Նիկիոյ ժողովը միասնութեան աղբիւր եւ ուղեցոյց
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
2025 թուականին կը նշուի յոյսի յոբելինական տարին, որ կը համընկնի Նիկիոյ ժողովի 1700 ամեակի հետ, զոր գումարուած է Կոստանդիանոս կայսրի կողմէ 325 թուականին։ Այս ժողովը որուն մասնակցեցան աւելի քան 300 եպիսկոպոսներ դատապարտեց Արիոսի հերետիկոսութիւնը՝ հաստատելով Նիկիոյ քրիստոնէական հաւատքի հիմքը։ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՝ընդգծէ այդ իրադարձութեան կարեւորութիւնը քրիստոնէական միասնութեան համար՝ բոլորը հրաւիրելով շարունակելու միասնութեան ուղին։
Նիկիոյ ժողովի տարեդարձը յիշատակելու համար, Գրիգորեան քահանայապետական համալսարանը կազմակերպեց համաժողովներ. Փետրուար 27էն մէկ մարտ՝ Հռոմի մէջ եւ 15էն 17 Մարտ Գերմանիոյ Միւնթեր քաղաքին մէջ՝ Նիկիոյ տիեզերական ժողովի պատմութիւնն ու աստուածաբանութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով։ Բացի գիտաժողովներէն նախատեսուած է նաեւ ցուցահանդէս նուիրուած Նիկիոյ ժողովին մասին։
Համաժողովը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տարբեր քրիստոնեայ համայնքներուն ներկայացուցիչներ, նպատակ ունի անդրադառնալու, թէ ինչպէս Նիկիոյ ժողովը այսօր կ՝ազդէ քրիստոնէական ինքնութեան վրայ։
Համաժողովին ընթացքին ընդգծուեցաւ սինոդականութեան եւ աստուածաբանական տարբեր աւանդութիւններուն կարեւորութիւնը։ Փրոֆ Էմանուէլա Փրինզիվալլի ընդգծեց, որ նիկիոյ ժողովը ունէր օրէնսդրական արժէք եւ անդրադարձաւ վճռորոշ հարցերուն, ինչպէս Զատիկի թուականը։
Քահանայապետական արեւելեան կաճարէն, Տանիէլ Կալատզա ընդգծեց թէ ինչպէս Նիկիոյ ժողովը կը նշուի արեւելեան եկեղեցիներու կողմէ եւ կը քննարկէ Քրիստոսի աստուածութեան մասին։
Նիկիոյ ժողովին խօսուեցաւ նաեւ Զատիկը նշելու թուականին մասին։ Զատիկը միասին նշելու փափաքը արտայայտուած է նաեւ 4-րդ դարուն, յիշեց Տանիէլ Կալատզա աւելցնելով որ Կոստանդիանոս կայսրին փափաքն էր որ քրիստոնեաները Զատիկը նշեն միեւնոյն թուականին։ Նիկիոյ ժողովին ընթացքին ընդունուած է այն որոշումներէն մէկը, որ Զատիկը չնշուի Հրէաներուն հետ։
«Այսօր Նիկիոյ ժողովին 1700 տարեդարձին ծիրէս ներս կարելի է կրկին անդրադառնալ այն հարցին, թէ ինչպէս տօնել զատիկը եւ երբ նշել, ըսաւ Տանիէլ Կալատզա՝ յոյս յայտնելով շուտով հասնելու զատիկի մէկ թուականին։
Ի վերջոյ կը մաղթուի, որ Նիկիոյ ժողովի 1700 ամեակը կարենայ խթանել համամիութենական երկխօսութիւն եւ եկեղեցիներու միջեւ աւելի մեծ միասնութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ