MAP

Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր Արք Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր 

Արք Կալլակէրի այցը Քոնկօ . Ֆրանչիսկոս Պապ կը սիրէ այս երկիրը, կառուցեցէք աւելի արդար ու միացած հասարակութիւն

Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր կ՝այցելէ Պրազավիլ ու կը մատուցէ եկեղեցական շարժումներուն յոբելինական Պատարագը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Պետութիւններու եւ Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար, Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէր, յունար 11էն 14 կ՝այցելէ Քոնկոյի հանրապետութիւնը՝ սկիզբ տալու համար շրջանային համաձայնագիրի իրականացման համատեղ յանձնաժողովի աշխատանքներուն, համաձայնագիր մը որ կը ճանչնայ Քոնկոյին մէջ եկեղեցւոյ իրաւաբանական անձը։

Այցելութեան ընթացքին գերպ Կալլակէր, Ֆրանչիսկոս Պապին օրհնութիւնը փոխացնեց Քոնկոյին ժողովուրդին, մօտիկութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որոնք կը դիմագրաւեն դժուարութիւններ՝ ինչպէս բնական աղէտները եւ ցեղային հակամարտութիւնները։

Արք Կալլակէր եկեղեցական շարջումներուն Յոբելինական Սուրբ Տարուան պատարագ մատոյց Պրազավիլի մէջ ու իր արտասանած քարոզին մէջ կ՝ընդգծէ յոյսի, քրիստոնէական ուրախութեան եւ առաքելութեան կարեւորութիւնը ապա կը հրաւիրէ հաւատացեալները վերանորոգելու իրենց հաւատքը եւ աշխատելու արդար եւ եղբայրական հասարակութեան համար յիշեցնելով Քոնկոլացի կարդինալ Էմիլ Պիայէնտաի վկայութիւնը։ Գերպ Կալլակէր կը յորդորէ երիտասարդները չկորսնցնելու իրենց յոյսը ու կը վերանորոգէ եղբայրսիրութեան, արդարութեան արարչագործութեան հանդէպ յարգանքի ուղերձը։

Նշենք թէ ծիսական արարողութիւններէն անդին նախատեսուած են Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահին, վարչապետի եւ կառավարական անձնաւորութիւններուն հետ հանդիպումներ ապա տեղի պիտի ունենայ համատեղ յանձնաժողովին աշխատանքներուն բացումը, որուն պիտի յաջորդէ միջազգային համագործակցութեան նախարարի հետ հանդիպում, նախ քան Հռոմ վերադառնալը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2025, 09:53