդիւնք է բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման, յարգելից եւ կառուցողական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան խթանման»։

«Սկզբունքներ, որոնք հիմնուած են միջազգային իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու համընդհանուր պաշտպանութեան վրայ, որոնք այսօր նոյնքան արդիական են, որքան հինգ տասնամեակներ առաջ», յարեց Գերապայծառ Կալլակերը՝ յիշեցնելով, որ այս «Հելսինքեան ոգիէն» ծնաւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը՝ յորդորելով մասնակից պետութիւններուն վերականգնել զայն՝ «մարդկութեան համար այս ողբերգական դարաշրջանին մէջ»:

Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը

Արքեպիսկոպոսը իր ելոյթը եզրափակեց «մարտիրոսացած Ուքրանիոյ» վերաբերեալ Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերով, որ արտասանած էր 2024 թուականի 24 Դեկտեմբերին Հռոմ քաղաքին եւ համայն աշխարհին՝ Ուրպի եւ Օրպի, օրհնութեան ժամանակ. «Թող լռեն զէնքերը պատերազմէն տուժած Ուքրանիոյ մէջ, թող յանդգնութիւնն ունենան բանալու բանակցութիւններու դուռը, հասնելու համար արդար ու մնայուն խաղաղութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2025, 10:00