Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի. Շարունակենք աղօթել Պապին համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար համայն աշխարհի տարբեր վայրերու, եկեղեցիներուն մէջ աղօթք կը բարձրանայ առ Աստուած Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար։
Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին Սան Տոմենիքօ անուան տաճարին մէջ նախագահութեամբ թեմի արքեպիս կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին կատարուեցաւ վարդարանի ջերմերանդական աղօթքը նուիրուած Պապին դիտաւորութեան։
Արտասանած սիրտի խօսքին մէջ կարդինալ Ծուփփին ըսաւ, որ Աստուծոյ խօսքն ու աղօթքը կը հաւաքեն եւ կ՝արտայայտեն մեր բոլոր խօսքերը լիարժէքութեամբ եւ կ՝օգնեն՝ մենք մեզի հաղորդակցութեան մէջ մնալու Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Իտալիոյ բոլոր եկեղեցիներուն հետ, որոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի միանան աղօթելու հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար։
«Շատեր բարեկամութեան մէջ վստահեցան մեր աղօթքին։ Բազմաթիւ երախտագիտութեան եւ յարգանքի արտայայտութիւնները հասան ու մենք զանոնք Տիրոջ կը յանձնենք, որպէսզի Ֆրանչիսկոս Պապի շնորհէ ուժ իր հաւատքին մէջ եւ բժշկութիւն, որպէսզի վերադառնայ իր ծառայութեան՝ եկեղեցւոյ եւ համայն աշխարհին։
Կարդինալ Ծուփփին իր խօսքը աւարտեց ըսելով, որ Ֆրանչիսկոս Պապին համար շատ հաճելի է այն իրողութիւնը որ իրեն հետ միասին կը յիշենք բոլոր հիւանդները, նաեւ մոռցուածները՝ միայնակ անձերը որոնք կ՝ապրին պատերազմէն եւ բռնութենէն նշանաւորուած հիւանդութիւններով։
Յայտնենք նաեւ, որ Թոսքանայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ Լուժուտիչէ իր արտասանած խօսքին մէջ ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապին դիմագիծին կարեւորութիւնը այն պահուն մէջ ուր աւետարանի արժէքները գրեթէ անտեսուած են յայտնելով իր եւ հաւատացեալներուն մօտիկութիւնը ու հրաւիրեց աղօթելու Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ