MAP

Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր 

Գերպ Կալլակեր. համարձակ գործողութիւնները անհրաժեշտ են հաւասարակշռուած ամբողջական զինաթափման համար

Ժընեւի մէջ զինաթափման համաժողովի ժամանակ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու յարաբերութիւններուն քարտուղարը կրկնեց միջուկային զէնքի տարածման «անբարոյականութիւնը» եւ զգուշացուց նոր հակամարտութիւններու վտանգներէն՝ կապուած արտաքին տիեզերքի եւ արհեստական բանականութեան հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր Ժընեւի մէջ բացումը կատարեց զինաթափման վերաբերեալ ամէնամեայ համաժողովին՝ փոխանցելով Ֆրանչիսկոս Պապին սրտագին ողջոյնները։ Արտասանած ելոյթին մէջ արքեպիսկոպոսը ընդգծեց զինաթափաման հարցէն ներս ընդհանուր մօտեցումի կարեւորութիւնը՝ նկատել տալով բանակցութիւններուն «փակուղին», որ թոյլ չտուաւ բազմակողմ նոր միջոցներուն որդեգրման։ Գերպ Կալլակեր յայտնեց, որ բոլոր ժողովուրդներուն պարտականութիւնն է գործօն կերպով մասնակցիլ այդ քննարկումներուն, քանի որ զինաթափման հարցը վճռորոշ է համաշխարհային անվտանգութեան համար։

Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակերի  ելոյթին հիմնական կէտերէն մէկը եղաւ միջուկային զէնքի խնդիրը։ Ան յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ամբողջական ոչնչացման սպառնալիքը անհամեմատելի նկատեց համընդհանուր խաղաղութիւն կառուցելու համար։ Գերպ Կալլակեր յորդորեց բանակցութիւններ կատարել «անբարոյական» համարուող այդ զէնքերուն արտադրութիւնը նուազեցնելու եւ վերացնելու ուղղութեամբ։

Վատիկանի դիւանագէտը ակնարկեց նաեւ արտաքին մթնոլորտի տարածքին մասին, ընդգծելով այդ տարածքի պահպանման կարեւորութիւնը խաղաղ եւ զարգացման նպատակներով ու նախազգուշացուց որ վերջին արհեստագիտութեան առաջընթացը գերազանցեց միջազգային օրէնքները, հրատապ դարձնելով տիեզերական օրէնսդրութեան թարմացումը՝ արգիլելու  համար հակաարբանեակային զէնքի մշակումը։

Գերպ Կալլակեր մտահոգութիւն յայտնեց հակամարտութիւններու մէջ արհեստական բանականութեան օգտագործման վերաբերեալ՝ ուշադրութիւն հրաւիրելով ինքնավար զէնքի համակարգերուն մէջ բարոյական դատողութեան բացակայութեան վրայ։ Ան մէջբերեց ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով, որ ոչ մէկ մեքենայ պէտք չէ, որ խլէ մարդ էակի կեանքը։

Ի Վերջոյ գերպ Կալլակեր կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը՝ կրճատելու ռազմական ծախսերը եւ անոնց մէկ մասը յատկացնել համաշխարհային հիմնադրամին՝ ամենաղքատ երկիրներու մէջ սովի վերացման եւ կայուն զարգացման աջակցելու համար, ընդգծեց նաեւ որ սպառազինութեան վրայ ծախսերը կը գերազանցեն յաճախ օրինական պաշտպանութեան համար պահանջուած ծախսերուն։ Գերպ Կալլակեր յորդորեց խթանելու «հանդիպումի տրամաբանութիւնը» այլ ոչ թէ առճակատումը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2025, 10:31