MAP

2023.08.30 INT CARD. PAROLIN VIAGGIO MONGOLIA

Ֆրանչիսկոս Պապը Մոնկոլիայի մէջ` համայն աշխարհին համար յոյսի ուխտաւոր. Կարդինալ Փարոլին

«Խաղաղութիւնը հանդիպումն ու երկխօսութիւնը պիտի ըլլան Քահանայապետին Մոնկոլիա ճամբորդութեան հիմնաքարերը» յայտնեց Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը այս առնչութեամբ Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթիին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Մոնկոլիան պատրաստ է հիւրընկալելու եւ ողջագուրելու այդ հողին վրայ ոտք կոխած առաջին Քահանայապետը եւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը այս մասին կը խօսի Մասսիմիլիանօ Մենիքեթթիի հետ, Վատիկանի լրատուամիջոցներուն շնորհած հարցազրոյցի մը ընթացքին ակնարկելով Ասիական այդ երկրի Կաթողիկէ փոքր հասարակութեան` որ խանդավառութեամբ կը պատրաստուի 31 օգոստոսէն 4 սեպտեմբեր տեղի ունենալիք Քահանայապետի այս միջազգային առաքելական 43րդ ճամբորդութեան։

Մոնկոլիան ընդարձակ երկիր մըն է` Անոր մայրաքաղաքն է Ուլաանպաթարը որ պիտի հանդիսանայ Քահանայապետին այցելած միակ քաղաքը։ Անոր բնակչութիւնը կը հաշուէ երեք միլիոն երեք հարիւր հազար մարդ մինչ կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 1.500 հաւատացեալ։

Փոքր թիւով հասարակութիւն

«Այս Ասիական սիրտ ճամբորդութեան համար կան մեծ սպասումներ ու Քահանայապետին կամքն է հանդիպիլ փոքր թիւով, բայց երիտասարդ ու խանդավառ, այնտեղ ապրող հասարակութեան» ըսաւ հարցազրոյցին սկիզբը Կարդինալ Փարոլինը կարեւորելով նաեւ ճամբորդութեան ընթացքին նախատեսուած միջ կրօնական հանդիպումի նշանակութիւնը։

Ծիրանաւորը ապա աւելցուց, որ Նորին Սրբութիւնը իր ներկայութեամբ պիտի հաստատէ ու քաջալերէ քրիստոնէական կեանքին ուղեւորութիւնը` հաւատքի յոյսի ու սիրոյ ուղեւորութիւնը, մատնանշելով այդ փոքր բայց աշխոյժ եկեղեցւոյ պատմութեան, որ ծնունդ առած է իննսունական տարիներու աւարտին` Երկրին անկախութենէն ետքը, երբ այնտեղ կը հասնին առաջին միսիոնարները, ու սորվելով տեղական լեզուն կը սկսին պատարագներ մատուցել տուներուն մէջ, իւրացնելով տեղւոյն բարբառն ու աւանդութիւնները, եւ այդպիսով ծնունդ տալով կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մը։

Միջկրօնական երկխօսութիւնը

Խօսելով Քահանայապետին միջրկօնական հաւաքի մը մասնակցութեան մասին Կարդինալ Փարոլինը ընդգծեց, որ միջկրօնական ուղեւորութիւնը ու նաեւ համամիութենական երկխօսութեան ուղեւորութիւնը հնարաւորութեան կամ յարմարութեան ընտրութիւն մը չեն, այլ ուղիներ` որոնց վրայ կը քալէ կաթողիկէ եկեղեցին Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն ետքը։

«Այս տեսանկիւնէն կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին նպատակն է կառուցել խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն, ու մենք գիտենք թէ որքան կարիքը կայ այսօր այս ուղղութեամբ ջանքերու» յարեց Կարդինալ Փարոլինը կարեւորելով Մոնկոլիայի մէջ Պուտտիսթ կրօնի հետ հանդիպումին եզակիութիւնը։

Ներդաշնակութիւն ու հասարակաց բարիքի զարգացում

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը ակնարկեց նաեւ «ներդաշնակութիւնը» որոնելու հրամայականին` ընդգծելով, որ «Մոնկոլական հասարակութիւնը այսօր կ՛ապրի խթանիչ պատմական շրջան, ուր ժողովուրդի արմատացած իմաստութիւնը կոչուած է միաւորելու աւանդոյթը եւ արդիականութիւնը՝ առանց կորսնցնելու իր արմատները և նպաստելով բոլորին զարգացումին»։

Սուրբ Աթոռ - Մոնկոլիա երկխօսութիւն

Խօսելով հուսկ Սուրբ Աթոռ-Մոնկոլիա երկխօսութեան մասին Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց 800 տարիներ առաջ, Իննոչենցօ Չորրորդ Պապին ժամանակ տեղի ունեցած շփումներուն, ապա 1992ին հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններուն, որոնք, ըսաւ ան, կը շարունակեն զարգանալ ու թէ «Քահանայապետին այս առաքելական ճամբորդութիւնը պատեհ առիթ պիտի ըլլայ. աւելիով ամրապնդելու այդ կապերը, որոնց նպատակն է խթանել հասարակաց բարիքը, կրօնի ազատութիւնը, խաղաղութիւնը, մարդկային համապարփակ զարգացումը, կրթութիւն ու նաեւ մշակութային փոխանակումները, ինչպէս նաև լուծելու տարածաշրջանի և միջազգային հանրութեան առջև ծառացած ընդհանուր մարտահրաւէրները»:

Խաղաղութիւնը

հարցազրոյցի կեդրոնական նիւթերէն եղաւ խաղաղութիւնը ու այս ուղղութեամբ Քահանայապետին կոչերը որոնց մասին անդրադառնալով Կարդինալ Փարոլինը Քահանայապետին Մոնկոլիայի մէջ ներկայութիւնը մեկնաբանեց` որպէս «խաղաղութիւն կառուցելու հրաւէր», ի միտ ունենալով Երկրին Ասիական ցամաքամասին մէջ ունեցած նշանակալից դիրքը։

«Այս այցը իր մէջ կը կրէ կոչը յարգելու իւրաքանչիւր Երկիր` մեծ կամ փոքր, պահպանելու միջազգային իրաւունքը, հրաժարելու ուժի սկզբունքէն՝ լուծելու համար վէճերը, կառուցելու համագործակցութեան, համերաշխութեան և եղբայրութեան յարաբերութիւններ` հարևաններու և աշխարհի բոլոր երկրներու հետ» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը։

Չինաստանը

Խօսելով ապա Չինաստանի մասին Ան նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Պապին սրտին մէջ կայ մեծ փափաքը այցելելու այդ երկիրը, հանդիպելու տեղական քաղաքական իշխանութիւններուն հետ ու նաեւ քաջալերելու այդ երկրի կաթողիկէ եկեղեցին անոր հաւատքի ու միութեան ուղեւորութեան մէջ։

Յուսալ Միասին

Կարդինալ Փարոլինը ակնարկեց ապա ճամբորդութեան կարգախօսին, որ է «Յուսալ Միասին» դիտել տալով, թէ շեշտը կը դրուի յոյսին վրայ, որ պիտի ըլլայ նաեւ 2025ի Յոբելեանին նիւթը։

«Այսօր` մեր աշխարհին մէջ շատ մեծ կարիքը կայ յոյսին», յարեց Ծիրանաւորը ակնարկելով ապրուած ողբերգութիւններուն ու մատնանշելով Քրիստոնէական յոյսին, որ կը հիմնուի հաւատքին վրայ, այսինքն Աստուծոյ մեր կեանքին մէջ ներկայութեան վրայ, եւ որ մեզ կը մղէ անհատական ու հասարակական յանձնառութեան, բարելաւելու համար աշխարհը։

Ճանչնալ ու ճանչցնել Եկեղեցւոյ անդամ փոքր հասարակութիւնները

«Քահանայապետին այս ուղեւորութիւնը դէպի աշխարհագրական գետնի վրայ հեռաւոր երկիրներ, ինչպէս նաև անոնց ապրած անայարմարութիւններուն հետ բախուիլը, կը նշանակէ անոր պատրաստակամութիւնը գործնական գետնի վրայ եւ շօշափելի կերպով այսօրուան մէջ խթանելու յոյսը» ըսաւ հուսկ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը, որ ապա այն հարցումին թէ ի՞նչ սպասումներ ունի այս ճամբորդութենէն պատասխանեց. «Ես կը կիսեմ Ֆրանչիսկոս Պապին սպասումները, զոր վերեւ արտայայտեցի» ու աւելցուց, թէ «Սուրբ Պետրոսի յաջորդին առաքելական ճամբորդութիւնները ունին մեծ նշանակութիւն, մէկ կողմէ Համայն Եկեղեցւոյ ուշադրութիւնը դարձնելու իրեն մաս կազմող որոշ հասարակութիւններուն վրայ, որոնք, ինչպէս Մոկոլիայի պարագային, թիւով փոքր են ու գուցէ լաւապէս չեն ճանչցուած ու գնահատուած, իսկ միւս կողմէն այս փոքր հասարակութիւններուն հնարաւորութիւն ընծայելու իրենց սատարը տալու Եկեղեցւոյ, ցոյց տալով, թէ ինչն է հիմնականը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան համար։ Նման առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւններուն, որոնցմէ պէտք է ներշնչում քաղենք» ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը յոյս յայտնելով` որ այդ մէկը պիտի իրականանայ, ապա հարցազրոյցը աւարտեց աղօթքներ ապահովեցնելով այս դիտաւորութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2023, 14:30