Մէկ միլիոն երիտասարդներ մասնակցեցան Երիտասարդներու Յոբելեանի եզրափակիչ արարողութիւններուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մէկ միլիոն. Այսքան է թիւը, ըստ կազմակերպիչներուն, այն երիտասարդներուն որոնք Երիտասարդներու Յոբելեանի առիթով Հռոմ ժամանած ու ներխուժած են Թոր Վերկաթայի տարածք, գրաւելով այդ տարածքի իւրաքանչիւր անկիւն, ու զայն զարդարելով իրենց ներկայութեամբ, ուրախութեամբ, խանդավառութեամբ, դրօշներով, յոյսերով եւ ապագայի երազներով։
Մէկ միլիոն. Այս է թիւը այն երիտասարդներուն որոնք երէկ` Շաբաթ 2 օգոստոսի երեկոյեան մասնակցեցան այդ տարածքին վրայ կայացած երիտասարդներու Յոբելեանի ծիրէն ներս նախատեսուած Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին գլխաւորած աղօթքի հսկումին, որմէ առաջ անոնց համար պատրաստուած էր գեղեցիկ գեղարուեստական յայտագիր մը մասնակցութեամբ մի քանի արուեստագէտներու, որոնք ոգեւորեցին զանոնք կէսօրէն ետքը ժամը երեքէն սկսեալ մինչեւ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Քահանայապետին ժամանումը, ինքնաթիռով, ապա «փափամոպիլէով» Քահանայապետական սպիտակ բացօթեայ ինքնաշարժը, որով Նորին Սրբութիւնը շրջանը կատարեց տարածքին ու ողջունեց երիտասարդներու հոյլը ապա վար իջնելով ինքնաշարժէն դէպի կեդրոնական խորան տանող վերջին հատուածը կտրեց քալելով, ձեռքը բռնած Յոբելենական Խաչը ու իր շուրջ ունենալով բոլոր ազգութիւնները, երկիները, լեզուներն ու մշակոյթները ներկայացնող 200-ի մօտ երիտասարդներ։
Այո մէկ միլիոն. Այս է թիւը Յոյսին նուիրուած տարուայ ծիրէն ներս Երիտասարդներու Յոբելեանի մասնակցողներուն` որոնք երեք երեկոյեան լռութեամբ ունկնդրեցին Սրբազան Պապին իրենց փոխանցած յորդորները հայող բարեկամութեան, ընտրելու քաջութեան ու լռութեան արժէքին։ Եւ միշտ նոյն այդ մէկ միլիոն երիտասարդները որ հսկումէն ետքը իրենց պատասխանատուներու հետ միասին գիշերեցին այնտեղ նոյն վայրին մէջ, այսօր առաւօտեան արշալոյսին դարձեալ ընկալեցին Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը Քահանայապետը որ վերադարձաւ առաւօտեան կանուխ ժամը 7,30-ի ժամանակները, մատուցելու համար երիտասարդներու յոբելենական ամենամեծ հաւաքներէն մին համարուող եզրափակիչ պատարագը։
Հազիւ Ինքնաթիռէն իջած Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ իտալական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու կողմէ հուսկ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով շրջանը կատարեց տարածքին ողջունելով ներկաները ու իր օրհնութիւնը տալով անոնց, մինչ զինք կը դիմաւորէին իրենց ուրախութեան ծափողջոյններով ու երգերով։
25 տարիներ առաջ այս նոյն տարածքը ականատեսը եղած էր այլ կարեւոր ու դարաշրջանային հաւաքի մը` Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրուան զոր այդ ժամանակ նախագահած էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Որուն մասնակցած էին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն երիտասարդներ, որոնք այժմ աւելի նուազ երիտասարդ են բայց իրենց սրտին ու մտքին մէջ կը կրեն այդ անմոռանալի պահերը։ Քսան հինգ տարի անցած է այդ օրէն, շատ բաներ փոխուած են, փոխուած է դարաշրջանը, փոխուած են ներկաները, փոխուած է նոյնիսկ Քահանայապետը, բայց այդ աղմկարար խանդավառութիւնը որ յատկանշած էր 2000 թուականի երեկոն կարծես կը շարունակուի, հակառակ ամէն բանի, հակառակ աշխարհի մէջ տիրող խառնաշփոթութիւններուն, պատերազմներուն, անկարգութիւններուն, տագնապներուն, այո երիտասարդներու այդ աղմկարար խանդավառութիւնը կը շարունակուի, եւ կարծես աշխարհին կ՛ուզէ ըսել մենք ենք ապագան, կանգ առէք, թոյլ տուէք որ մենք կերտենք զայն, մեր երազներով, մեր իղձերով, մեր սիրոյ եւ եղբայրութեան փափաքներով, մի խլէք մեզմէ յոյսը, ապրինք խաղաղ, ապրինք միասին, առանց պատնէշներու, առանց տարբերութեան արգելքներու, ինչպէս ըրինք մենք այս օրերուն, որ հակառակ մեր տարբեր լեզուներու, մշակոյթներու, մորթի գոյնին ու ցեղային պատկանելիութեան, ահա միացած են նոյն լոյսին տակ, Քրիստոսի Խաչին տակ, միաբերան երգով մը, անխափան յոյսին երգը, յոյսը որ հիասթափ չի թողուր, յոյս որ կու գայ Անորմէ որ յաղթեց մահն ու չարը ու մեզի բացաւ փրկութեան ճանապարհը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ