Գերապ. Կալլակէր կը մեկնի Քոնկօ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
Պետութիւններու և միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապ. Փոլ Ռ. Կալլակէր 11-էն 14- Յունուար յատուկ առաքելութեամբ պիտի այցելէ Քոնկոյի Հանրապետութիւնը՝ Շրջանակային համաձայնագիրի իրականացման համատեղ յանձնաժողովի աշխատանքներուն մեկնարկին առիթով։
Կեցութեան ընթացքին Ան պիտի այցելէ Աստուծոյ Ծառայ Կարդինալ Էմիլ Պիայնտայի շիրիմը, ապա պատարագ պիտի մատուցէ Առաքելական Շարժումի Յոբելեանին առիթով հուսկ հանդիպում պիտի ունենայ Քոնկոյի եպիսկոպոսներուն հետ։
Վատիկանի ներկայացուցիչին Քոնկոյի հանրապետութեան պետական իշխանութիւններուն պաշտօնական հանդիպումները նախատեսուած են 13 Յունուարին ուր Ան առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Քոնկոյի հանրապետութեան Նախագահին, Վարչապետին եւ արտգործ նախարարին հետ։
Մինչ երեքշաբթի օր` 14 Յունուարին նախատեսուած է Շրջանակային համաձայնագիրի իրականացման համատեղ յանձնաժողովի աշխատանքներուն պաշտօնական բացումը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ