Ինքնաբաւարարութեան աշխարհի մէջ մեր թուլութիւնները կամուրջ են դէպի երկինք. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի` 3 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ Սրբազան Պապը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորեց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի տարբեր երկիրներէն ժամանած բազմահազար ուխտաւորներ։
Ունկնդրութեան առիթով Նորին Սրբութիւնը շարունակելով «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթին նուիրուած խորհրդածութիւններուն շարքը, խօսքը կեդրոնացուց Յիսուսին չարչարանքներուն վրայ ու յատկապէս Խաչին վրայ արտասանած «ծարաւի եմ» բառին վրայ, որ պատմուած է Յովհաննէսի աւետարանին մէջ (Յովհ. 19,28), որմէ ետք Յիսուս կը հաստատէ «Ամէն բան կատարուեցաւ» (19,30)։
Յիսուս չի յայտնուիր որպէս յաղթական հերոս մը, այլ որպէս սիրոյ մոռացական
«Յիսուսին վերջին խօսքերը բայց լեցուն կեանքի մը լիութեամբ, որոնք կը բացայայտեն Աստուծոյ Որդիին գոյութեան իմաստը» ըսաւ Քահանայապետը բացատրելով, որ «Յիսուս չի յայտնուիր որպէս յաղթական հերոս մը, այլ որպէս սիրոյ մոռացական»։
«Խաչեալին ծարաւը միայն մարմնական կարիք մը չէ, է նաեւ խոր իղձի մը փափաքը` սիրոյ, յարաբերութեան ու հաղորդութեան փափաք» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը նշելով, որ այդ մէկը Աստուծոյ մը լռելեան ճիչն է, որ յօժարելով բաժնեկցիլ մեր մարդկային պայմանները թոյլ տուաւ նաեւ տարուիլ այդ ծարաւով։ Աստուած մը` որ չամչնար ումպ մը ջուր մուրալէ, որովհետեւ այդ արարքին մէջ Ան մեզի կ՛ըսէ` որ սէրը իսկական ըլլալու համար պէտք է նաեւ սորվի խնդրել եւ ոչ միայն պարգեւել»։
Կեանքը «լիարժէք» կը դառնայ երբ կը սորվինք ընդունիլ
«Ծարաւի եմ», կ՛ըսէ Յիսուս եւ այդպիսով ցոյց կու տայ իր ու մեր մարդկայնութիւնը։ Ոչ մէկը մեզմէ կարող է բաւարարուիլ ինքն իրմով։ Ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին, կեանքը «լիարժէք» կը դառնայ ոչ այն ժամանակ, երբ մենք ուժեղ ենք, այլ այն ժամանակ, երբ կը սորվինք ընդունիլ։ Եւ Յիսուս օտար ձեռքերէն քացախով թաթխուած սպունգ մը ընկալելէն ետքն է, որ կը բացագանչէ «ամէն ինչ կատարուեցաւ»։ Սէրը դարձաւ կարիքաւոր եւ ասոր համար աւարտին հասցուց իր գործը» նշեց Սրբազան Պապը։
Մարդկային ինքնակատարելագործումը չ՛իրականացուիր զօրութեան միջոցաւ, այլ միւսին նկատմամբ բացութեան եւ վստահութեան միջոցաւ
«Աստուած կը փրկէ ոչ թէ ուժով յաղթելով չարը այլ մինչեւ վերջ ընդունելով սիրոյ տկարութիւնը։ Խաչին վրայ Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ, որ մարդկային ինքնակատարելագործումը չ՛իրականացուիր զօրութեան միջոցաւ, այլ միւսին նկատմամբ բացութեան եւ վստահութեան միջոցաւ, նոյնիսկ երբ ան հակառակ է եւ թշնամի։ Փրկութիւնը ինքնավարութեան մէջ չէ, այլ սեփական կարիքները խոնարհաբար ճանչնալու և զանոնք ազատօրէն արտայայտելու իմացութեան մէջ» հաստատեց Քահանայապետը։
«Աստուծոյ ծրագրին մէջ մեր մարդկայնութեան իրականացումը ուժի գործողութիւն չէ, այլ վստահութեան ժեստ։ Եւ ճիշտ այնտեղ է, որ դուռը կը բացուի դէպի իրական յոյս. մեր ծարաւը՝ սիրոյ, իմաստի, արդարութեան հանդէպ, ձախողման նշան չէ, այլ ճշմարտութեան», յարեց ապա Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ «Ինքնաբաւարարութեամբ, արդիւնաւէտութեամբ և կատարողականը պարգևատրող դարաշրջանին մէջ Աւետարանը մեզ ցոյց կու տայ, որ մեր մարդկայնութեան չափը չ՛ որոշուիր այն բանով, թէ ի՞նչ կարող ենք նուաճել, այլ թոյլ տալով սիրուիլ ու հնարաւորինս նաեւ օգնութիւն ստանալ։
Արարածներ եղած սէր տալու եւ սէր ընկալելու
Յիսուսի խաչին վրայ ծարաւը վիրաւոր մարդկութեան ճիչն է, որ տակաւին կենդանի ջուրը կը փնտռէ։ Եւ այս ծարաւը մեզ կը միացնէ Աստուծոյ, որովհետեւ մեր դիւրաբեկութիւնը կամուրջ է դէպի երկինք։
«Ճիշտ խնդրելու, եւ ոչ թէ տիրապետելու մէջ է, որ կը բացուի ազատութեան ճանապարհը», ըսաւ ապա Քահանայապետը, աւելցնելով որ «եղբայրութեան, պարզ կեանքի, առանց ամօթի խնդրելու և առանց հաշուարկի առաջարկելու արուեստին մէջ կը թաքնուի ուրախութիւն մը, որ աշխարհը չի ճանչնար։ Ուրախութիւն մը, որ մեզ կը վերադարձնէ մեր գոյութեան սկզբնական ճշմարտութեան, այն է` թէ բոլորս ալ արարածներ ենք, եղած սէր տալու եւ զայն ընկալելու։
Չամչնանք օգնութեան ձեռք երկարելէ
«Սիրելի՛ եղբայրներ և քոյրեր, Քրիստոսի ծարաւին մէջ մենք կարող ենք ճանչնալ մեր սեփական ծարաւը։ Եւ սորվիլ, որ չկայ աւելի մարդկային, աւելի աստուածային բան, քան կարողանալ ըսել. «Ես օգնութեան կարիքն ունիմ»։ Եկէք չվախնանք խնդրելէ, յատկապէս, երբ կը զգանք, որ անոր արժանի չենք։ Եկէք չամչնանք օգնութեան ձեռք երկարելէ։ Ճիշտ այդտեղ, այդ խոնարհ ժեստի մէջ է որ թաքնուած է փրկութիւնը» եղան Լեւոն ԺԴ. Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ