Նոր նահատակները Աւետարանի անզէն յոյսն են. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոս Քահանայապետական Պազիլիքայէն ներս Կիրակի` 14 սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը, Խաչվերացի տօնին օրը, նախագահեց 21-րդ դարու նահատակներու և հաւատքի վկաներու յիշատակումի արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին այլ քրիստոնեայ եկեղեցիներու և համայնքներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին էին նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները` յանձինս` Էջմիածնի Մայր Աթոռէն Գերաշնորհ Խաժակ Արք. Պարսամեանի. Սուրբ Աթոռի մօտ Էջմիածնի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ, եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն, Կիպրոսի Հայոց Թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ` Գերաշնորհ Տէր Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս Օհանեանի։
Երանի անոնց որոնք պիտի հալածուին
Արարողութեան ընթացքին կարդացուեցաւ Երանութիւններու Աւետարանը և յիշատակուեցկան որոշ նահատակներու խորհրդանշական անուններ, ինչպիսիք են քոյր Լեոնելլա Զկորպաթին, որ սպաննուեցաւ Սոմալիայի մէջ 2006 թուականին, և աւետարանական քրիստոնեաներու խումբ մը, որոնք սպաննուեցան 2019 թուականին Պուրքինա Ֆազոյի մէջ։
Յոյսի Յոբելեանի մաս կամող արարողութիւն` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի հետքերով
Սոյն արարողութիւնը, որ մաս կը կազմէ Յոյսին նուիրուած Յոբելենական Սուրբ տարուան, ներշնչում կը քաղէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի կամքով 2000 Յոբելեանի ընթացքին կազմակերպուած արարողութենէն, որուն հետեւանքով ստեղծուեցաւ Ի դարու նոր մարտիրոսներու յուշահամալիրը` Հռոմի թեւերէ գետի Թիպերինա թերակղզիին վրայ կառուցուած Սուրբ Բարթողոմէոսի անուան պազիլիքային մէջ, ուր պահպանուած է նաեւ մօտ օրէն Սուրբ հռչակուելիք Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի մասունքներէն մին։ Արդարեւ 25 տարիներ առաջ եւս Լեհ Քահանայապետը, Յոբելենական Տարուան ծիրէն ներս, ուզած էր համամիութենական արարողութիւն մը` յարգելու համար Ի դարու հաւատքին վկաները։
Հայերէն աղօթքը
Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի անուան պազիլիքային մէջ կատարուած ԻԱ դարու նահատակներուն նուիրուած յիշատակի արարողութեան ընթացքին կատարուեցան նաեւ տարբեր լեզուներով աղօթքներ, որոնց շարքին հայերէն հետեւեալ աղօթքը զոր ընթերցեց Խաժակ Արք. Պարսամեանը. «Աղօթենք` անարդար բռնատիրութիւններու կողմէ ճնշուած քրիստոնեայ համայնքներուն համար, որպէսզի մեր աղօթքներն ու գործնական զօրակցութիւնը կարողանան աջակցիլ և պաշտպանել զանոնք»։ Ապա Կոմիտաս Սրբազանը ֆրանսերէն լեզուով կարդացած աղօթքի դիտաւորութեան աւարտին հայերէնով աւելցուց. «Տէր խաղաղութիւն պարգեւէ Հայաստան աշխարհին»։
Սրբազան Պապին քարոզը
Այս առիթով իր արտասանած քարոզին մէջ Լեւոն ԺԴ ակնարկեց այն լռելեան բայց զօրեղ վկայութեան մասին` որով բազմաթիւ մարդիկ եւ կիներ, այսօր եւս իրենց կեանքով կը վճարեն Աւետարանի նկատմամբ հաւատաւորութիւնը։
«Իր խաչով Յիսուս մեզ ցոյց տուաւ Աստուծոյ իրական դէմքը, մարդկութեան հանդէպ Անոր անսահման կարեկցանքը,Ան Իր վրայ վերցուց աշխարհի ատելութիւնն ու բռնութիւնը՝ կիսելու ճակատագիրն անոնց, որոնք նուաստացած և ճնշուած են. «Ան կրեց մեր ցաւերը և կրեց մեր վիշտերը» (Եսայի 53։4), յարեց Նորին Սրբութիւնը յիշելով բազմաթիւ քրիստոնեաները որոնք այսօր եւս կ՜ապրդին դժուարին իրավիճակներու մէջ և թշնամական պայմաններու մէջ, եւ իրենց հաւատքի վկայութեան շնորհիւ, կը կրեն Տիրոջ նոյն խաչը» եւ ասկէ մեկնակով յիշեց Յիսուսին Խօսքերը, «Երանի՜ անոնց, որոնք պիտի հալածուին արդարութեան համար, որովհետև անոնցն է երկնքի արքայութիւնը: Երանի՜ ձեզի, երբ ձեզ նախատեն և հալածեն և սուտ կերպով ամէն տեսակ չար բան ըսեն ձեր դէմ՝ իմ պատճառով» (Մատթէոս 5:10-11):
Մարտիրոսութիւնը չի պատկանիր անցեալին
Ան ապա ի միջի այլոց ընդգծեց որ «մարտիրոսութիւնը չի պատկանիր անցեալին»։ «Քրիստոնեաներու հալածանքները կը շարունակուին նաեւ այսօր, և աշխարհի որոշ մասերուն մէջ անոնք նոյնիսկ աւելացած են» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.ը եւ աւելցուց «այնուամենայնիւ անոնց յոյսը լի է անմահութեամբ» և կը մնայ «նոր քրիստոնեաներու սերմ»։
«Աշխարհիկ չափանիշներով անոնք «պարտուած են»: Իրականութեան մէջ սակայն, ինչպէս մեզի կ՛ըսէ Իմաստութեան Գիրքը. «Նոյնիսկ եթէ անոնք պատժուին մարդոց աչքերուն առջեւ, անոնց յոյսը կը մնայ լի անմահութեամբ» (Իմաստութիւն 3:4):
Պահպանել բոլոր մարտիրոսներուն յիշատակը
Մատնանշելով հուսկ Յոբելենական Տարուան, Սրբազան Պապը վերահաստատեց Եկեղեցւոյ յանձնառումը` պահպանելու բոլոր քրիստոնեայ աւանդութիւններուն պատկան մարտիրոսներուն յիշատակը, «արեան համամիութենականութեան» ոգիի միջոցաւ, որ կը միացնէ հակառակ բոլոր տարբերութիւններուն։ «Մենք չենք կարող, մենք չենք ուզեր մոռնալ։ Մենք կ՛ ուզենք յիշել» այն վստահութեամբ, որ ինչպէս առաջին դարերուն, նոյնպէս երրորդ հազարամեակին մէջ «նահատակներու արիւնը նոր քրիստոնեաներու սերմն է»։
Աշխարհը դարձնել աւելի լաւ վայր մը
«Այո՛, անոնց յոյսը անզէն է։ Անոնք վկայեցին իրենց հաւատքը՝ առանց երբևէ ուժի և բռնութեան զէնքեր օգտագործելու, այլ ընդունելով Աւետարանի թոյլ եւ նուրբ ուժը ըսաւ Սրբազան Պապը յիշելով անոնց միջեւ որոշ տիպարներ` ինչպէս Քոյր Տորոթի Սթանկը, Իրաքցի Հայր Ռաղըտ Կաննին ու Եղբայր Ֆրանսիս Թոֆին։
Ան ապա քարոզը աւարտեց յիշելով Փաքիստանի մէջ ահաբեկչական արարքի զոհ փոքրիկն Ապիշ Մասիհը, որ իր տետրակին մէջ գրած էր «Making the world a better place» - աշխարհը դարձնել աւելի լաւ վայր մը։ «Անոր երազը, ըսաւ Սրբազան Պապը, մեզ կը խրախուսէ ըլլալու քաջարի վկաները հաւատքի մը` որ կը կառուցէ աւելի մարդկային եւ եղբայրական աշխարհ մը»։
Քահանապետին ողջոյնը եւ տարեդարձի նշումը
Սուրբ Պօղոս տաճարին մէջ 21-րդ դարու նահատակներու և հաւատքի վկաներու յիշատակի արարողութեան աւարտին, Սրբազան Պապը ողջունեց միւս քրիստոնեայ եկեղեցիներու և համայնքներու ներկայացուցիչները ապա հանդիպեցաւ նաեւ «Փինաքոէեքա» դահլիճին մէջ ներկայ կարդինալներուն և այլ բարձրաստիճան անձանց հետ, ուր Կարդինալական Դասի աւագերէց Կարդինալ Ճովաննի Պաթթիսա Ռէ, յանուն ներկաներուն շնորհաւորեց Քահանայապետին ծննդեան տարեդարձը։
Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Ծիրանաւորին ընդգծելով Խաչի վերացման տօնի զուգադիպութիւնը. «Իմ կոչման սկզբէն ի վեր, միշտ պատասխանած եմ, «ոչ թէ իմ կամքս, այլ քու կամքդ, Տէ՛ր»։ Ան ապա ուրախութիւն արտայայտեց, որ այս օրը կը նշէ համամիութենական տօնակատարութեամբ ու հրաւիրեց շարունակել միասին՝ քալել որպէս «միութեան, բարեսիրութեան և յոյսի վկաներ»։
Ապա կարճ բաժակաճառէ մը ետք, կարկանդակի բեկանումի և ներկաներուն կողմէ ծննդեան օրուայ նուիրուած երգէն յետոյ, Սրբազան Քահանայապետը լքեց պազիլիքան՝ կանգ առնելով դուրսը գտնուող ամբոխը ողջունելու համար, նախքան Վատիկան վերադառնալը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ