MAP

Ֆրանչիսկոս Պապը Չինաստանի եպիսկոպոսներուն հետ ժողովի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը Չինաստանի եպիսկոպոսներուն հետ ժողովի ընթացքին  

Երկարաձգուեցաւ Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի միջեւ եպիսկոպոսներու նշանակման ժամանակաւոր համաձայնագիրը

Մամլոյ հաղորդագրութիւն Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ եպիսկոպոսներու նշանակման մասին ժամանակաւոր համաձայնագիրի երկարաձգման մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան միջեւ եպիսկոպոսներու նշանակման մասին ժամանակաւոր համաձայնագիրը երկարաձգուեցաւ մինչեւ չորս տարի։ Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորագրութեան մէջ։

«Սուրբ Աթոռը եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութիւնը, հաշուի առնելով եպիսկոպոսներու նշանակման ժամանակաւոր համաձայնագիրի արդիւնաւէտ կիրարկման շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները, համապատասխան խորհրդակցութիւններէ եւ գնահատումներէն յետոյ, պայմանաւորուեցան երկարաձգել այդ համաձայնագիրի ժամկէտը՝ այսօրուանէ սկսեալ մինչեւ չորս տարի։

Վատիկանի կողմը համոզուած է շարունակելու յարգալից եւ կառուցողական երկխօսութիւնը Չինաստանի հետ  երկկողմանի յարաբերութիւններուն համար, ի շահ Երկրի եւ Չինաստանի ժողովրդական հանրապետութեան մէջ ողջ եկեղեցւոյ բարօրութեան», նշուած է Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին, այսօր՝ 22 հոկտեմբերին հրապարակած  հաղորագրութեան մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2024, 12:21