MAP

Վատիկանի Աստղադիտարանը Վատիկանի Աստղադիտարանը 

Վատիկանի աստղադիտարան կը ժամանեն համայն աշխարհէն աշակերտներ

21 երկիրներէ քսանհինգ աշակերտներ, հիմնականին մէջ զարգացող երկիրներէն, պիտի ուսումնասիրեն տիեզերքը նորարար James Webb աստղադիտակի միջոցաւ ու այս պիտի ընեն Վատիկանի Աստղադիտարանէն ներս: Դասընթացը, որ հասած է իր տասնիններորդ փուլին, վերապատրաստած է ոլորտի ապագայ մասնագէտներէն:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Յառաջիկայ Յունիս ամսուայ մէջ 21 երկիրներէ քսանհինգ աշակերտներ, պիտի ժամանեն Վատիկանի աստղադիտարան, որ կը գտնուի Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Պալատի տարածքներուն վրայ, հետեւելու համար աստղագիտութեան և աստղաֆիզիքայի ամարային դասընթացքին մը, հնարաւորութիւն ունենալով  տիեզերքը ուսումնասիրել նորարար James Webb աստղադիտակի միջոցաւ։

Դասընթացքին ընթացքին պիտի ներկայացուին «James Webb» աստղադիտակի ձեռք բերած նուաճումները չորս գիտական ոլորտներն ներս. (1) տիեզերքի առաջին լոյսը և վերա-իոնացումը, (2) Ծիր կաթիններու ձևաւորումն եւ զարգացումը, (3) աստղերու և նախամոլորակային համակարգերու ծնունդը և (4) մոլորակային համակարգերը ու կեանքի ծագումը։

Դասընթացը պիտի վարեն աշխարհահռչակ գիտնական դասատուներ։

Նշենք որ այս տասնիններորդ տարին է, որ Վատիկանի Աստղադիտարանի ամարային դպրոցը իր մօտ կը հիւրընկալէ աշակերտներ եւ 1986էն մինչեւ այսօր դպրոցը յաճախած են աւելի քան 450 աշակերտ։ Այդ աշակերտներէն 85% կը շարունակէ այսօր եւս աշխատիլ ժամանակակից աստղագիտութեան ասպարէզէն ներս եւ անոնցմէ մի քանիները այժմ դարձած են աստղադիտարանի ամարային դպրոցի դասատուներ։

Այս տարի դպրոցը յաճախող 25 աշակերտները ընտրուեցան թեկնածութիւնը ներկայացնող 170 աշակերտներէ։ Ամէն երկրէ դասընթացքին կարող են մասնակցիլ միայն երկու աշակերտ։ Մասնակցողներուն կէսը ծնած է մէկ Յունուար 2000էն ետքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2025, 07:41