MAP

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին  (AFP or licensors)

Կարդինալ Փարոլին. Քրիստոնեաները էական ներկայութիւն են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ

Յորդանանի մէջ Յիսուսի Մկրտութեան եկեղեցւոյ օծումէն ետք, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը հարցազրոյց մը ունեցաւ Վատիկան Նիուզի հետ. Սուրիոյ մէջ դրական նշաններ, Լիբանանի մէջ նոր նախագահի ընտրութիւնը, խաղաղութեան հասնելու համար բանակցութիւններու դժուարութիւնները, եւ Չինաստանի կառավարութեան հետ եպիսկոպոսներուն նշանակման համաձայնութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Յորդանանի մէջ գլխաւորեց Յիսուսի Մկրտութեան նուիրուած եկեղեցւոյ օծումի արարողութիւնը՝ աւելի քան 6000 հաւատացեալներուն ներկայութեամբ։
Արարողութեան աւարտին, «Վատիկան Նիւզ«ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին կարդինալ Փարոլին անդադարձաւ վերոյիշեալ եկեղեցւոյ օծումին եւ Միջին Արեւելքի մէջ ներկայ կացութեան։

Իր խօսքին մէջ Կարդինալ Փարոլին շեշտը դրաւ յոյսի ուղերձին վրայ՝ որ ի յայտ կու գայ հակամարտութիւններով յատկանշուած տարածքէն ու ուշադրութեան հրաւիրեց զէնքերը խաղաղութեան գործիքներու վերածելու կարեւորութեան վրայ հաստատելով որ Քրիստոնեաներու ներկայութիւնը, Միջին Արեւելքին մէջ՝ Մերձաւոր Արեւելքին մէջ հասարակութեան հիմնարար բաղադրիչն է, որ կարող է նպաստել հակամարտութիւններուն կարգաւորման։

Կարդինալ Փարոլին զրուցեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն վիճակի մասին, ընդգծելով անոնց պատմականութիւնն ու կարեւորութիւնը տեղական հասարակութիւններուն մէջ, թէեւ դժուարութիւններուն պատճառով անոնց ներկայութիւնը կը նուազի նկատել տալով, որ առանց քրիստոնեաներուն Մերձաւոր Արեւելքը կը խեղճանայ։ Սուրիոյ մասին ծիրանաւորը յոյս յայտնեց, որ ապագային Սուրիոյ մէջ բոլոր քաղաքացիները կարենան օգտուիլ հաւասար իրաւունքներէն, իսկ Լիբանանի նախագահի վերջին ընտրութեան վերաբերեալ, կարդինալ Փարոլին դրականօրէն արտայայտուեցաւ, երկրի մէջ տեսնելով կայունութեան յոյսի դրական նշան։

Աշխարհի մէջ հակամարտութիւններու շրջագիծէն ներս բանակցութիւններուն դժուարութիւններու վերաբերեալ կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ կողմերուն միջեւ վստահութեան բացակայութեան եւ երկխօսութեան համար պատասխանատու հաստատութիւններուն ճգնաժամերուն, կարեւորելով մօտեցումի կեցուածքը, որ դուրս է «ակումբային» մտածելակերպէն, ընդունելով տարբեր տեսակէտները։ Կարդինալ Փարոլին շեշտեց որ «արդար խաղաղութիւնը» պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային իրաւունքին վրայ եւ Քրիստոնեայի միտքին մէջ արդարութիւնը կ՝ենթադրէ նաեւ սէր եւ ներում։

ի վերջոյ, ինչ կը վերաբերի Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ երկխօսութեան, կարդինալ Փարոլին լաւատեսութիւնը յայտնեց Հռոմի Քահանայապետին հետ հաղորդութեան ճանաչումի առաջընթացին վերաբերեալ ու ընդգծեց համբերութեան եւ մարտահրաւէրները դիմակայելու երկարաժամկէտ հեռանկարի անհրաժեշտութիւնը։

Կարդինալ Փարոլին զրոյը եզրափակեց հրաւիրելով պահպանելու յոյսն ու երկխօսութեան, հաշտութեան ճանապարհին մէջ յանձնառութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2025, 09:36