MAP

2022.10.31-INTERVISTA-PAROLIN-BAHREIN.00_08_35_16.Immagine001.png

Քահանայապետը Պահրէյնի մէջ` պատմութեան ողբերգական այս պահուն նշան միութեան եւ երկխօսութեան. Կարդինալ Փարոլին

Պահրէյնը կը պատրաստուի ընկալելու Սուրբ Պետրոսին յաջորդը։ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը Վատիկանի հաղորդակցութեան միջոցներուն հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ այդ ճամբորդութեան մասին, երախտագիտութիւն յայտնելով Պահրէյնի Թագաւորին ու տեղական փոքր Եկեղեցւոյ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նոյեմբերի 3էն 6 Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ Պահրէյնը հանգրուան կատարելով Մանամա եւ Աուալի քաղաքներուն մէջ, ու պիտի մասնակցի "Bahrain Forum for Dialogue: East and West for Human Coexistence" միջ կրօնական հանդիպումին։ Ան ապա պատարագ պիտի մատուցէ "Bahrain National Stadium” ին մէջ ու հանդիպում պիտի ունենայ երկրին իշխանութիւններուն, կրօնական ներկայացուցիչներուն ու երիտասարդներուն հետ։

Կարդինալ Փարոլինի հարցազրոյցը
Կարդինալ Փարոլինի հարցազրոյցը

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարը` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը, որ պիտի ընկերակցի Սրբազան Պապի այս ճամբորդութեան, Օսսերվաթորէ Ռոմանօ, Ռատիօ Վատիկան – Վատիկան Նիուզ հաղորդամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին վերահաստատեց, թէ «Աշխարհի մը մէջ, որ այս պահուն բնութագրուած է լարուածութեամբ եւ հակամարտութիւններով», Սրբազան Քահանայապետին այցը և ՊահրԷյնի իրադարձութիւնները, որոնց Ան պիտի կը մասնակցի, «միասնութեան, համախմբութեան և խաղաղութեան պատգամ են»։

Պահրէյնի Թագաւորին հրաւէրը

Խօսելով ճամբորդութեան մասին, Վատիկանի Պետքարտուղարը նշեց, թէ ան ծնունդ առաւ Պահրէյնի Թագաւորին հրաւէրով ու թէ առաքելական այս այցելութիւնը կը զուգադիպի խաղաղ համակեցութեան երկխօսութեան Ֆորումին։ Թագաւորի հրաւէրին միացաւ տեղական Եկեղեցւոյ անունով առաքելական հոգաբարձու գերապայծառ Հինտէրին հրաւէրը, եւ այս հրաւէրներուն ընդառաջելով է- որ Քահանայապետը կը մեկնի Պահրէյն, նշեց Ծիրանաւորը, շնորհակալութիւն յայտնելով ըլլայ Թագաւորին, ըլլայ տեղական եկեղեցւոյ, հրաւէրին ու Քահանայապետին այցելութիւնը պատրաստելու համար ի գործ դրուած բոլոր աշխատանքներուն համար։

Միջկրօնական եւ համամիութենական հանդիպումներ

Անդրադառնալով Սրբազան Քահանայապետին միջկրօնական հանդիպումի մասնակցութեան մասին, Կարդինալ Փարոլինը նշեց` թէ անիկա նշան է միութեան, մեր պատմութեան նուրբ, բարդ ու նաեւ ողբերգական ժամանակի մը ընթացքին, կարեւորելով այս ծիրէն ներս երկխօսութիւնը, հանդիպումի հրաւէրը ու միասին ապրելու եւ համագործակցելու հրամայականը։ Կարդինալ Փարոլինը անդրադարձաւ նաեւ Սրբազան Պապին «Muslim Council of Elders»ի հետ ունենալիք հանդիպումի մասին, կազմակերպութիւն մը` որ կը ներկայացնէ Իսլամական որոշ ղեկավարներ, որոնք յանձնառու են կրօններու յարգանքի եւ երկխօսութեան ի սպաս։ Ան ապա խօսեցաւ համամիութենական հանդիպումի մը մասին, որուն պիտի մասնակցին տարբեր երկիրներէ ժամանած ներկայացուցիչներ։

Կարդինալ Փարոլինի հարցազրոյցը
Կարդինալ Փարոլինի հարցազրոյցը

Կրօնները հաշտութեան, խաղաղութեան, ներդաշնակութեան եւ միասնութեան գործօն

Վատիկանի դիւանագէտներու ղեկավարը հաստատեց ապա, թէ «Աստուծոյ և ատելութեան, կրօնի և բռնութեան միջև կայ բացարձակ համատեղելիութիւն» ակնարկելով այս առընչութեամբ Սրբազան Քահանայապետին զանազան միջազգային ճամբորդութիւններու ընթացքին ունեցած հանդիպումներուն ու կոչերուն, ընդգծելով որ կրօնները կարող են միասին աշխատիլ, որպէսզի կրօնը դառնայ հաշտութեան, խաղաղութեան, ներդաշնակութեան եւ միասնութեան գործօն։

Կաթողիկէ փոքր հասարակութիւնը

Ակնարկելով իսլամական երկրի մը մէջ քրիստոնեաներուն ու փոքրամաս կաթողիկէ հասարակութեան, Կարդինալ Փարոլինը նշեց` թէ Երկրին մէջ կ՜ապրին փոքր թիւով քրիստոնեաներ ու թէ կաթողիկէներու թիւը 80ի եւ 100 հազարի միջեւ է։

«Սուրբ Աթոռի եւ Պահրէյնի թագաւորութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուեցան 2000 թուականին» նշեց Ծիրանաւորը զանոնք որակելով «բարի» յարաբերութիւններ ու նշելով, որ Իշխանութիւնները յարգանքով կը վերաբերուին կաթողիկէներուն հետ ու նաեւ թէ Սրբազան Պապին այս ճամբորդութեան նպատակն է հանդիպիլ ճիշտ այդ փոքր հասարակութեան հետ ու զայն քաջալերել։

Արաբիոյ Տիրամօր նուիրուած եկեղեցին համակեցութեան խորհրդանիշ

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը խօսեցաւ ի վերջոյ Աուալիի մէջ Արաբիոյ Տիրամօր նուիրուած աթոռանիստ եկեղեցւոյ մասին, որ կառուցուեցաւ մէկ տարի առաջ եւ որուն անկիւնաքարը փոխադրուած է Սուրբ Պետրոսի պազիլիքայի Սուրբ դռան աղիւսէն։ Ծիրանաւորը նշեց թէ այս Եկեղեցին գեղեցիկ խորհրդանիշ է այն իրողութեան ու յարգանքին` զոր Երկրին իշխանութիւնները կը ցուցաբերեն քրիստոնեայ հասարակութեան, յոյս յայտնելով որ այս մէկը այսպէս գոյատեւէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2022, 08:00