Լեւոն ԺԴ. Դուրս գանք բևեռացումներէն, կամուրջներ կառուցենք Եկեղեցւոյ և աշխարհի մէջ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Կամուրջներ կառուցել», այս է դերը զոր որպէս Քահանայապետ կ՛ուզէ որդեգրել Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթը եւ այս մէկը կ՛արտայայտէ երկար հարցազրոյցի մը մէջ, զոր Ան ունեցաւ Crux պարբերաթերթի լրագրողուհի Էլիզ Ան Ալլէնի հետ, հրատարակուած ««Լևոն ԺԴ՝ աշխարհի քաղաքացի, 21-րդ դարի միսիոնար» վերտառութեամբ այսօր լոյս տեսած հատորին մէջ։
Ան կը հրաւիրէ հեռու մնալ աշխարհի եւ Եկեղեցւոյ մէջ գոյութիւն ունեցող «բեւեռացումներէն», կը դատապարտէ Կազայի մէջ «ահաւոր» իրավիճակը, որուն դիմաց մենք «չենք կրնար լուր ու անզգայ ըլլալ», Ան ապա կը վստահեցնէ, որ չուզեր խառնուիլ ԱՄՆ-ի քաղաքական հարցերուն մէջ, բայց նաեւ թէ վախ չունի որոշ հրատապ հարցեր քննարկելու նախագահ Թրամփին հետ։
Ինչ կը հայի Չինաստանի մասին, Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ թէ ինք պիտի շարունակէ իր նախորդներուն քաղաքականութիւնը, ու Ֆրանչիսկոս Պապի հետքերուն վրայ ինք եւս յոյս ունի շարունակել կիներ նշանակել ղեկավարական պաշտօններու վրայ, միաժամանակ վերահաստատելով, որ մտադիր չէ փոխելու Եկեղեցւոյ Վարդապետութիւնը կանանց ձեռնադրութեան վերաբերեալ։ Նոյնը վաւեր է նաեւ ԼԳԲՏ+ անձանց համար. Ընկալում բոլորին բայց Եկեղեցւոյ ուսուցումը պիտի շարունակէ այնպէս ինչպէս որ է։ Խօսելով ապա Եկեղեցւոյ մէջ ոտնձգութիւններու հարցի մասին Լեւոն ԺԴ. կը հաստատէ, թէ այս մէկը իսկական տագնապ մըն է, որուն առնչութեամբ կը խնդրէ մօտիկութիւն հանդէպ զոհերուն յիշեցնելով նաեւ, որ դժբախտաբար շատ անգամ սուտ ամբաստանութիւններ եղած են։ Ակնարկելով հուսկ Սուրբ Աթոռի ֆինանսական տագնապի մասին Նորին Սրբութիւնը կը խնդրէ շարունակել բարեկարգումներու ճանապարհին վրայ
Քահանայապետին տուած այս առաջին հարցազրոյցի որոշ մասեր հրատարակուեցան անցեալ կիրակի օր Լեւոն ԺԴ. տարեդարձին օրը իսկ այսօր 18 սեպտեմբերին լոյս տեսաւ ամբողջական հատորը սպաներէն լեզուով «Penguin Perú» հրատարակչատան կողմէ։
Կազայի ողբերգութիւնը
Քահանայապետին ուղղուած առաջին հարցումներէն մին կը հայի Կազայի իրավիճակին. «Նոյնիսկ եթէ որոշ ճնշումներ կատարուեցան» Իսրայէլի վրայ եւ հակառակ Նախագահ Թրամփի որոշ յայտարարութիւններուն «Բնակչութեան տառապանքները մեղմացնելու համար յստակ արձագանք չկայ», - ընդգծեց Լևոն ԺԴ-ը այս մէկը «շատ մտահոգիչ» նկատելով ի տես այն պայմաններուն, որոնց մէջ կ՛ապրին բազմաթիւ մարդիկ որոնց շարքին բազմաթիւ մանուկներ։ Քահանայապետը կը մաղթէ, որ «անզգայ» չդառնանք այս իրականութեան դիմաց. «ահռելի է հեռուստակայանէն ականատէս ըլլալ որոշ պատկերներու, կարելի չէ այնքան մեծ ցաւ հանդուրժել»։
Ցեղասպանութիւն եզրը
Ինչ կը հայի Կազայի մէջ պատահածին վերաբերեալ «ցեղասպանութիւն» եզրի օգտագործումին, Նորին Սրբութիւնը նշեց` որ Սուրբ Աթոռը առ այժմ յարմար չի դատեր «պաշտօնական» յայտարարութիւն մը ընելու այդ ուղղութեամբ, բացատրելով, որ գոյութիւն ունի ցեղասպանութիւն հասկացութեան շատ տեխնիկական սահմանում։
Չինաստանի հետ կապերը
Այսօր աշխարհի մէջ կարեւոր դեր խաղացող Չինաստանի հետ կապերու մասին խօսելով Սրբազան Պապը կը վստահեցնէ, որ ինք պիտի շարունակէ «Սուրբ Աթոռի քաղաքականութիւնը» ու թէ ինք ժամանակէ ի վեր կապի մէջ է մի քանի Չինացի անձնաւորութիւններու հետ ու կը ջանայ հասկնալ թէ ինչպէս կարելի է «յստակ հասկացողութիւն մը ձեր բերել, որպէսզի Եկեղեցին կարողանայ շարունակել իր առաքելութիւնը, յարգելով ըլլայ տեղւոյն մշակոյթը եւ քաղաքական հարցերը»։
Ան խօսեցաւ նաեւ այն կաթողիկէներու մասին, որոնք երկար տարիներ ապրեցան «ճնշումի» տակ ու իրենց հաւատքը ազատօրէն ապրելու դժուարութեամբ»։
Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը
Լեւոն ԺԴ. Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութեան մասին խօսելով կը նշէ, որ ինք «միտք չունի միջամտելու երկրին քաղաքական հարցերուն մէջ» այս ծիրէն ներս տեղւոյն Եկեղեցւոյ Ղեկավարութեան վստահելով ԱՄՆ-ի նախագահին հետ կապերը. Թէեւ կ՜ընդգծէ Ան «ես ոչ մէկ խնդիր ունիմ Նախագահ Թրամփին հետ քննարկելու որոշ կարեւոր հարցեր»։
Թրամփը վերջերս Սպիտակ տան մէջ ընդունած էր Քահանայապետին եղբայրներէն մին` Լուիսը, որուն մասին ըսած էր «կարգին մարդ է»։ Եղբայրներէս մին հանդիպեցաւ Թրամփին հետ, եւ շատ բաց արտայայտուեցաւ իր քաղաքական հայեացքներու մասին», - ըսաւ Լեւոն Քահանայապետը որ իր այս եղբօր մասին կը խօսի նաեւ այլ մէկ հատուածին մէջ երբ նկարագրելով իր ընտանիքի հետ իր յարաբերութիւնները (բացի իր աւագ, նաև երկրորդ եղբօր՝ Ճոնի հետ), կը հաստատէ «Մենք դեռ շատ մտերիմ ենք, հակառակ, որ անոնցմէ մէկը քաղաքականապէս շատ հեռու է»։
Եկեղեցւոյ մէջ չարաշահումները
Հարցազրոյցին մէջ լայն տեղ կը գրաւէ նաեւ Եկեղեցւոյ մէջ ոտնձգութիւններու տագնապը, որ «տակաւին չէ լուծուած», եւ որուն առնչութեամբ Քահանայապետը «մեծ յարգանք» կը պահանջէ զոհերուն համար, որոնցմէ շատերը «այդ վէրքը կը կրեն իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին»։ Մէջբերելով վիճակագրական տուեալներ Նորին Սրբութիւնը կը նշէ` որ «չարաշահումի ենթակայ անձերէն ինիսուն տոկոսին մեղադրանքները վաւեր են։ Անոնք ոչ մէկ բան կը հնարեն», թէեւ, նկատել կու տայ Ան, «կան նաեւ պարագաներ` ուր այդ մեղադրանքները անհիմն էին», որոնց բերումով մի քանի քահանաներու կեանքը փճացաւ։ «Մեղադրանքները «չեն ոչնչացնէր անմեղութեան կանխավարկածը», - կ՛ընդգծէ Լևոն Պապը, «Հետևաբար, քահանաները նոյնպէս պէտք է պաշտպանուած ըլլան, կամ մեղադրեալը պէտք է պաշտպանուած ըլլայ, անոր իրաւունքները պէտք է յարգուին։ Բայց այս մէկը ըսելը եւս երբեմն աւելի մեծ տառապանքներ կը պատճառէ զոհերուն» կ՜աւելցնէ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով նաեւ, որ «Եկեղեցւոյ մէջ ներգրաւուած անձերուն մեծամասնութիւնը` քահանաներ, եպիսկոպոսներ, կրօնաւորներ, երբեք ոտնձգութիւններ չեն կատարած։ Հետևաբար, մենք չենք կարող ամբողջ Եկեղեցին կեդրոնացնել բացառապէս այս հարցին վրայ»։
ԼԳԲՏՔ+ մարդկանց ընդունումը եւ կիներուն դերը
Հարցազրոյցի մէջ Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ ԼԳԲՏՔ+ անձանց ընկալումի հարցին, բացատրելով, որ ինք չուզեր բեւեռացումներ ստեղծել Եկեղեցւոյ մէջ ու թէ իրեն համար եւս բոլոր մարդիկը, անկախ իրենց պատկանելիութենէն ու «յատուկ ինքնութենէն» Աստուծոյ զաւակներ են եւ որպէս այդ ընկալուած են Եկեղեցւոյ մէջ, բայց այս մէկը «չի նշանակեր, որ Եկեղեցւոյ Վարդապետութիւնը պիտի փոխուի» կ՛ ըսէ Սրբազան Պապը, նոյնը հաստատելով նաեւ ամուսնութեան խորհուրդի ու ընտանիքի մասին, որ «կազմուած է այր մարդէ եւ կինէ»։ Խօսելով ապա կիներու դերի մասին ու անոնց որոշ Ղեկավարական Պաշտօններու վրայ անուանումներու մասին, Լեւոն ԺԴ. կը հաստատէ թէ ինք պիտի քալէ իր Ֆրանչիսկոս Պապի հետքերուն վրայ։
Սուրբ Աթոռի տնտեսական տագնապը
Սուրբ Աթոռի տնտեսական հարցը եւս մաս կազմեց հարցազրոյցին, որուն առումով Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց որոշ տուեալներու ինչպէս APSA-ի 2024 պիւտճէի մէջ գրանցուած աւելի քան 60 միլիոն եւրոյի դրական արդիւնքին, ապա Քովիտի տագնապը, որ մեծ վնաս հասցուց Վատիկանի Թանգարաններու եկամուտին, ներդրումներու սխալ ընտրանքները ինչպէս Լոնտոնի պալատը, որուն բերումով Վատիկանը ֆինանսական մեծ կորուստ կրեց... Այս ուղղութեամբ Ան խօսեցաւ նաեւ «վճռական» այն քայլերու մասին, որ սկիզբ առին Ֆրանչիսկոս Պապին օրով, կամք արտայայտելով շարունակելու այդ ուղին։
Քուրիայի բարեկարգումները
Քուրիայի մէջ բարեփոխումներու վերաբերեալ Քահանայապետը կը մատնանշէ որոշ կարեւոր «որոշումներ» կայացնելու հարցի մասին, ինչպէս «իւրաքանչիւր վերատեսչութեան գործունութեան մեկուսացած եղանակի լուծարումը կամ բարեփոխումը»։ Տեսակ մը «մեկուսացած մտածելակերպ» որ հանգեցուցած է երկխօսութեան և հաղորդակցութեան բացակայութեան։ Այս մէկը երբեմն «մեծապէս սահմանափակած և վնասակար եղած է Եկեղեցւոյ կառավարման համար», ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը։
Կեղծ լուրեր և արհեստական բանականութիւն
Ժամանակակից աշխարհի մէջ գրեթէ սովորութիւն դարձած կեղծ լուրերու տարածումը ինչպէս նաեւ արհեստական բանականութեան հարցը եւս մաս կազմեցին Քահանայապետին «Crux» պարբերաթերթի լրագրողուհի Էլիզ Ան Ալլէնի հետ ունեցած հարցազրոյցին։
«fake news» երը կործանիչ են, կը հաստատէ Լեւոն ԺԴ. մինչ արհեստական բանականութեան մասին խօսելով կը նշէ` որ «այդ ասպարէզէն ներս ներդրումներ կատարողները ընդհանրապէս «մեծահարուստներ են» որոնք ամբողջութեամբ կ՛անտեսն մարդ անհատին արժէքը։
«Եկեղեցին պէտք է միջամտէ, որովհետեւ վտանգը կայ, որ «թուային աշխարհը քալէ ինքնագլուխ ճանապարհի մը վրայ» ու մենք բոլորս դառնանք «խաղաքարեր»։ Ան ապա այս առումով պատմեց մարդու մը մասին, որ թոյլտուութիւն խնդրած է ստեղծել «արհեստական» Քահանայապետ մը, որպէսզի իւրաքանչիւր անձ կարողանայ անձնական ունկնդրութիւն մը ունենալ։ «Ես ըսի. «Այդպիսի բան չեմ թոյլատրեր»։ Եթէ կայ մէկը, որ պէտք չէ «ավաթարով» ներկայացուի, այդ ալ Քահանայապետն է որ կը գտնուի ցուցակին գլուխը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ