MAP

Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր 

Գերպ Կալլակեր. Ֆրանչիսկոս Պապին «յոյսի դիւանագիտութիւնը» բուժում բաժնուած աշխարհի համար

ժընեւի մէջ մարդու իրաւունքներուն խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանին ընթացքին պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր վերյիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերը մահապատիժի վերացման եւ աղքատ երկիրներու պարտքին վերացման, ընդգծելով «ուժեղ բազմակողմնութեան» անհրաժեշտութիւնը, որ կը յարգէ պետութիւններուն ինքնիշխանութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ժընեւի մէջ գումարուած մարդկային իրաւունքներու խորհուրդի 58-րդ նստաշրջանին ընթացքին, Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչար Կալլակեր իր ունեցած ելոյթին մէջ ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Պապին «յոյսի դիւանագիտութիւնը»՝ որպէս կենսական պատասխան միջազգային տարաձայնութիւններուն եւ մարդկային իրաւունքներուն խախտումներուն։

Գերապայծառ Կալլակեր ապա շեշտեց կեանքի իրաւունքը, որպէս հիմնական միւս բոլոր իրաւունքներուն զարգացման համար ընդգծելով, որ ամէն մէկ անհատ՝ ըլլայ մանուկ, ըլլայ տարեց, ըլլայ հիւանդ պէտք չէ որ զրկուին յոյսէ։

Գերապայծառ Կալլակեր ուշադրութիւն հրաւիրեց մահապատիժի վերացման եւ փախստականներուն ճգնաժամի  Ֆրանչիսկոս Պապին կոչերուն վրայ ընդգծելով, որ մօտաւորապէս 125 միլիոն անձեր տեղահանուած են ապա առաջարկեց փախստականներու համար ստեղծել «կանոնաւոր եւ անվտանգ երթուղիներ, անոնց հետ երբեք չվերաբերելով որպէս առարկաներ։

Գերպ Կալլակեր կոչ ուղղեց չեղարկելու աղքատ երկիրներու պարտքերը նշելով, որ անոնցմէ շատեր աւելի շատ կը ծախսեն պարտքերը վճարելու համար,  քան առողջութեան եւ կրթութեան համար։

Գերպայծառ Կալլակեր քննարկեց կրօնական ազատութեան նիւթը, որ ճանչցուած է որպէս կայուն խաղաղութեան եւ զարգացման խոչընդոտ ու ընդգծեց նաեւ, որ աւելի քան 380 միլիոն քրիստոնեաներ հալածուած են իրենց հաւատքին համար,  մաղթելով համընդհանուր կրօնական ազատութիւն։

Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութիւններուն քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր ելոյթը աւարտեց ընդգծելով, որ համաշխարհային մարտահրաւէրները կը պահանջեն «ուժեղ բազմակողմնութիւնն» որ կը յարգէ պետութիւններուն ինքնիշխանութիւնը։

Գերպ Կալլակերի ելոյթը «Արդարութեան հարց՝ պարտքերու ներում յոբելինական տարուան մէջ» նիւթի նուիրուած միջոցառումի ընթացքին։

Յայտնենք, թէ երեքշաբթի, 25 փետրուարին, Ժընեւի մէջ «Արդարութեան հարց՝ պարտքերու ներում յոբելինական տարուան մէջ» նիւթին նուիրուած միջոցառումի ընթացքին՝ կազմակերպուած Սուրբ Աթոռի մնայուն դիտորդի առաքելութեան կողմէ Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր ընդգծեց, թէ մարդկային անձի արժանապատուութիւնը տնտեսութիւն գնահատելու առաջին չափանիշն է եւ ոչ թէ շահոյթը։ Յոբելինական Սուրբ Տարուան շրջագիծէն ներս Արք հրաւիրեց մտածելու ողորմութեան եւ արդարութեան մասին ընդգծելով պարտքերը չեղարկելու կամ կրճատելու անհրաժեշտութիւնը , որպէս բարոյական հրամայական։ Գերապայծառ Կալլակեր նշեց, որ աշխարհի գրեթէ ժողովուրդին կէսը կ՝ապրի այն երկիրներուն մէջ ուր պարտքերու վճարումը կը գերազանցէ առողջապահութեան եւ կրթութեան ծախսերը, ապա հրաւիրեց «յարմարեցուած ռազմավարութիւն» զարգացող երկիրներուն մէջ աճող պարտքերու ճգնաժամը լուծելու համար։

Գերպ Կալլակեր ապա առաջարկեց միջազգային ֆինանսական նոր ճարտարապետութիւն՝ հիմնուած արդարութեան եւ համերաշխութեան եւ զօրակցութեան վրայ, լուծելու համար ճգնաժամային իրավիճակը։ Ի վերջոյ կրկնեց մահապատիժի անթոյլատրելիութիւնը, յիշեցնելով իւրաքանչիւր մարդկային կեանքի ներքին արժէքը ճանչնալու կարեւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/02/2025, 11:44