Միջկրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան եւ եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդի միջեւ տարեկան հանդիպումը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Միջկրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան եւ եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդի միջ կրօնական երկխօսութեան ու համագործակցութեանն գրասենեակի միջեւ տարեկան հանդիպումը տեղի ունեցաւ 17էն 20 փետրուարին, Միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան կեդրոնին մէջ։
Այս տարուայ ժողովը ուսումնասիրեց անցեալին տեղի ունեցած համատեղ նախաձեռնութիւններու ազդեցութիւնը, ճանչցաւ համապատասխան մարմիններուն միջ կրօնական գործունէութիւնները, ուսումնասիրեց ապագայ ծրագիրները ու հիմք դրաւ երկու գրասենեակներուն համագործակցութեան 50-րդ տարեդարձին համար, որ պիտի նշուի 2027ին։
1997 թուականէն վերոնշեալ կազմակերպութիւնները կը խթանեն համամիութենական համագործակցութեան մէջ միջկրօնական երկխօսութիւնը, ստեղծելով այնպիսի հիմնական փաստաթուղթեր ինչպէս միջ կրօնական երկխօսութիւնը, մտորումներ միջ կրօնական ամուսնութեան մասին, քրիստոնէական վկայութիւն բազմակրօն աշխարհի մէջ՝ առաջարկութիւններ վարքագծի համար, խաղաղութեան կրթութիւն բազմակրօն աշխարհի մէջ։ Քրիստոնէական տեսակէտ, ծառայել վիրաւոր աշխարհին միջ կրօնական զօրակցութեան ներքեւ։
Հանդիպումին, վերոյիշեալ երկու պատուիրակութիւնները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին երկու հաստատութիւններուն միջեւ խորի բարեկամութեան եւ համագործակցութեան համար։
Ընդունելով կրօնական տարբերութիւնը որպէս աւելի ամբողջական իրականութիւն, վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը միջ կրօնական երկխօսութեան։
Պատերազմներով բնորոշուած աշխարհի մէջ ընդգծեցին կրօններու էական դերը՝ օգնելու բաժանումները բուժելու, խթանելու եղբայրութիւնը եւ նպաստելու խաղաղութեան ու հաշտութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ