MAP

Սուրբ Աթոռի մօտ դիւանագիտական մարմնի անդամները Սուրբ Աթոռի մօտ դիւանագիտական մարմնի անդամները  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Վատիկանի մէջ դեսպանները. Յոյսը կ՝ամրապնդէ խաղաղ աշխարհի մը համար յանձնառութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներուն հետ հանդիպումի ընթացքին, Կիպրոսի ներկայացուցիչ Տիար Ժորժ Փուլիտի ողջոյնի խօսքը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 9 յունուարին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտները։ Հանդիպումին սկիզբը, դիւանագիտական մարմնի աւագ երեց,Կիպրոսի դեսպանը, տիար Ժորժ Փուլիտի, բոլորին անունով արտասանեց ողջոյնի խօսք մը՝ ուղղուած Քահանայապետին։

Իր խօսքին մէջ Սուրբ Աթոռի մօտ Կիպրոսի դեսպանը ընդգծեց դիւանագիտութեան մէջ ստեղծագործելու եւ քաջութեան կարեւորութիւնը՝ բազմազանութեան մէջ միասնութիւնը խթանելու համար։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Պապին անխոնջ յանձնառութեան համար եւ կարեւորեց Յոբելինական տարուան կապուած թեման՝ յոյսը, շեշտելով որ յոյսը կարող է միաւորել սերունդները եւ ամրապնդել համայնքները։ Տիար Փուլիտ յիշեցուց ամենախոցելիներուն համար «յոյսի ուխտաւորներ» դառնալու կարեւորութիւնը՝ նպաստելու համար՝ յարմարաւէտութեան, համալրումի առաքինի շրջանակին։

Կիպրոսի դեսպանը ընդգծեց նաեւ, որ բարի դիւանագէտը պէտք է ունենայ «յոյս» եւ համբերութիւն, որոնք անհրաժեշտ են հակամարտութիւնները լուծելու եւ բազմամշակութային հասարակութիւնները կառուցելու համար։

Տիար Փուլիտ ապա յիշեց Ֆրանչիսկոս Պապին հարստութիւններուն արդար վերաբաշխման եւ աղքատ երկիրներուն պարտքի չեղարկման կոչը, ոչ թէ որպէս խղճահարութիւն այլ որպէս բարոյական փոխհատուցում։

Կիպրոսի դեսպանը խօսքը աւարտեց վերյիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին՝ «սիրտի դռները լայն բանալու» հրաւէրը ընդգծելով որ փոփոխութիւնը պէտք է սկսի մեզմէ՝ իւրաքանչիւրէս, որպէսզի աշխարհը կարողանայ վերականգնել ամենակարեւորը՝ սիրտը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2025, 12:30