Մենք ալ սորվինք սիրել Յիսուսին նման եւ նուիրուիլ մէկը միւսին. Լեւոն ԺԴ.
Ռոպէր Աթթարեան , Վատիկան
«Այսօր Եկեղեցին կը յիշատակէ Խաչվերացի տօնը, որով կը յիշատակուի Սրբուհի Հեղինէի կողմէ Խաչի փայտին յայտնաբերումը Երուսաղէմի մէջ, չորրորդ դարուն, ու այս թանկարժէք մասունքին վերադարձը Սուրբ Երկրին, Էրաքլիոս Կայսրի հրամանով». Այս խօսքերով է որ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը սկսաւ 14 սեպտեմբերի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը, յիշելով Խաչի երեւման տօնը եւ բացատրելու համար թէ ի՞նչ կը նշանակէ մեզի այսօր այս տօնը կատարելը մեկնաբանեց օրուան աւետարանի հատուածը որ քաղուած էր Յովհաննէս Աւետարանիչէն ու կը խօսի հրեայ Նիկոդեմոսի գիշերանց Յիսուսին հետ հանդիպումի մասին։
Մարդուն Որդին պէտք է բարձրանայ
«Ան պէտքը ունի լոյսի, առաջնորդի, կը փնտռէ Աստուած եւ օգնութիւն կը հայցէ Նազարէթի Վարդապետէն, որովհետեւ անոր մէջ կը ճանչնայ մարգարէ մը, մարդ` որ արտակարգ նշաններ կը կատարէ» ըսաւ Քահանայապետը եւ ակնարկեց թէ ինչպէս անոնց միջեւ տեղի ունեցած զրցոյցի ընթացքին Յիսուս կը յայտնէ որ Մարդու Որդին պէտք է բարձրանայ, «Որպէս զի ամէն ոք որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ» եւ աւելցուց «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին պարգեւեց որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։
«Նիկոդեմոսը գուցէ այդ պահուն չհասկցաւ այս խօսքերուն իմաստը բայց խաչելութեան պահուն ան հաւանաբար հասկցաւ` որ Աստուած մարդիկը փրկելու համար դարձաւ մարդ եւ մեռաւ Խաչին վրայ» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Սուրբ Խաչը նշան Աստուծոյ սիրոյն
«Աստուած մեզ փրկեց՝ ինքզինք ցոյց տալով մեզի, ինքզինք առաջարկելով որպէս մեր ուղեկիցը, ուսուցիչը, բուժողը, ընկերը, նոյնիսկ մեզի համար դառնալով Սուրբ Հաղորդութեան ժամանակ բեկանուած հաց։ Եւ այս գործը իրականացնելու համար Ան օգտագործեց մարդուն յօրինած մահուան ամենադաժան գործիքներէն մին` խաչը» յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով, որ Սուրբ Խաչը նշանն է Աստուծոյ արմատական սիրոյն։
Խաչը կեանքի գործիք
Այս պատճառով է, որ այսօր մենք կը նշենք անոր «բարձրացումը». այն անսահման սիրոյն համար, որով Աստուած, խաչը կրելով մեր փրկութեան համար, զայն մահուան միջոցէ վերածեց կեանքի գործիքի՝ մեզի սորվեցնելով, որ ոչ մէկ բան կարող մեզ բաժանել Անորմէ (տե՛ս Հռոմէացիներ 8։35-39) ու թէ Անոր սէրը աւելի մեծ է, քան մեր մեղքը (տե՛ս Ֆրանչիսկոս, 30 մարտի 2016 խորհրդածութիւն):
«Խնդրենք ուրեմն Մարիամի բարեխօսութեամբ, Մայրը, որ ներկայ էր իր Որդիի կողքին Գողգոթային վրայ, որպէսզի մեր մէջ եւս արմատանայ եւ աճի անոր փրկարար սէրը ու մենք եւս գիտնանք նուիրուիլ մէկը միւսին, ինչպէս Ան ամէն բան նուիրեց բոլորիս համար» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խորհրդածութիւնը ու սկիզբ տալով Մարեմեան աղօթքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ