Լեւոն ԺԴ. կղերականներուն եւ կրօնաւորներուն. Հնազանդութիւնը գործադրել որպէս սիրոյ արտայայտութիւն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց «Մարիամի Ամենաթանկարժէք Արեան ընկերութեան Միսիոնարներ» եւ «Ֆրանչիսկեան Եղբայրներուն Անարատ Յղութեան Մարիաի Օրսոլինի» միաբանութեան անդամները ու այս առթիւ արտասանած պատգամը կեդրոնացնուց Նուիրեալ կեանքի վրայ, ընդգծելով երեք կարեւոր կէտեր.
Համայնքային կեանքը
Համայնքային կեանքը, սրբացումի վայրէ , ուր Սուրբ Հոգիին զօրութիւնը կը տարածուի բոլոր անդամներուն միջեւ, ուր անհատական պարգեւները կը բազմապատկուին ողջ համայնքի օգուտին համար։ Սա վկայութիւնը է, թէ ինչպէս բարութիւնը կ՝աճի եւ կը բազմապատկուի հաղորդութեան մէջ։
«Ձեր հաստատութիւններու վկայութիւնը հիանալի եւ բազմազան վկայութիւն է , որ կ՝արտացոլայ Աստուծոյ կողմէ հիմնադիրներուն եւ հիմնադրուհիներուն շնորհուած պարգեւներու բազմազանութիւնը, որոնք բաց ըլլալով Սուրբ Հոգիին ներգործութեան առջեւ, կարողացան մեկնաբանել ժամանակներուն նշաններ եւ լուսաւորուած ձեւով արձագանգել աստիճանաբար ի յայտ եկած կարիքներուն», ըսաւ Ան։
Հնազանդութիւնը որպէս սիրոյ արտայայտութիւն
Այս առումով Նորին Սրբութիւնը յարեց թէ յաճախ հնազանդութիւնը համարուած է հրաժարում։ Հնազանդութիւնը՝ սիրոյ մեծ արտայայտութիւն է։ Հնազանդութիւնը ուրիշները վեհանձնութեամբ լսել է, անձնուիրում է, ձեւ մը՝ ուրիշներուն աճելու հնարաւորութիւն տալու համար։ հնազանդութիւնը որպէս սիրոյ մէջ ազատութեան դպրոց մըն է որ կը սորվեցնէ զոհաբերութեան եւ հաւատարմութեան արժէքը, ըսաւ Սրբազան հայրը աւելցնելով որ «Յիսուս մեզի օրինակ տուաւ Հօր հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ։ «Ես ոչ թէ իմ կամքս կը փնտռեմ, այլ Անոր կամքը որ։ զիս ղրկեց։ (Յովհ 5,30)։ Այս առումով Սուրբ Օգոստինոսը ուժգին կը շեշտէ քրիստոնէական կեանքի մէջ հնազանդութեան եւ ճշմարիտ սիրոյ միջեւ սերտ կապը»։
Ուշադրութիւնը դարձնել ժամանակներուն նշաններուն
Լեւոն ԺԴ Պապը յորդորեց կրօնաւորները հետեւելու իրենց հիմնադիրներուն օրինակին, որոնք գիտցան ինչպէս մեկնաբանել իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն շօշափելի կարիքները եւ գործել համապատասխանաբար։ Հրաւիրեց չսահմանափակուելու անցեալի կարօտով, այլ ընկալեն « ոգեշնչումի կայծը», եւ զայն օգտագործեն այսօրուան մարդոց ծառայելու համար։
«Այս երրորդ կէտը, որուն վրայ ես կը փափաքիմ կեդրոնանալ, նշաններուն ուշադրութիւն դարձնելն է։ Առանց մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն իրականան կարիքներուն նկատմամբ այս բաց եւ ուշադիր հայեացքի, ձեր համայնքներէն ոչ մէկը երբեք պիտի չծնէր, ըսաւ Ան։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց ըսելով «Սիրելիներ գիտեմ, թէ որքան բարիք կ՝ընէք դուք ամէն օր աշխարհի այնքան շատ վայրերու մէջ, բարիք որ յաճախ անյայտ է մարդոց աչքերուն, բայց ոչ Աստուծոյ աչքերուն։ Ես շնորհակալ եմ ձեզի եւ իմ սիրտիս խորքէն կ՝օրհնեմ , խրախուսելով ձեզ շարունակելու ձեր առաքելութիւնը հաւատքով եւ առատաձեռնութեամբ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ