Յոյսով աղաղակենք Հօր. Լեւոն ԺԴ.-ի Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս եւ շնորհակալութիւն ձեր ներկայութեան համար, գեղեցիկ վկայութիւն է»։ Այս խօսքերով է` որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 10 սեպտեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան, զոր գլխաւորեց Սուրբ Պետրոս տաճարի հրապարակին վրայ, մասնակցութեամբ հազարաւոր ուխտաւորներու, շարունակելով «Յիսուս Քրիստոս մեր յոյսը» նիւթին նուիրուած խորհրդածութիւններու շարքը։
Յիսուսին մահը Խաչին վրայ
«Այսօր կը խոկանք Յիսուսի այս աշխարհի մէջ կեանքի գագաթնակէտի մասին. Անոր մահը խաչին վրայ, զոր Աւետարանները կը ներկայացնեն արժէքաւոր կերպով։ Յիսուս Խաչին վրայ չմեռաւ լռելեան։ Չի մարեցաւ հալած լոյսի մը նման, այլ կեանքը թողուց աղաղակով մը. «Յիսուս բարձր ձայնով աղաղակեց եւ հոգին աւանդեց» (Մարկոս 15,37) եւ այդ աղաղակին մէջ կայ ամէն բան` ցաւը, լքումը, հաւատքը, նուիրումը։ Անիկայ վերջին նշանն է կեանքի մը, որ կը յանձնուի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով, որ այդ աղաղակին կանխեց հարցում մը «Աստուած իմ, Աստուած իմ, ի՞նչու լքեցիր զիս»։ Որդին որ փորձարկեց Հօր հետ մտերիմ հաղորդութիւնը այժմ կը փորձարկէ լռութիւնը, բացակայութիւնը, անդունդը» յարեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով, որ այս մէկը «հաւատքի տագնապ մը չէ այլ սիրոյ վերջին հանգրուանը` որ կը նուիրուի մինչեւ վերջ»։
Աստուած չի մնար հեռու այլ մինչեւ վերջ կ՛անցնի մեր ցաւի ընդմէջէն
«Յիսուսին աղաղակը յուսահատութիւն չէ, այլ անկեղծութիւն, մինչեւ ծայր հասած ճշմարտութիւն, վստահութիւն, որ կը դիմանայ նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ամէն ինչ կը լռէ»։ «Եւ այդ պահուն երկինքը խաւարուեցաւ ու տաճարին վարագոյրը երկուքի բաժնուեցաւ» գրուած է Աւետարանին մէջ, «կարծես թէ արարչութիւնը կը մասնակցէր այդ ցաւին, յայտնելով` որ Աստուծոյ դէմքը այժմ կը գտնուի ոչ թէ վարագոյրի ետին այլ տեսանելի է Խաչեալի դէմքին վրայ, որուն մէջ կը բացայայտուի ամենամեծ սէրը` Այնտեղ է արդարեւ որ կարող ենք ճանչնալ Աստուած մը, որ չի մնար հեռու այլ մինչեւ վերջ կ՛անցնի մեր ցաւի ընդմէջէն» նշեց ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը։
Մեր յոյսը եւս կարող է աղաղակել, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ կորսուած կը թուայ
Հարիւրապետը` տեսնելով Յիսուսին այդ ձեւով տեղի ունեցած մահը կը հասկնայ այս մէկը եւ կը հաստատէ թէ «ճշմարտապէս այս մարդը Աստուծոյ Որդին է»։ Այս խօսքերը Յիսուսի մահէն ետքը հաւատքի առաջին դաւանանքն են եւ արդիւնքը աղաղակի մը, որ դպաւ սրտին։
Աւետարանը մեր աղաղակին կը պարգեւէ մեծ արժէք մեզի յիշեցնելով, որ անիկայ կարող է ըլլալ աղերսանք, բողոք, ցանկութիւն, յանձնում բայց նաեւ աղօթքի բարձրագոյն ձևը, երբ մեզի այլևս կը պակսին բառերը։ Այդ աղաղակի մէջ Յիսուս զետեղեց ամէն բան, որ իրեն մնացած էր` իր ողջ սէրը, իր ողջ յոյսը» ըսաւ Լեւոն ԺԴ, բացատրելով, որ աղաղակին մէջ կայ նաեւ յոյս, որ չի յանձնուիր եւ Յիսուս չ՛աղաղակեց իր Հօր դէմ այլ դէպի Հայրը։ Այդ լռութեան մէջ նոյնիսկ ինք համոզուած էր, որ Հայրը այնտեղ էր ու այդպիսով մեզի ցոյց տուաւ որ մեր յոյսը եւս կարող է աղաղակել, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ կորսուած կը թուայ։
Դէպի Հայրը ուղղուած աղաղակ
«Աղաղակելը առ այդ կը դառնայ հոգեւոր արարք մը. Անիկա միայն մեր առաջին արարքը չէ երբ աշխարհ կու գանք, կ՛աղաղակենք երբ կը տառապինք, բայց նաեւ երբ կը սիրենք, կամ կը կանչենք ու կ՛աղերսենք։ Աղաղակելը կը նշանակէ, որ մենք գոյութիւն ունինք, որ չենք ուզէր մարիլ լռութեան մէջ ու թէ տակաւին բան մը ունինք նուիրելիք» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ հակառակ կեանքի դժուար պահերուն Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ վախ չունենալ աղաղակէն, բաւ է` որ ան ըլլայ անկեղծ, խոնարհ եւ ուղղուած դէպի Հայրը։
«Սէրէն ծնած աղաղակ մը ապարդիւն չէ ու ան երբեք անտեսուած չէ եթէ յանձնուած է Աստուծոյ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ու հրաւիրեց սորվիլ Յիսուսէն, սորվիլ յոյսին աղաղակը աղաղակել երբ մենք ալ կը գտնուինք ամենածանր փորձանքին մէջ։ Աղաղակենք ապաւինելու համար, ոչ թէ պոռալու մէկու մը դէմ այլ բանալու մեր սիրտը ու եթէ մեր աղաղակը ճշմարտիր է կարող է, որ յայտնուի լոյսի մը նոր հորիզոն մը, նոր ծնունդ մը։ Նման Յիսուսին, երբ ամէն բան կը թուար վերջացած, իրականութեան մէջ կը սկսէր փրկութիւնը։
«Մեր մարդկութեան տառապող ձայնը երբ արտայայտուած ըլլայ Աստուծոյ զաւակներու վստահութեամբ և ազատութեամբ, միացած Քրիստոսի ձայնին, կարող է դառնալ յոյսի աղբիւր մեզի և մեր շրջապատի մարդոց համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ