MAP

2024.12.16 L'Aula Paolo VI, Aula delle udienze Pontificie, Aula Nervi

«Հաղորդակցելով յոյսը. տարբեր տեղեկատուութիւն մը կարելի է», ցուցահանդէս Վատիկանի մէջ

Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ 25 Յունուարին Պօղոս Զ սրահին մէջ նախաձեռնութեամբ Սուրբ Պօղոս Հասարակութեան եւ Սուրբ Պօղոսի Դուստրեր Ընկերութեան՝ հովանաւորութեամբ Աւետարանումի եւ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութիւններու։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Լրագրութեան նպատակները երկու են՝ պաշտպանել ժողովրդավարութիւնը եւ օգնել մարդկանց առօրեայ կեանքէն ներս: Հետաքննութիւնները կարեւոր են, բայց կարեւոր է նաեւ լուծումներ առաջարկել այն ամէնի համար, որ չի գործեր»: «Daily Maverick» թերթի համահիմնադիր Սթիլի Չարալամպուսի այս արտայայտութիւնը կ’ամփոփէ լրագրութեան հիմնական նպատակները, այն է՝ պաշտպանել ժողովրդավարութիւնը եւ աջակցիլ մարդկանց առօրեայ կեանքէն ներս։

Խորհելով վերոնշեալ խօսքի մասին եւ թէ ինչպէս կարող է լրագրութիւնը վստահութիւն եւ յոյս հաղորդել «Յոյսի ուխտաւորներ» կարգախօսով Սուրբ Տարուան առթիւ՝ լրագրողներ Ֆրանչեսքօ Անթոնիոլին եւ Ճերոլամօ Ֆազինին յղացած են «Հաղորդակցելով յոյսը. տարբեր տեղեկատուութիւն մը կարելի է» ցուցահանդէսը։ Միջոցառման խթանողներն են Սուրբ Պօղոս Հասարակութիւնը եւ Սուրբ Պօղոսի Դուստրեր Ընկերութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Աւետարանումի եւ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութիւններու։

Ցուցահանդէսը կը նուիրուի հաղորդակցութեան աշխարհի Յոբելեանին

Շրջիկ ցուցահանդէս, որ առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի Վատիկանի Պօղոս Զ սրահի մէջ 25 Յունուարին եւ նուիրուած է Հաղորդակցութեան աշխարհի Յոբելեանին։

Քսանչորս տեղեկատուական վահանակներու միջոցաւ՝ հաղորդակցութեան աշխարհի ներկայացուցիչները՝ համատեղ պատասխանատուութեան ուղղուած Ֆրանչիսկոս Պապի յորդորներով, կը հրաւիրուին խորհելու հասարակութեան մէջ իրենց դերի մասին եւ վերագտնելու մասնագիտութեան քաղաքացիական հարթութիւնը առաւել եւս, եթէ ան խարսխուած է քրիստոնէական արժէքներու վրայ:

Ձայն տալ ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին վկայող լրագրողներուն

Ցուցահանդէսը կը փորձէ լոյս սփռել նորութիւններու նկատմամբ հանրութեան դժգոհութեան պատճառներու վրայ։ Չափէն աւելի տեղեկատւութիւնը եւ «վատ նորութիւններու» գերակշռութիւնը կ’ առաջացնեն «նորութիւններէն խուսափելու» երեւոյթ, որ կը սպառնայ ժողովրդավարութեան որակին։

Յիրաւի, ցուցահանդէսը անդրադառնալով նորութիւններու նկատմամբ հասարակութեան դժգոհութեանը, նպատակ ունի առաջարկել դրական եւ կառուցողական հաղորդակցութեան ձեւաչափեր՝ ձայն տալով ճշմարտութեան եւ արդարութեան մասին վկայող լրագրողներուն:

Ազնիւ, անկողմնակալ լրագրութիւն, որ կարող է մեզ ուղեկցիլ դէպի ապագայ

Անթոնիոլիի եւ Ֆազինիի համոզմամբ յոյսի հաղորդակցման յանձնառութիւնը հաւատացեալներու եւ ոչ հաւատացեալներու միջեւ սահմանէն անդին կ’երթայ՝ ներկայացնելով ճշմարտութեան որոնման եւ ժողովրդավարութեան հանդէպ քաղաքացիական հակում, ազնիւ, անկողմնակալ լրագրութիւն, որ կարող է մեզի ուղեկցիլ դէպի ապագայ: Այս գաղափարէն մեկնելով 25 Յունուարին կազմակերպուած է նաեւ համաժողով մը, որ նուիրուած հակամարտող աշխարհի մէջ նոր լրատուամիջոցներու համագործակցութեանը եւ երիտասարդներու վրայ անոնց ազդեցութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2025, 12:09