MAP

Յոբելինական Սուրբ Տարի. Ուխտաւորներ Յոբելինական Սուրբ Տարի. Ուխտաւորներ   (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Յոբելինական Տարի. Աւելի քան 540000 ուխտաւորներ արդեն անցան Սուրբ Պետրոսի տաճարի Սուրբ դուռէն։

Աւետարանումի վերատեսչութեան գրասենեակը տեղեկացուց որ անցեալ 24 դեկտեմբերին սկիզբ առած, 2025 թուականի սովորական յոբելինական տօնի բացումէն մի քանի շաբաթ անց արդեն աւելի քան 540000 ուխտաւորներ անցան Սուրբ Պետրոսի տաճարի Սուրբ դուռէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

2025 թուականի սովորական յոբելինական տօնի բացումէն մի քանի շաբաթ անց՝ անցեալ 24 դեկտեմբերին, աւելի քան 540000 ուխտաւորներ արդեն անցած են Սուրբ Պետրոսի տաճարի Սուրբ դուռէն։ Այս մասին տեղեկացուց Աւետարանումի վերատեսչութեան գրասենեակը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը։

Յոբելինական Սուրբ Տարուան առթիւ Հռոմ ժամանած Հաւատացեալներուն խումբերը, Սուրբ Պետրոսի տաճարի սուրբ դուռէն անցնելու համար իրենց ուխտագնացութիւնը կը կատարեն մեկնելով Piazza Pia հրապարակէն ու հետեւելով Յոբելինական Խաչին կը քալեն Քոնչիլիացոնէ ուղիին վրայ մինչեւ Սուրբ Պետրոսի տաճարը։

Աւետարանումի վերատեսչութեան համանախագահ, գերպ Ռինօ Ֆիզիքելլա հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ անդրադարձաւ Յոբելինական Սուրբ Տարուան սկիզբի կարեւորութեան ընդգծելով մեծ թիւի մասնակցութիւնը եւ Հռոմի մէջ անվտանգութեան ընկալումը, յայտնելով որ Հակառակ հոսքերու մեծ դժուարութիւններուն, Վերատեսչութիւնը ամէն ջանք կը թափէ համապատասխան ընդունելութիւնը երաշխաւորելու համար։

Աւետարանումի վերատեսչութիւնը տեղեկացուց, որ 5 յունուարէն սկսեալ հաւատացեալները կրնան անցնիլ Հռոմի Պապական չորս Պազիլիքայի դռներէն, սակայն երկար հերթերու պատճառով խորհուրդ կը տրուի նախապէս արձանագրուելու յոբելինական կայքէջին վրայ։

Հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք որ Սուրբ Տարուան Առաջին մեծ միջոցառումը պիտի ըլլայ հաղորդակցութեան աշխարհի յոբելեանը՝ յունուար 24էն 26, ողջ աշխարհէն հազարաւոր մասնագէտներու ժամանումով։

«Յոբելեանին մասնակցելու մեծ փափաքը տեսանելի դարձաւ նաեւ հազար մարդիկներով, որոնք լեցուցին Պապական չորս Պազիլքաները, սուրբ դուռերուն բացումի արարողութեան օրերուն։ Փաստօրէն Սուրբ Աթոռի սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի Իտալական եւ Վատիկանի անվտանգութեան ուժերուն հետ ինչպէս նաեւ Հռոմի ոտսիկանութեան հետ։ Հաշուի առնելով առաջին օրերու թիւերը՝ կ՝ակնկալուի մասնակցութեան ուխտաւորներու մեծ թիւ» նշուած է Աւետարանումի վերատեսչութեան հաղորագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2025, 12:22