Կառավարիչներուն կը կրկնեմ. Մտիկ ըրէք ձեր խղճի ձայնին. Լեւոն ԺԴ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 7 սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած` Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթիի եւ Քալօ Աքութիսի սրբադասման արարողութեան աւարտին եւ նախ քան նոյն վայրէն Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելը` Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ողջոյնի խօսք ուղղեց արարողութեան մասնակցող ութսուն հազարէ աւելի հաւատացեալներուն, որոնց շարքին նաեւ եպիսկոպոսներ, կղերականներ, պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամներ եւ պետական ներկայացուցիչներ։
Երկու նոր Երանելիներ
Քահանայապետը յիշեց երէկ` Էսթոնիայի մայրաքաղաք Դալլինի մէջ սրբադասուած Յիսուսեան արքեպիսկոպոս Էտուարդ Պրոֆիթլիխը, որ սպաննուեցաւ 1942 թուականին խորհրդային բռնապետութեան կողմէ եկեղեցւոյ նկատմամբ հալածանքներու ժամանակ ինչպէս նեաւ Հունգարիայի Վեշփրեմ քաղաքին մէջ սրբադասուած Մարիա Մագտոլնա Պոտին՝ երիտասարդ աշխարհական կին, որ սպաննուեցաւ 1945 թուականին իրեն բռնաբարել ցանկացող զինուորներուն դիմադրելու համար:
«Գոհութիւն յայտնենք Տիրոջ այս երկու նահատակներու՝ Աւետարանի գեղեցկութեան քաջարի վկաներուն համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբերու բարեխօսութեան յանձնեց նաեւ խաղաղութեան ի սպաս անսպառ աղօթքը, յատկապէս Սուրբ Երկրին եւ Ուքրանիոյ համար եւ իւրաքանչիւր երկրի մէջ, որ արիւնոտած է պատերազմով, յարեց Լեւոն ԺԴ. ապա կոչ ուղղեց կառավարիչներուն ըսելով. «Մտիկ ըրէք ձեր խղճի ձայնին։
Կոչ վասն խաղաղութեան
«Զէնքի միջոցով ձեռք բերուած թուացեալ յաղթանակները, որոնք մահ ու աւէր կը սերմանեն, իրականին մէջ պարտութիւններ են և երբեք խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն չեն բերեր։ Աստուած պատերազմ չուզեր։ Աստուած խաղաղութիւն կ՛ուզէ։ Աստուած թիկունք կը կանգնի անոր որ յանձնառու է դուրս գալու ատելութեան պարոյրէն ու քալելու երկխօսութեան ուղիին վրայ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը ու ողջոյնի խօսքը աւատելով արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն աւարտին ողջունելէ ետք պատկան իշխանութիւնները քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կատարեց Սուրբ Պետրոս հրապարակին ու Քոնչիլիացիոնէ Պողոտային, ուր ողջունեց եւ օրհնեց Փիեր Ճորճօ Ֆրասսաթիի եւ Քարլօ Աքութիսի սրբադասման արարողութեան առիթով Հռոմ ժամանած բազմահազար ուխտաւորները։
Պատարագէն առաջ ողջոյնի խօսք
Յայտնենք որ Սրբադասման պատարագէն առաջ եւս Նորին Սրբութիւնը իր սրտաբուխ ողջոյնը ուղղած էր բոլոր ներկաներուն նշելով` որ այս օրը «համայն Իտալիոյ, Եկեղեցւոյ ու աշխարհին համար շատ գեղեցիկ տօնախմբութիւն մըն է» ապա ողջունած էր ներկաները ու մասնաւորապէս երիտասարդները, անոնց հետ միասին գտնուիլը համարելով Տիրոջ Օրհնութիւն։
«Ասիկա հաւատքի իսկական շնորհք մըն է զոր կ՛ուզենք բաժնեկցիլ» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով, որ պատարագէն ետքը ինք շրջանը պիտի կատարէ հրապարակին ու պիտի ողջունէ ներկաները։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ողջունեց երկու Սուրբերուն ընտանեկան պարագաները, պատկան իշխանութիւնները, եպիսկոպոսներն ու քահանաները, կրօնաւոր կրօնաւորուհիները ու Ազիոնէ Քաթթոլիքայի անդամները։
«Կը պատրաստուինք ըսաւ Ան այս ծիսական արարողութեան աղօթքով....Եւ բոլորս մեր սրտերուն մէջ կը զգանք այն նոյն բանը որ Փիեր Ճորճոն եւ Քարլոն զգացին՝ սէրը Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ, յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան մԷջ, բայց նաև աղքատներու, մեր եղբայրներու և քոյրերու մէջ։ Դուք բոլորդ, մենք բոլորս կոչուած ենք սուրբեր դառնալու։ Աստուած օրհնէ ձեզ։ Շնորհաւոր տօն։ Շնորհակալութիւն այստեղ ձեր գտնուելուն համար» ըսած էր Լեւոն ԺԴ. նախ քան պատարագը սկսիլը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ