MAP

Արք Կալլակէր եւ Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահը Արք Կալլակէր եւ Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահը 

Քոնկօ. Աւարտեցաւ Արք Կալլակէրի ճամբորդութիւնը

Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններունհետ յարաբերութեան քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչար Կալլակէր հանդիպեցաւ Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահ, Ն՛Կուէսոյի հետ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար, Արք Փոլ Ռիչար Կալլակէր աւարտեց իր այցը Պրազավիլ, ուր հանդիպում ունեցաւ Քոնկոյի հանրապետութեան նախագահ, Տէնիս Սասսու Ն՛Կուէսոյի, վարչապետ, Անաթոլ Քոլլինէ Մակոսսոյի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Քլոտ Կաքոսսոյին հետ։ Արքեպիսկոպոսին Այցելութիւնը կը համընկնի Քոնկոյի հանրապետութեան եւ Սուրբ Աթոռի միջեւ 2017 թուականին ստորագրուած շրջանակային համաձայնագիրի իրականացման համատեղ յանձնաժողովի աշխատանքներուն մեկնարկին հետ։ Գերապայծառ Կալլակէր 13 յունուարը անուանեց պատմական եւ ընդգծեց երկկողմամի յարաբերութիւններու համար համաձայնութեան կարեւորութիւնը, որ 2027 թուականի կը նշուի 50 ամեակը։

Գերպ Կալլակէր բացատրեց, թէ ինչպէս շրջանակային համաձայնութիւնը կը սահմանէ Քոնկոյի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար իրաւական պատկեր մը, խթանելով համագործակցութիւնը, այնպիսի ոլորտներուն մէջ ինչպէս կրթութիւնը, առողջապահութիւնն ու հոգեւոր օգնութիւնը, դիտել տալով որ այդ համագործակցութիւնը հիմնական է խթանելու համար խաղաղութիւն, համերաշխութիւն՝ համաշխարհային գետնի վրայ որ խոցուած է պատերազմներով եւ անհաւասարութիւններով։

Արք Կալլակէր յիշեց 2024 թուականին նոյեմբերին, նախագահ Ն՛Կուէսսոյին այցը Վատիկան, որպէս երկու պետութիւններու միջեւ բարի յարաբերութիւններուն վկայութիւնը, ընդգծելով հակամարտութիւնները դիմագրաւելու համար երկխօսութեան եւ եղբայրութեան կարեւորութիւնը։ Արք կալլակէր քննարկեց «կառուցողական եւ ներառական աշխարիկութեան անհրաժեշտութիւնը որ կարող է արժեւորել կրօնքի դրական ներդրումը հանրային կեանքին մէջ։

Վատիկանի դիւնաագէտը ի վերջոյ անդրադարձաւ բնապահպանական խնդիրին, յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին Գովեալ Ըլլաս շրջաբերականը ու ընդգծեց բոլորին համար աճի եւ հիմնական արժէքներուն հասանելիութեան հնարաւորութիւններուն երաշխաւորման կարեւորութիւնը, խթանելով եղբայրութեան կրթութիւնը նոր սերունդներուն միջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/01/2025, 12:02