MAP

Կարդինալ Միքայէլ Չեռնի Կարդինալ Միքայէլ Չեռնի  

Կարդինալ Չեռնի այցելեց Լիբանանի մէջ Սուրիացի գաղթականներուն

Կարդինալ Չեռնի առաքելական ճամբորդութեան մէկ մասը նուիրեց Քֆարդլակոս շրջանին ճամբարին մէջ գտնուող փախստականներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լիբանանի Քֆարդլակոս քաղաքին մէջ գտնուող Սուրիացի փախստականներուն համար նախատեսուած 004 ճամբարը, ողբերգական իրականութիւն կը ներկայացնէ այնտեղ բնակող 125 մարդոց համար, որոնք ստիպուած են ապրիլ դժուար պայմաններու մէջ աւելի քան տասնը մէկ տարի ետք։ Ընտանիքները, որոնցմէ շատերը երեխաներ ունին կը պայքարին գոյատեւելու համար առողջապահական գետնի վրայ դժուար վայրերու մէջ, սնունդի, ջուրի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ծառայութիւններուն սահմանափակ հասանելիութեան։

Մարդկային համապարփակ ծառայութեան համար վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Չեռնի Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս այցելեց վերոյիշեալ 004 ճամբարը ու հոն հանդիպում ունեցաւ գաղթականներուն, մանուկներուն, Սուրիայէն փախուստ տուող մարդոց հետ։ Ճամբարի մէջ գտնուող կիները, Կարդինալ Չեռնիին բացատրեցին, որ իրենք Սուրիա չեն կրնար վերադառնալ, «քանի որ այնտեղ նոյնիսկ վերմակ մը չ՝ունինք»։ Սուրիոյ մէջ իրավիճակը սրուած է մարդասիրական միջանցքներուն շրջափակման եւ ՄԱԿ-ի անբաւարար օգնութեան պատճառաւ, ինչ որ կը ստիպէ ընտանիքները պարտքեր վերցնել գոյատեւելու համար։

Այս տխուր շրջանակէն ներս կրթութենէն զրկուած երեխաները ստիպուած են փողոցներու եւ դաշտերու մէջ աշխատելու։ Քարիթասը հիմնած է շարժական բուժարան մը՝ առողջապահութիւն ապահովուելու համար, սակայն արտակարգ վիճակներ երբեք չեն պակսիր։ Ճամբարի մէջ գտնուող հասարակութիւնը կ՝ապրի թշուառ արտասովոր շրջանին մէջ։ Կարդինալ Չեռնի զօրակցութիւն եւ ունկնդրութիւնը արտայայտեց ընդգծելով այս ընտանիքներուն տառապանքներն ու յոյսերը կիսելու կարեւորութիւնը։։

Կարդինալ Չեռնին այցելեց նաեւ Թրիփոլիի մէջ գտնուող Al-Moutrane Al-Raaiya դպրոցը, որ ճանչցուած է որպէս տարբեր կրօնական համայնքներու միջեւ յոյսի եւ միասնութեան խորհրդանիշ՝ առաջարկելով ներառական կրթութիւն եւ մարդկային արժէքները։ Դպրոցին մէջ Տարբեր ծագում ունեցող աշակերտները Կարդինալ Չեռնիի դիմաւորեցին պարելով եւ խաղաղութեան երգ երգելով արտայայտելով աւելի լաւ ապագայի փափաքը՝ պատերազմներէն եւ աղքատութենէն ազատ։

Մարդկային համապարփակ ծառայութեան համար վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Չեռնի այցելութիւնը այս վայրերուն կ՝ընդգծէ արժանապատուութիւն եւ հաշտութիւն փնտռող ժողովուրդի մարտահրաւէրն ու յոյսեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2025, 11:07