MAP

Կարդինալ Փարոլին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Պապական նուիրակները Կարդինալ Փարոլին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Պապական նուիրակները 

Կարդինալ Փարոլին հանդիպեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ առաքելական նուիրակներուն հետ

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, որ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը, Ամանի մէջ հանդիպեցաւ Պահրէյնի, Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ թագաւորութիւններուն, Յորդանանի, Իրանի, Իրաքի, Իսրայէլի, Լիբանանի, Օմանի, Պաղեստինի, Քաթարի, Սուրիոյ եւ Եմէնի Պապական նուիրակներուն հետ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յորդանանի մայրաքաղաք՝ Ամմանի մէջ՝ ուր ժամանեց Յիսուսի Մկրտութեան եկեղեցին օծելու համար, Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, 13 յունուարին, գլխաւորեց Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանի մէջ առաքելական նուիրակներու ժողովը։ Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացնելով, որ ժողովին ներկայ գտնուեցան Պահրէյնի, Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ թագաւորութիւններուն, Յորդանանի, Իրանի, Իրաքի, Քուէլթի Իսրայէլի, Լիբանանի, Օմանի, Պաղեստինի, Քաթարի, Սուրիոյ եւ Եմէնի Պապական նուիրակները։

Հանդիպումին ընթացքին նշուած է հաղորդագրութեան մէջ, «Շօշափուեցան տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող տագնապները, իւրաքանչիւր երկրի եկեղեցական, քաղաքական վիճակը, յոյսի նշանները, մարդասիրական լուրջ իրավիճակները՝ որոնք առկայ են հակամարտութիւններու մէջ ներգրաւուած բնակչութեան մէջ եւ միջազգային հանրութեան աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը»։

Մաղթանք յայտնուած է որ պատերազմները շուտով դադրին բոլոր ճակատներուն վրայ ու Մերձաւոր Արեւելքը դառնայ խաղաղութեան երկիր, ուր քրիստոնեաները կը մնան էական բաղադրիչ՝ տարբեր կրօններու միջեւ եղբայրական համակեցութեան մէջ։

Կարդինալ Փարոլինի եւ Լիբանանի նոր նախագահի միջեւ հեռախօսազրոյց

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Կարդինալ Փարոլին հեռախօսազրոյց ունեցաւ անցեալ 9 յունուարին Լիբանանի նորընտիր նախագահ, Ժոզէֆ Աունին հետ։

Ջերմ խօսակցութեան ընթացքին, Ծիրանաւորը շնորհաւորած է անոր Հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն կապակցութեամբ ու իր բարեմաղթանքները յայտնած է ապահովուելով իր աղօթքը։ Կարդինալ Փարոլին նաեւ ուրախութիւն յայտնեց տիար Նավաֆ Սալամին շուտով վարչապետի նշանակման համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2025, 09:08