MAP

2025.01.01 carta postale giubileo heiliges jahr

24-26 Յունուար Հաղորդակցութեան աշխարհի Յոբելեանը

Հաղորդակցութեան ու լրագրողներուն դիմաց կայացած բազմաթիւ մարտահրաւէրները կիզակէտը պիտի դառնան յառաջիկայ օրերուն Հռոմի մէջ նախատեսուած հանդիպումներու ու ձեռնարկներու ծրագրին, Հաղորդակցութեան աշխարհի Յոբելեանին առիթով, որ պիտի կայանայ 24էն 26 Յունուար 2025-ին, Յոյսի Ուխտաւորներ Յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մենք չենք կրնար մենք զմեզ խաբել մտածելով կառուցել լաւ հաղորդակցութիւն՝ անտեսելով վատը, բայց կարող ենք փոխել հեռանկարը, եթէ ընտրենք պատմել լոյսի կայծեր, որոնք միշտ կան իւրաքանչիւր պատմութեան մէջ, և որ կարելի է տեսնել նոյնիսկ ամենամութ իրադարձութիւններուն մէջ»։

Հաղորդակցութեան ու լրագրողներուն դիմաց կայացած բազմաթիւ մարտահրաւէրները կիզակէտը պիտի դառնան յառաջիկայ օրերուն Հռոմի մէջ նախատեսուած հանդիպումներու ու ձեռնարկներու ծրագրին, Հաղորդակցութեան աշխարհի Յոբելեանին առիթով, որ պիտի կայանայ 24էն 26 Յունուար 2025-ին, Յոյսի Ուխտաւորներ Յոբելենական տարւոյն ծիրէն ներս։

Արդարեւ այդ օրերուն հազարաւոր լրագրողներ ու հաղորդակցութեան աշխարհի գործիչներ Հռոմ պիտի ժամանեն որպէս ուխտաւոր, անցնելու համար Յոբելենական Սուրբ Դռան տակէն, հանդիպելու Սրբազան Պապին ու մասնակցելու այս առիթով նախատեսուած զանազան ձեռնարկներուն։

24 Յունուարին հիւրընկալութիւն եւ սուրբ պատարագ

Հիւրընկալութիւնը նախատեսուած է 24 Յունուարի երեկոյեան ժամը 5,30-ին, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ ապաշխարութեան արարողութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ Սուրբ Պատարագը, լրագրողներու պաշտպան սուրբ` Սուրբ Ֆրանչեսքօ Տէ Սալեսի տօնին առիթով, զոր պիտի գլխաւորէ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Պալտօ Ռէյնան։ Այս առիթով Սուրբին մասունքները պիտի ցուցադրուին պազիլիքային մէջ։

Ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Դուռ

Շաբաթ 25 Յունուարին օրակարգը սկիզբ պիտի առնէ առաւօտեան կանուխ։ Ժամը 7.30-9.30 նախատեսուած է Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Դռան ուխտագնացութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ հակիրճ դադար Պօղոս Զ անուան սրահի մուտքին, որմէ ետքը նախատեսուած է մշակութային հանդիպում մը, որուն կը մասնակցին խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակակիր` Մարիա Ռեսսա եւ Տոքթ. Colum McCann, «Narrative 4» կայանի համահիմնադիրը ու իտալացի լրագրող Մարիօ Քալապրեզի։

Այս ձեռնարկին կը յաջորդէ Մայեսթրօ Ութօ Ուկիին ելոյթը ապա տեղի կ՛ունենայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ հանդիպումը։

Կէսօրէն ետքը սկիզբ կ՜առնէ «Քաղաքին հետ երկխօսութիւններ» տիտղոսով մշակութային եւ հոգեւոր բնոյթ ունեցող հանդիպումներու շարք մը, որոնք տեղի պիտի ունենան Հռոմի զանազան վայրերուն մէջ եւ որոնք պիտի ընդգրկեն զանազան նիւթեր` ինչպէս «հաղորդակցութիւնը եւ յոյսը», «Յոյսի յոբելեանը Հաղորդակցողներու միութիւնը բաժնեկցուած ճանապարհորդութեան համար» ուղղուած երիտասարդներուն, «Լրագրութիւնը որպէս առաքելութիւն` ձայն տալով մարդկութեան արուարձաններուն մէջ գտնուող ձայնազուրկներուն», «Լրագրութիւնը ի ծառայութիւն ժողովրդավարութեան», «Հաղորդել յոյս եւ խաղաղութիւն», «Մրցոյթէն մինչև համագործակցութիւն. Նոր հաղորդամիջոցները, որպէս յոյսի խողովակ երիտասարդներուն համար, հակամարտող աշխարհի մը մէջ», «Ինչպէս կաթողիկէ հաղորդամիջոցները կարող են ըլլալ խաղաղութեան դերակատարներ» ապա «Եկեղեցին պատմել Հռոմէն, հանդիպում Վատիկանեան հարցերով զբաղող լրագրողներուն հետ» ։

Աստուածային Խօսքի կիրակիին առթիւ պատարագ

Կիրակի 26 Յունուարին, առաւօտեան ժամը 9.30ին Աստուածային Խօսքին նուիրուած Կիրակիին առիթով, Սուրբ Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ նախատեսուած է Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին Ան դպրութեան կարգ պիտի շնորհէ 40 աշխարհականներու ։

Հաղորդակցութեան Գործիչներու կաթողիկէ հաստատութիւններու միջազգային համաժողովը

Բացի վերոնշեալ ձեռնարկներէն` 27էն 29 Յունուարին տեղի պիտի ունենայ Հաղորդակցութեան Գործիչներու կաթողիկէ հաստատութիւններու միջազգային համաժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասերու եւ կրօնական ընտանիքներու հաղորդակցութեան պատասխանատուները եւ որուն առթիւ նախատեսուած են հաղորդակցութեան աշխարհի տարբեր մասնագէտներու ելոյթները։

28 Յունուարին Սուրբ Թովմաս Աքուինացիի ծիսական տօնին օրը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ պիտի մատուցէ սուրբ պատարագ, յատկացուած վերոնշեալ համաժողովի մասնակիցներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2025, 09:30