Յոբելենական Ունկնդրութիւն. Մշակենք սեփական սիրտը, որոնենք Յիսուսին Խաչը. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ ` 6 Սեպտեմբեր 2025-ին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Տարուան առիթով նախատեսուած հերթական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր ուխտաւորներ։
Բարի գալուստ մաղթելով բոլոր ուխտաւորներուն Լեւոն ԺԴ. այս առիթով ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց յոյսի նիւթին վրայ մեկնաբանելով Մատթէոսի Աւետարանէն քաղուած աւետարանական այն հատուածը ուր Յիսուս կը խօսի Երկնքի Արքայութեան մասին զայն նմանեցնելով հողին մէջ թաղուած գանձի մը։
Յոյսը ու մանուկին զարմանքը
Քահանայապետը հրաւիրեց ուխտաւորները խորհելու յոյսի մասին որոնումի եւ յայտնաբերումի խորհրդանիշերու ընդմէջէն։ Ան յիշեցուց թէ ինչպէս մեր մանկութեան ժամանակ հողին մէջ ձեռքեր մխրճելը, փորելը, կը ներկայացնէր բացայայտումի եւ անակնկալին ուրախութիւնը, նման Յիսուսին պատմած առակին մէջ գանձը գտնող մարդուն ուրախութեան, հաստատելով` որ «Յոյսը կը վերածնի, երբ մենք կը փորենք և կը կոտրենք իրականութեան կեղևը, երբ մենք կը մտնենք մակերեսի տակ», եւ որպէս այդ յոյսին տիպար ներկայացուց Կոստանդիանոսի Մայր` Սրբուհի Հելենան, որ հակառակ իր խոնարհ ծագումին ու տառապանքներուն, հետեւողականութեամբ փնտռեց Քրիստոսի Խաչին թաքնուած գանձը, որ կը ներկայացնէ քրիստոնէութեան ամենաբարձր արժէքը։
Սրբուհի Հելենային տիպարը
«Արևելքի և արևմուտքի աւանդութիւնները կը յիշեն Ֆլավիա Ճուլիա Հելենան՝ Կոստանդիանոս կայսեր մայրը, որպէս այդ որոնումներու հոգի։ Կին մը, որ կը փնտռէ։ Կին, որ կը փորէ։ Յոյս բորբոքող գանձը, ըստ էութեան, Յիսուսի կեանքն է եւ մենք պէտք է մենք զմեզ դնենք անոր հետքերուն վրայ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. մատնանշելով, թէ ինչպէս Կայսրին Մայրը կարող էր այլ ճամբայ ընտրել, հանգստաւէտ ու ապահով կեանք մը, սակայն, այդ մէկը իրեն կորսնցնել պիտի տային «մանկական այդ որոնումի հմայքն ու ուրախութիւնը»։
«Հելենային ամենամեծ որոնումը եղաւ գտնել Սուրբ Խաչը։ Յիսուսին Խաչը եղաւ անոր կեանքին ամենամեծ բացայայտումը, արժէքը` որ կը փոխէ բոլոր արժէքները» նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ակնարկելով, թէ Հելենան այդ մէկը հասկցաւ «որովհետեւ ինք եւս երկար ժամանակ շալկեց իր խաչը»։
«Ան արդարեւ արքունիքին մէջ ծնած չէր, ունէր համեստ ծագում, որուն սիրահարուեցաւ ապագայ կայսր Կոստանդիոսը։ Ամուսնացաւ անոր հետ, բայց հազիւ իշխանութեան գլուխ անցաւ չյապաղեցաւ արձակել զայն, տարիներով զայն բաժնելով իր որդի Կոստանդիանոսէն»։
Փնտռտուքի մէջ կին մը
«Այս վերջինս կայսր դարձած, իր կարգին ցաւ ու հիասթափութիւն պատճառեց իր մօրը, Հելենան սակայն մնաց նոյնը, փնտռտուքի մէջ կին մը։ Ան որոշեց քրիստոնեայ դառնալ ու ի գործ դնել եղբայրսիրութիւնը, չմոռնալով հեզերն ու տկարները» նկատել տուաւ Լեւոն ԺԴ.։
«Խղճին նկատմամբ արժանապատւութիւն ու հաւատարմութիւնը, սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, կը փոխեն աշխարհը նաեւ այսօր. մեզ կը մօտեցնեն գանձին, ինչպէս գիւղացիին աշխատանքը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ «Սեփական սիրտը մշակելը կը պահանջէ ջանք։ Անիկայ ամենամեծ աշխատանքն է։ Բայց փորելով է որ մարդս կը գտնէ, իջնելով՝ մարդ աւելի ու աւելի կը մօտենայ այն Տիրոջ, որ ինքզինք ունայնացուց, մեր նման դառնալու համար։ Անոր Խաչը մեր երկրի կեղեւին տակ է» եւ «Մենք կարող ենք հպարտ քալել՝ անուշադիր ոտնակոխ ընելով մեր ոտքերու տակ գտնուող գանձը։ Սակայն, եթէ մենք դառնանք նման մանուկներուն, պիտի ճանչնանք այլ Թագաւորութիւն մը, այլ ուժ մը։ Աստուած միշտ մեր տակն է, որպէսզի մեզ բարձրացնէ դէպի վեր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ