«Գեղեցկութեան հռչակողներ, խաղաղութեան միսիոներներ». Լեւոն ԺԴ.-ի ողջոյնը Ումպրիա նահանգի ուխտաւորներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ` 13 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ի շարս այլ հանդիպումներու եւ շնորհած ունկնդրութիւններու, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ հանդիպեցաւ Յոբելենական Սուրբ Տարուան առիթով իրենց ուխտագնացութիւնը կատարող Իտալիոյ Ումպրիա Նահանգի Թեմերէն ժամանած գրեթէ վեց հազար ուխտաւորներուն հետ, որոնք առաջնորդուած իրենց եպիսկոպոսներէն, ժողովրդապետներէն ու Նահանգի կրօնաւոր կրօնաւորուհիներէն, անցան Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի Սուրբ Դռնէն որպէս «ապաշխարութեան եւ նորոգութեան հոգեւոր ուղեւորութիւն»։
Սուրբ Դուռէն անցքը
«Դուք միասին քալեցիք ճանապարհի հատուած մը՝ աղօթելով և խորհրդածելով։ Դուք անցաք Սուրբ Դուռէն, որուն անցումը, ներողամտութեան մէջ, ձեզմէ իւրաքանչիւրի համար յատկանշեց նոր կեանքի սկիզբը եւ քիչ ետք պիտի մատուցէք պատարագը, որուն ընթացքին Տիրոջ պիտի ներկայացնէք այն ինչ որ էք եւ ինչ որ ունիք, միացած մէկ Մարմնի մէջ Սուրբ Հոգիի միջոցաւ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետը, այս առիթով ներկաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ, ապա ակնարկեց Ումպրիա Նահանգի գեղեցկութեան զայն որակելով «Իտալիոյ կանաչ սիրտը», «Արուեստի գանձարան՝ իր գիւղերով և աւանդոյթներով, սուրբերու հողատարածք»....
Ումրպիա նահանգի ներդաշնակ գեղեցկութիւնը
«Ձեզ այստեղ տեսնելը մտաբերել կու տայ Քրիստոսի Մարմինին գեղեցկութիւնը իր գունագեղ ներդաշնակութեամբ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով. «Ձեր հողերու համայնապատկերները կը յիշեցնեն այս մէկը, որտեղ ստեղծագործութիւնը կը միաձուլուի մարդու աշխատանքին հետ, իսկ արուեստն ու բնութիւնը՝ իրար հետ»։
Հոգեւոր գեղեցկութիւն
Ասկէ մեկնելով Ան խօսեցաւ նաեւ շրջանի հոգևոր գեղեցկութեան մասին. Տարածաշրջան մը` որ հարուստ է սուրբերով և Աւետարանի վկաներով, «որմէ ոգեշնչում քաղեց նաև անցեալ կիրակի սրբադասուած երիտասարդ սուրբը» ըսաւ Քահանայապետը կարեւոր նկատելով այդ մէկը, «որովհետեւ մեզի կը յիշեցնէ, որ գանձը զոր ընկալեցինք կը շարունակէ աճիլ» յարեց Ան եւ ակնարկեց Սուրբ Պօղոս Զ.ի խօսքերուն հրաւիրելով հաւատացեալները ճանչնալու և գնահատելու իրենց շրջապատող գեղեցկութիւնը, զայն արժեւորելու ու սիրելու եւ թոյլ տալու` որ ան իրենց խօսի Աստուծոյ մասին։
Լեւոն ԺԴ. խօսքը եզրափակեց յորդորելով Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդին մասնակցիլ` երախտագիտութեամբ, միացած, ուշադիր, զարմանքով եւ պատրաստ Խորանէն մեկնելու` որպէս սիրոյ եւ խաղաղութեան միսիոնարներ հուսկ բոլորին շնորհեց իր օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ