MAP

2024.01.31 Diritti concessi Malato in ospedale (Mirek Krajewski)

Ֆրանչիսկոս Պապին որոշումով Հիւանդի Համաշխարհային Օրուան հանդիսաւոր արարողութիւնները յետաձգուած են 2026ին

Առ այդ Յոբելենական Տարւոյն առիթով Եկեղեցին Հիւանդի Միջազգային օրը պիտի նշէ թեմական մակարդակով` 11 Փետրուարին, մինչ Հիւանդներու ու առողջապահական աշխարհի գործիչներու Յոբելեանը նախատեսուած է յառաջիկայ 5 եւ 6 ապրիլին ապա հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու Յոբելեանը պիտի նշուի նոյն ամսուայ աւարտին` 28 եւ 29 ապրիլին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Հիւանդի համաշխարհային Օրը ամէն տարի կը նշուի 11 Փետրուարին, Լուրտի Տիրամօր տօնին օրը եւ ամէն երեք տարին անգամ մը անիկայ կը կատարուի մեծ հանդիսութեամբ Մարեմեան սրբավայրի մը մէջ։

Յոբելենական տարւոյն պատճառաւ Ֆրանչիսկոս Պապը այնպէս տնօրինեց որ այդ Օրուան հանդիսաւոր արարողութիւնները, որոնք տեղի պէտք էին ունենալ այս տարի, յետաձգուին 11 Փետրուար 2026ին ու կատարուին Փերուի Արեքիփա քաղաքի «Virgen de Chapi» սրբավայրին մէջ» լուրը կը կարդանք Մարդկային համապարփակ զարգացումի ի սպաս Վերատեսչութեան եւ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան միատեղ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր նաեւ նշուած է թէ Արեքիփայի Արքեպիսկոպոս Գերապ. Խավիէ Տէ Ռիօ Ալպան, մեծ խանդավառութեամբ ընկալեց Քահանայապետին այս որոշումը։

Առ այդ Յոբելենական Տարւոյն առիթով Եկեղեցին Հիւանդի Միջազգային օրը պիտի նշէ թեմական մակարդակով` 11 Փետրուարին, մինչ Հիւանդներու ու առողջապահական աշխարհի գործիչներու Յոբելեանը նախատեսուած է յառաջիկայ 5 եւ 6 ապրիլին ապա հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու Յոբելեանը պիտի նշուի նոյն ամսուայ աւարտին` 28 եւ 29 ապրիլին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2025, 13:42