MAP

2025.01.27 Il cardinale Gugerotti in visita ad Aleppo, Siria

Քրիստոնեաները Սուրիոյ մէջ գլխաւոր դերակատարներ թող ըլլան․ Կարդինալ Կուճերոթթի

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի պատուիրակ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին 23 Յունուարէն մեկնած է Միջին Արեւելք, նախ Լիբանան, ապա Սուրիա, իր հետ տանելով Քահանայապետին ողջագուրումն ու օրհնութիւնը։ Ճամբորդութեան վերջին օրը՝ 29 Յունուարին, Ան պիտի այցելէ Պապ Թումայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին 23 Յունուարին մէկ միշաբաթեայ այցով մեկնեցաւ նախ Լիբանան ապա Սուրիա՝ Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնարարութեամբ եւ յոյսի ու զօրակցութեան պատգամով։

Փախստականներու վերադարձի հարցը

Երկիրներ, որոնք անկայունութեան եւ հակամարտութիւններու իրավիճակներ ապրած են եւ տակաւին կ’ապրին: Ծիրանաւորի յոյսն է, որ Լիբանանի մէջ վերջերս հաստատուած զինադադարը թոյլ տայ Երկրի մէջ գտնուող բազմաթիւ սուրիացի փախստականներուն՝ անոնց շարքին, զգալի թուով քրիստոնեաներ, հնարաւորինս շուտ վերադառնալու հայրենիք։ Ճամբորդութեան ատեն Կարդինալը հանդիպած է մարդասիրական հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հետ՝ ընդգծելով միջազգային օգնութեան անհրաժեշտութիւնը՝ մարդասիրական ճգնաժամերը լուծելու եւ փախստականներու վերադարձը խթանելու համար։ Վերջիններուս վերադարձը առաջին հերթին կապուած է աշխատատեղերու ստեղծման եւ անվտանգութեան ապահովման հետ, որոնք ներկայիս կը բացակային։

Մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ իրականութիւնը բարդ է եւ ողբերգական

Մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ իրականութիւնը բարդ է եւ ողբերգական․Դամասկոսը Հալէպին միացնող ճանապարհը նահատակութեան խորհրդանիշն է, երկիրին վերջին տասը տարիներու ընթացքին կրած աւերածութիւններու եւ լքուածութեան պատկերներով, որոնք կը պատմեն անջնջելի հետք թողած պատերազմի մասին: Երբեմնի ծաղկող քրիստոնեայ բնակչութեան թիւը կտրուկ կրճատած է, եւ հաւատացեալներն այժմ կը բախուին հսկայական դժուարութիւններու եւ անորոշութեան: Բաւական է նշել, որ Հալէպի մէջ մինչ պատերազմը կը բնակէին աւելի քան 300,000 քրիստոնեաներ, որոնք այժմ 30,000էն ալ պակաս են։

Քրիստոնեաները Սուրիոյ անբաժանելի մաս

Այցելելով Հալէպ, Հոմս եւ Դամասկոս քաղաքներ՝ Կարդինալ Կուճերոթթին ընդգծած է քրիստոնէական համայնքի կարեւորութիւնը «նոր Սուրիոյ» կառուցման նպաստելու գործին մէջ՝ կոչ ընելով քրիստոնեաներուն չհամակիլ վախով, չյանձնուիլ դժուարութիւններու առջեւ եւ յաւակնիլ դառնալու աշխոյժ դերակատարութեամբ հասարակութիւն մը:

«Նոր Սուրիան դեռ յղիութեան մէջ է, բայց երբ ան ծնի, լաւ մանկաբարձի կարիք պիտի ունենայ, եւ անոր մէջ քրիստոնեաներն ալ բաժին ունին», պնդած է Ան լատին հաւատացեալներուն Սուրբ Ֆրանչիսկոս եկեղեցւոյ մէջ զրոյցի ընթացքին։

Սուրիոյ քրիստոնեաները կը պահանջեն այլեւս չհամարուիլ փոքրամասնութիւն, կ’ուզեն վերականգնել իրենց հիմնարար դերը հասարակութեան եւ երկրի պատմական կառուցուածքի մէջ, նշած է Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։ Այս իմաստով Անոր այցը նոր լիցք հաղորդած է Սուրիոյ անբաժանելի մաս ընկալուելու քրիստոնեաներու ցանկութեան։

Քրիստոնէական տարբեր դաւանանքներու միջեւ միասնութեան կարեւորութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապին Ներկայացուցիչը նշանակալից հանդիպումներ ունեցած է կրօնական առաջնորդներու հետ եւ արտայայտած քրիստոնեաներու միջեւ աւելի սերտ միասնութեան անհրաժեշտութիւնը՝ մարտահրաւէրներուն դիմակայելու եւ երկրի վերածնունդին նպաստելու համար: Ան ընդգծած է երկու ժողովուրդներու կրօնական համայնքներու միջեւ առկայ կապերու կարեւորութիւնը, նկատել տալով, որ Մարոնի Եկեղեցւոյ արմատները Սուրիոյ մէջ են եւ, ուրեմն, «երկու Երկիրներու միջեւ ուժեղ շփում կայ», ինչը էական է համագործակցութեան եւ խաղաղութեան մթնոլորտ ստեղծելու համար:

Երիտասարդները՝ Երկրի վերակառուցման հիմնարար կենսամիջոց

Երիտասարդները կը դիտուին որպէս երկրի վերակառուցման հիմնարար կենսամիջոց, սակայն զանոնք ներգրաւելու համար անհրաժեշտ է, որ անոնք ընկալեն յոյսի եւ կայունութեան ապագայ։ Աւելին, քրիստոնեաներէն խիստ պահանջ կայ չհամարուիլ որպէս փոքրամասնութիւն, այլ որպէս սիրիական հասարակութեան անբաժանելի մաս՝ հաւասար իրաւունքներով եւ պարտականութիւններով։

Ամփոփելով նշենք, որ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթիի այցը միջին արեւելեան տարածաշրջան՝ Ֆրանչիսկոս Պապի մօտիկութեան եւ զօրակցութեան նշանն է սուրիացի քրիստոնեաներու նկատմամբ՝ մեծ տառապանքի եւ անորոշութեան այս պահու ընթացքին: Ան Սուրիոյ տուած իր այցը պիտի աւարտէ վաղը առաւօտեան ուր Պապ Թումայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարանին մէջ մասնակցելէ ետք Սուրբ Պատարագին, Դամասկոսի Նուիրակութեան մէջ պիտի կիսէ կէսօրուան ճաշը ապա պիտի ուղղուի Լիբանան ուրտեղէն ապա Հռոմ պիտի վերադառնայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2025, 08:25