MAP

Քրիստոնէական յոյսը չի ծնիր աղմուկի մէջ այլ սիրով բնակուած սպասումի լռութեան մէջ. Լեւոն ԺԴ.

Երբ մեզի կը թուայ որ ամէն ինչ կանգ առած է, ու կարծես թէ կեանքը ընդհատուած ճանապարհ է, յիշենք Աւագ Շաբաթ օրը։ Նոյնիսկ գերեզմանին մէջ Աստուած կը պատրաստէ ամենամեծ անակնկալը։ Եւ եթէ մենք գիտնանք զայն ընդունիլ երախտագիտութեամբ, պիտի բացայայտենք, որ ճիշտ փոքրութեան և լռութեան մէջ է որ Աստուած կը սիրէ վերափոխել իրականութիւնը՝ ամէն ինչ նորոգելով իր սիրոյ հաւատարմութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 17 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Սուրբ Ռոպերթօ Պելլարմինոյի տօնին օրը, որ է նաեւ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին անուանակոչութեան օրը, Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային աւանդական ունկնդրութիւնը, որուն առիթով շարունակելով Յոյսի Յոբելեանին առիթով ընտրուած «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթի մասին խորհրդածութիւններուն շարքը, օրուան որպէս խորհրդածութեան նիւթ ընտրեց Աւագ Շաբաթ Օրուան խորհուրդը։

Աւագ Շաբաթ Օրուան խորհուրդը

«Աստուծոյ Որդին կը հանգստանայ այգիին մէջ գտնուող նոր գերեզմանին մէջ։ Այս «բացակայութիւնը» սակայն դատարկութիւն չէ, այլ սպասում, խաւարին մէջ պահուած խոստում։ Ասիկա մեծ լռութեան օրն է, երբ երկինքը կը թուայ լուռ եւ երկիրը անշարժ, բայց ճիշտ այնտեղ է, որ կը կատարուի քրիստոնէական հաւատքի խորագոյն խորհուրդը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ սկիզբ տալով խորհրդածութեան հաստատելով ,որ այդ լռութիւնը լի է իմաստով, նման Մօր մը` որ արգանդին կը պահպանէ զաւակը, որ տակաւին չէ ծնած բայց արդեն ողջ է»։

Եդեմի պարտէզը ու Յիսուսին գերեզմանը

Յովհաննէս Աւետարանիչը մեզի կ՛ըսէ` որ Յիսուսին մարմինը կը թաղուի պարտէզի մը մէջ, «նոր գերեզմանի մը մէջ ուր ոչ ոք թաղուած էր տակաւին»։ Այդ պարտէզը կը յիշեցնէ Եդեմի պարտէզը, վայրը, ուր Աստուած եւ մարդը իրարու միացած էին։ Եւ այդ գերեզմանը շեմ է, ոչ թէ աւարտ եւ նման արարչագործութեան սկիզբին նոր արարչագործութիւնը եւս սկիզբ կ՛առնէ պարտէզի մը մէջ` փակ գերեզմանով մը, որ շուտով պիտի բացուի։

Այդ օրը Որդին, աւարտելով իր փրկութեան գործը, կը հանգստանայ, նման Աստուծոյ հանգիստին, ոչ թէ յոգնած ըլլալուն համար, այլ որովհետև սիրեց մինչև վերջ։ Այս հանգիստը կատարուած գործի կնիքն է՝ լեցուած Տիրոջ թաքուն ներկայութեամբ։

Կանգ առնել գիտնալը վստահութեան արարք

Մենք դժուարութիւն ունինք կանգ առնելու և հանգստանալու։ Կ՛ապրինք այնպիսի ձեւով կարծես թէ կեանքը երբեք բաւարար չըլլար։ Կը վազվզենք արտադրելու համար, ցոյց տալու, ետին չմնալու։ Սակայն Աւետարանը մեզի կը սովորեցնէ, որ կանգ առնել գիտնալը, վստահութեան արարք է, զոր մենք պէտք է սորուինք։

Աւագ Շաբաթը արդարեւ մեզ կը հրաւիրէ դադարեցնել մեր անհանգստութիւնը ու բացայայտել, որ կեանքը միշտ չէ, որ կախուած է մեր ըրածներէն, այլ նաև մեր անջատուելու ունակութիւնէն։

Լռութեան մէջ է որ նոր կեանքը կը սկսի խմորուիլ

Գերեզմանին մէջ Յիսուսը՝ Հօր կենդանի Խօսքը, լուռ է, և լռութեան մէջ նոր կեանքը կը սկսի խմորուիլ, ինչպէս սերմը երկրի վրայ։ Աստուած վախ չունի անցնող ժամանակէն, որովհետեւ Ան Տէրն է նաեւ սպասումի.... Իւրաքանչիւր ընկալուած լռութիւն կարող է ըլլալ նոր Խօսքի մը նախադրեալը։ Իւրաքանչիւր կասեցուած պահ կարող է դառնալ շնորհքի ժամանակ, եթէ մենք զայն նուիրենք Աստուծոյ։

Հողին մէջ թաղուած Յիսուսը` խոնարհ դէմքն է Աստուծոյ մը, որ չի զբաղեցներ ամբողջ տարածքը, որ կը սպասէ և կը հեռանայ, մեզի ազատութիւն թողելու համար։ Անիկայ Աստուածն է, որ կը վստահի նոյնիսկ երբ ամէն բան վերջացած կը թուայ։

Քրիստոնէական յոյսը չի ծնիր աղմուկի մէջ այլ սիրով բնակուած սպասումի լռութեան մէջ

Եւ մենք, այդ կասեցուած շաբաթ օրուան մէջ պէտք չէ շտապենք յարութիւն առնելու համար, պէտք է սորվինք, թէ նախ պէտք է մնանք, ընդունինք լռութիւնը.... երբեմն մենք կը փնտռենք արագ պատասխաններ, անյապաղ լուծումներ։ Բայց Աստուած կը գործէ խորութեան մէջ՝ վստահութեան դանդաղ ժամանակներուն մէջ։ Այսպիսով, թաղման շաբաթը կը դառնայ այն արգանդը, որմէ կարող է հոսիլ Զատկական անպարտելի լոյսին ուժը։

«Սիրելի բարեկամներ, քրիստոնէական յոյսը չի ծնիր աղմուկի մէջ այլ սիրով բնակուած սպասումի լռութեան մէջ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, որպէս այդ սպասումի, վստահութեան եւ յոյսի տիպար ներկայացնելով Սուրբ Կոյս Մարիամը։

Փոքրութեան և լռութեան մէջ է որ Աստուած կը սիրէ վերափոխել իրականութիւնը

Երբ մեզի կը թուայ, որ ամէն ինչ կանգ առած է, ու կարծես թէ կեանքը ընդհատուած ճանապարհ է, յիշենք Աւագ Շաբաթ օրը։ Նոյնիսկ գերեզմանին մէջ Աստուած կը պատրաստէ ամենամեծ անակնկալը։ Եւ եթէ մենք գիտնանք զայն ընդունիլ երախտագիտութեամբ, պիտի բացայայտենք, որ ճիշտ փոքրութեան և լռութեան մէջ է, որ Աստուած կը սիրէ վերափոխել իրականութիւնը՝ ամէն ինչ նորոգելով իր սիրոյ հաւատարմութեամբ։

«Իսկական ուրախութիւնը կը ծնի բնակեցուած սպասումէն, համբերատար հաւատքէն, եւ յոյսէն որ երբ ապրուած է սիրոյ մէջ, անպայման կրկին յարութիւն կ՛առնէ յաւիտենական կեանքի համար» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը աւարտելով խորհրդածութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2025, 10:24

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >